ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ԱՆՈՒՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է, վերջերս դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Ուրուկուայի մայրաքաղաքին մէջ: 

«Մականունէն անդին. հայ ըլլալը համաշխարհայնացած սփիւռքի մէջ» խորագրեալ այս ձեռնարկը կազմակերպըւած էր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի տեղւոյն դեսպանութենէն Գոհար Մինասեան:  Հնչակեան կուսակցութեան Մոնթէվիտէոյի կերդոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց Ուրուկուայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, զանազան եկեղեցիներէ հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային բարենպատական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ եւ հետաքրքրիրներ: 

Ճէպէճեան ելոյթի ընթացքին կեդրոնացաւ  այն հիմնական հարցին վրայ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ՝ ազգանունի ժառանգութենէն անդին։ Ան ներկայացուց այն գաղափարը, թէ ազգային ինքնութիւնը միայն պատմական կամ ընտանեկան ժառանգութիւն չէ, այլեւ կենդանի, շարունակական եւ վերանորոգ իրականութիւն մը, որ կը դրսեւորուի հաւատքով, լեզուով, մշակոյթով, ազգային արժէքներով, ծառայութեամբ եւ ապագայ սերունդներուն հանդէպ պատասխանատուութեամբ։ Ճէպէճեանի խօսքով՝ համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններուն մէջ սփիւռքահայութիւնը կոչուած է ո՛չ միայն պահպանելու իր պատմական յիշողութիւնը, այլեւ կերտելու կենսունակ ինքնութիւն մը, որ միաժամանակ, հաւատարիմ կը մնայ հայկական արմատներուն եւ կը նպաստէ այն հասարակութեան, որուն մէջ կ՚ապրի։ 

Ելոյթին յաջորդեց հարցում-պատասխանի հետաքրքրական բաժին մը, որու ընթացքին մասնակիցները ներկայացուցին իրենց դիտարկումները եւ քննարկեցին Ուրուկուայի հայկական համայնքի առանցքով՝ ինքնութեան, սերունդներու շարունակականութեան եւ ազգային կեանքի մարտահրաւէրները։ Քննարկումները վերահաստատեցին, որ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր հարթակներ են՝ համատեղ մտքերու խմորման, փորձառութիւններու փոխանակման եւ համայնքային կեանքի աշխուժացման համար։ 

Այս ձեռնարկի կազմակերպման համար մասնաւոր գնահատանքի առարկայ դարձաւ Հնչակեան կուսակցութեան վարիչ մարմնի ատենադպիր Տիէկօ Գարամանուկեան:  Հաւաքոյթի ընթացքին հայերէնէ սպաներէն թարգմանութիւն կատարեց բանասէր Յովհանննես Պոտուքեան:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2026