ԳՆԱԼԸԻ ԼՈՂԱՒԱԶԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի լողաւազանի համալիրէն ներս, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ: Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանն ալ մասնակցեցաւ՝ աւանդական բնոյթով այս ընթրիքին, որու հիւրընկալն էր Գնալը կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբի նախագահ Էմրէ Պութչքին:
Նկատի ունենալով, որ կղզիներու վրայ կը ցոլանայ Թուրքիոյ հասարակութեան զանազանութիւնը՝ աւանդական այս ընթրիքները ամէն տարի կ՚որոկուին՝ որպէս բարեկամութեան երեկոյթներ:
Բացի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ, զանազան կրօններու եւ դաւանանքներու հոգեւոր առաջնորդներ, կղզիներու համար նշանակուած բարձրաստիճան դիւանակալներ, փոքրամասնական զանազան հաւաքականութիւններու աշխարհական գործիչներ, ընտրեալ վարիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին: Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լատէն Աճարլըի: Ելոյթով մը հանդէս եկաւ Էմրէ Պութչքին, որ նշեց, թէ կղզիներու վրայ դարերէ ի վեր զանազան հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներ համակեցութեան մէջ կը գտնուինք: «Մենք այստեղ երջանիկ ենք եւ կ՚ուզենք, որ այս գեղեցիկ ապրելակերպը շարունակուի դարերու տեւողութեան», ըսաւ ան:
Երեկոյթի յատկանշական պահերէն մին էր՝ զանազան կրօններու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ արտասանուած ճաշի աղօթքը: Անոնք, միեւնոյն ժամանակ, հանդէս եկան հակիրճ ելոյթներով, որոնց ընթացքին հասարակաց մաղթանքն էր՝ կղզիներու վրայ անկեղծ բարեկամութեան տեւականացումը: Բոլորն ալ ընդգծեցին կղզիներու կենցաղի առանձնայատուկ երեսակները՝ մանաւանդ, որ տարբեր կրօններու եւ դաւանանքներու, նաեւ մշակոյթներու համակեցութիւնը զգալի է այնտեղ:
Իր կարգին, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլն ալ ունեցաւ ելոյթ մը, որով եզրափակուեցաւ ձեռնարկը: Կուսակալը եւս համակեցութեան դրական պատգամներ տուաւ իր խօսքին մէջ՝ միշտ խրախուսելով միասնականութիւնը:
Բարեկամութեան այս ընթրիքի արձակման փուլին բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ՝ միշտ գերադասելով կղզիներու վրայ համակեցութեան եւ հաւաքական զօրակցութեան բարձր նշանակութիւնը: