ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Երէկ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած առկայ տագնապալի վիճակին շուրջ: Ստորեւ կը հրատարակենք Գումգաբուէն հրապարակուած յայտարարութիւնը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց անդամներու դատարանի առջեւ կանգնեցման կապակցութեամբ: 

*

Ծանօթ իրողութիւն է, որ վերջին շրջանին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ որդեգրուած ժխտական դիրքաւորումը խոր ցաւ եւ վիրաւորանք յառաջացուցած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մէջ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դարեր շարունակ եղած է մեր ժողովուրդի հաւատքի լուսաբեւեռը եւ ազգային ու հոգեւոր միութեան ամուր սիւնը։ Հայաստանեայց Եկեղեցին, իր ամբողջ նուիրապետութեամբ՝ ի գլուխ ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն եւ Վեհափառ Հայրապետը, կը շարունակէ իր քրիստոսաւանդ, ազգանուէր եւ ազգաշէն առաքելութիւնը։

Այս առումով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ եկեղեցւոյ սրբազան եպիսկոպոսներուն դէմ դատական գործընթացներու դիմելը եւ զանոնք քրէական յանցագործութեան ամբաստանութիւններով աշխարհիկ ատեաններու առջեւ կանչելը՝ խորապէս կը վիրաւորէ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական արժանապատուութիւնը։ Այս ցաւը աւելի կը խորանայ, երբ անտեսուած կը թուին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ եկեղեցւոյ առաքելութեան տրուած երաշխիքներն ու մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները։

Սփիւռքի մէջ եւս Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ առանցքային դեր ունենալ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային կեանքին մէջ։ Հետեւաբար, Մայր Աթոռի հեղինակութիւնը տկարացնելու կամ անոր անձեռնմխելիութիւնը վիրաւորելու միտուած որեւէ քայլ կը վնասէ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ դարերով ամրացած կապերը։

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ մեր ժողովուրդի պետականութենէ զրկուած ժամանակներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եղած է անոր անխորտակելի սիւներէն մէկը։ Ան ներքին նուիրապետութեամբ կանոնաւորած է ու կը շարունակէ կանոնաւորել Ս. Աւետարանի քարոզութիւնը, հոգեւոր ծառայութիւնը, մխիթարական, բարեգործական եւ ազգային առաքելութիւնները։ Ուստի, եկեղեցւոյ վերաբերեալ հարցերու մասին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ եկեղեցական նուիրապետութեան բարձրացուցած ձայնին մէջ յանցագործութիւն որոնելը անտեղի եւ վիրաւորական կը նկատենք։

Այս գործընթացները կը վիրաւորեն ո՛չ միայն Մայր Աթոռի միաբանութիւնը, այլեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական ա-թոռները, հոգեւորականութիւնը եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, որոնք մեր օրերուն պէտք է մնան զօրաւոր՝ վկայելու համար Քրիստոսի սի-րոյ եւ եղբայրութեան մասին։

Այսու, որպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռ՝ կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ սրբազան եպիսկոպոսներուն։ Կը յորդորենք բոլոր պատասխանատուներուն՝ անխոցելի պահել Հայ Եկեղեցին եւ եկեղեցական պաշտօնական մարմիններու որոշումները չվերածել աշխարհիկ դատական հակամարտութիւններու։

Մենք կը հաւատանք Սուրբ Գիրքի խօսքին. «Ես Տիրոջ պիտի յուսամ… նոյնիսկ եթէ խաւարի մէջ մնամ՝ Տէրն է իմ լոյսս» (Միքիա 7.7-8)։ Այս հաւատքով կը վստահինք, թէ Աստուած պիտի հպի սրտերուն եւ Իր զօրութեամբ եկեղեցւոյ նաւը պիտի առաջնորդէ խաղաղութեան նաւահանգիստը։

Մեր սրտագին աղօթքը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին (ԳՀԽ), նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն, ողջ հոգեւոր դասուն, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնատարներուն համար։ Թող Տէրը բոլորին իմաստութիւն պարգեւէ, զօրացնէ իր Սուրբ Եկեղեցին եւ խաղաղութիւն շնորհէ մերազն ժողովուրդին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2026