ՔԱ՜ՂՑՐ Է ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒՄԸ

«Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 39). (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), եւ ասիկա՝ սկզբունքի մը համեմատ եւ համակարգի մը փորձառութեամբ սովորաբար կը գործադրեն. «Չկա՛յ աւելի մեծ սէր քան թէ իր կեանքը տալ բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 13)։ Մինչ ծնողներու սէրը աւելի ընդոծին զօրաւոր զգացում մըն է, քան՝ ստացական։ Բարեգթութիւնը եւ ներումը եւս սիրոյ արդիւնքներն են։ Ընտանիքին ենթահողն է սէ՛րը։ Այս մասին՝ յատկանշական տեսարան մըն է «շնացող կինը»՝ որ Երուսաղէմի տաճարի սեմին ամբաստանողներէն շրջապատուած եւ ապա Յիսուսին դիմաց առաձին մնացած էր, զոր Յիսուս չի՛ դատապարտեր, այլ աւելի արժանաւոր կեանքի մը կը հրաւիրէ զինք. (ՅՈՎՀ. Ը 1-11)։

Քրիստոնեայ ամուսնութեան եւ ընտանիքի փորձառութեան մէջ կեդրոնական տեղ գրաւող սիրոյ հեռանարէն զատ, ուրիշ առաքինութիւն մըն ալ կը բնորոշուի, որ սակայն քիչ մը մոռցուած է. անիկա՝ ներկայ ժամանակաշրջանիս ծայրայեղական եւ մակերեսային յարաբերութիւններու մէջ, քաղցրու-թի՛ւնն է։ 

Առ այս՝ դիմե՛նք քաղցր եւ անուշ 131-րդ Սաղմոսին. «Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ եւ իմ աչքերս չբարձրացան…»։ Ինչպէս որ այլ բնագիրներուն մէջ եւս այս մասին կ՚անդրադառնանք. (ԵԼՔ. Դ 22), (ԵՍ. ԽԹ 15), (ՍԱՂՄ. ԻԷ 10), հաւատացեալին եւ իր Տիրոջ միջեւ միութիւնը արտայայտուած է հայրական կամ մայրական սիրոյ պատկերներով։ Հոն կը պարզուի քնքոյշ եւ քաղցր մտերմութիւնը մօր եւ զաւկին եւ կաթնկեր նորածնին միջեւ՝ որ կաթ առնելէ ետք՝ քուն կը մտնէ։ Ասիկա արտայայտող հրէական «կամիւլ» բառը կը վերաբերի կաթէն կտրուած պզտիկին՝ որ գիակցաբար կը կառչի զինք գրկած իր մօր։ Ուստի, ասիկա գիտակցուած մտեր-մութիւն մըն է եւ ո՛չ թէ պարզապէս ապրուած։

Այս իսկ պատճառով ալ սաղմոսերգուն կ՚երգէ. «Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի եւ հանգստացուցի իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս, իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է». (ՍԱՂՄ. 131.2)։ Կարելի է նոյնպէս ուրիշ տեսարան մըն ալ յիշել՝ որուն մէջ Ովսէ մարգարէն հետեւեալ յուզիչ խօսքերը կը դնէ Աստուծոյ՝ որպէս հօր մը բերնին մէջ. «Ես Իսրայէլը կը սիրէի, մինչ ան դեռ երիտասարդ էր…։ Ես՝ անոր ձեռքէն բռնած՝ քալել սորվեցուցած էի…։ Անոր հետ կը վարուէի մարդկային զօդերով, սիրոյ կերպերով։ Ես անոր հետ նման էի նորածինը իրենց այտերուն սեղմող մարդերուն։ Անոր վրան հակած զայն կը կերակրէի». (ՈՎՍԷ ԺԱ 1,3-4)։ 

Հաւատքի եւ սիրոյ, շնորհքի եւ յանձնառութեան, մարդկային ընտանիքի եւ աստուածային Ս. Եր-րորդութեան այս անկարկով է, որ մենք կը սեւեռենք ընտանիքը՝ զոր Աստուծոյ Խօսքը կը յանձնէ մարդուն, իր կնոջ եւ իր զաւակներուն, որպէսզի անոնք Հօր, Որդիին եւ Ս. Հոգիին պատկերին համեմատ՝ անձերու միութիւն կազմեն։ Որդեծնունդեան եւ դաստիարակութեան արարքները փոխադարձաբար Հօր կատարածին ցոլացումն են։ Ընտանիքը հրաւիրուած է առօրեայ հացը, Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումը եւ Ս. Հաղորդութիւնը իրարու մէջ բաժնուելու, սէրն ալ աճեցնելու, իսկ ինքն ալ միշտ աւելի՛ Ս. Հոգիին տաճար դառնալու։

Արդարեւ, մարդ կրնայ ունենալ զանազան մտահո-գութիւններ եւ այդ մտավախութիւններուն մէջ ըլլալ առօրեայ կեանքին մէջ, քանի որ կեանքը արդէն անվերջ պայքար մըն է եւ այդ պայքարին մէջ անվտանգ եւ անվնաս մնալուն միակ միջոցը Աստուծոյ վստահիլ եւ Անոր ապաւինի՛լն է. հաւատարիմ մնալ Անոր, քանի որ Ան մի՛շտ հաւատարիմ է Իր խոստումներուն…

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին սրբանկարը ներկայացուած է մէն մի ընտանիքին, իր առօրեայ յոգնութիւններով, նեղութիւններով, նոյնիսկ իր մղձաւանջներով, ինչպէս երբ որ ան հարկադրուեցաւ կրել Հերովդէսի անբացատրելի վայրագութիւնը, փորձառութիւն մը՝ որ այսօր եւս շատ մը ապաս-տանեալ եւ անզէն մերժուած ընտանիքներու մօտ, ընդհանրապէս ողբերգականօրէն կը կրկնուի։ Այս ընտանիքները հրաւիրուած են Մանուկը եւ Մայրը մոգերուն պէս դիտելու, ծնրադրելով երկրպագելու, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. (ՄԱՏԹ. Բ 11)։

Ահա՛, թէ ինչու ան կարող է մեզի օգնել, միջամտել՝ որ զանոնք հասկնանք, որպէսզի «ընտանիք»ին պատմութեան մէջէն՝ ճանչնանք Աստուծոյ տուած պատգամը։ Ուստի, վստահինք, ապաւինինք Աստուծոյ, մեր բոլոր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 12, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026