ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ «ԽԱՂՊԱՐ»Ը
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է վերջին տարիներուն: Այս ծիրէն ներս զանազան հոգեւոր եւ մշակութային ծրագրեր կեանքի կը կոչուին՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի:
Երէկ, այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Խաղպար» անուանեալ մանկանց աշխատութիւնը: Անցեալ շաբաթներուն ամէն երկուշաբթի խումբ մը փոքրիկներ կղզիի բարրձունքին պարի աշխատանոցին մասնակցեցան՝ գլխաւորութեամբ Թաթիանա Տեմիրի եւ Այլին Քէշիշօղլուի: Անոնք այդ աշխատանքին արդիւնքը ներկայացուցին՝ շաբաթավերջի տաղաւարին ընդառաջ: Ձեռնարկէն վերջ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան բոլոր փոքրիկները առարկայ դարձուց հայրական ջերմ վերաբերմունքի եւ բարձր գնահատանքի:
Բաց աստի, երեկոյեան ժամերուն ալ, եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ այս անգամ չափահասներու ուղղեալ պարի աշխատանոց մը, որու մասնակիցներուն տրամադրութիւնը իսկապէս բարձր էր՝ մանաւանդ, որ անոնք կը պատրաստուին շաբաթավերջի տօնակատարութիւններուն։