«ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՁԱՅՆԻՆ ԿՇԻՌԸ ԲԱՐՁՐ Է»
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Սթոքէրը: Անգարա-Վիեննա առանցքին վրայ այս առթիւ ամենաբարձ մակարդակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան. շօշափուեցան նաեւ Եւորապական Միութեան վերաբերեալ խնդիրներ: Թուրքիա եւ Աւստրիա այս փուլին կը ձգտին զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը: Քրիստիան Սթոքէր յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքը դիտարկելու ժամանակ տեսանելի կը դառնայ Թուրքիոյ կողմէ բարձրացուած ձայնին կշիռը: Պեշթեփէի համալիրէն ներս ծաւալուած քննարկումներուն ժամանակ, Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին խնդիրներն ալ ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան:
Ղեկավարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ վիզաներու ազատականացումը բոլորին տեսակէտէ նպաստաւոր է։ «Ես Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու վերաբերեալ մեր տեսակէտներն ու ակնկալութիւնները յանձնած եմ վարչապետի նկատառման: Մաքսային միութեան համաձայնութեան արդիկանացումն ու վիզաներու ազատականացման երկխօսութիւնը Եւրոպական Միութեան կողմէ կ՚ենթադրէ այնպիսի քայլեր, որոնք մեր բոլորին տեսակէտէ նպաստաւոր կրնան ըլլալ», ըսաւ Էրտողան, որ մաղթեց, թէ Թուրքիա-Աւստրիոյ յարաբերութիւններու դրական թափը ըլլայ մշտական:
Իր կարգին, Սթոքէրն ալ նշեց, որ Եւրոմիութիւնը պէտք չէ կրկնէ՝ անցեալի սխալները: Իր խօսքով՝ Ուքրայնայի վրայ Ռուսաստանի յարձակումը պէտք է դադրի եւ այս նիւթին կապակցութեամբ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ջանքերը գնահատանքով կ՚ընկալուին Աւստրիոյ կողմէ: