ՉՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ԱՊՈՒՇ ԸԼԼԱԼ

Այս յօդուածը, մեծ հաւանականութեամբ, մի քանի օրեր ետք լոյս տեսնէ, սա-կայն, այսօր՝ մի քանի ժամեր ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը որպէս մեղադրեալ պիտի ներկայանայ դատարան։ Շատեր այս մէկը կ՚որակեն որպէս «ամօթ», սակայն, մեզի համար շատ աւելի մեծ ամօթի զգացում կը պատճառէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դատարան կանչուելու պատճառը՝ թեմական առաջնորդը պաշտօնէն կանչել եւ եպիսկոպոսութենէն զրկել։ Ամօթ կը զգանք, որովհետեւ աւելի քան 1700 տարուան կեանք ունեցող եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ նման զաւեշտալի իրողութիւն տեսնուած չէր, որովհետեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունի իր ներքին կանոնագրութիւնը եւ եկեղեցական ժողովով իրաւունք ունի իր ներքին որոշումները կայացնելու: 

Սակայն, այստեղ մեզ մտահոգողը Հայոց Հայրապետի դատարան ներկայանալը չէ (թէեւ այս մէկը եւս ինքնին մե՜ծ ամօթ մըն է). մեզ մտահոգողը այն երեւոյթն է, որ եկեղեցին սկսի իր ներքին որոշումները ինքնուրոյն չկայացնել։ Օրինակի համար, քահանայ մը կարգալոյծ հռչակուեցաւ, սակայն, հակառակ որոշումին՝ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր եկեղեցական պաշտօնին մէջ մնալ. առաջնորդ մը հեռացուեցաւ իր առաջնորդական պաշտօնէն, սակայն, շարունակեց մնալ իր առաջնորդական աթոռին վրայ։ Այս մէկը կը մտահոգէ, որովհետեւ կրնայ սկիզբ մը ըլլալ եկեղեցւոյ ազատութիւնը խլելու։ Մինչեւ օրս՝ աւելի քան 1700 տարի եկեղեցի եւ պետութիւն գործեցին որպէս առանձին կառոյցներ, սակայն, եթէ եկեղեցւոյ որոշումներուն մէջ պետութեան միջամտութեան նախաքայլը տեղի ունենայ, ինքնաբերաբար պիտի վտանգուի եկեղեցւոյ ապագայ կացութիւնը՝ անկախ անոր Կաթողիկոսէն՝ որուն դէմ եղած հակառակութիւնը պարզապէս ցուցադրական բաժին մը ունի իր մէջ։ Եթէ տակաւին կան անձեր, որոնք կը հաւատան, թէ իշխանութեան հակառակութիւնը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անձին դէմ է... պէտք է պահ մը խղճան իրենց «իմաստութեան» համար։ Ի սկզբանէ ըսինք եւ կը մնանք նոյն միտքին. իշխանութիւնները Կաթողիկոսի անձին դէմ ո՛չ մէկ խնդիր ունին. այս բոլորը պատմական իրադարձութիւններ են, որովհետեւ կ՚որոշեն եկեղեցւոյ ինքնիշխանութեան ճակատագիրը։ Եթէ այսօր իշխանութիւնը յաջողի իր քմահաճոյքով կաթողիկոս փոխել, իր ցանկութեամբ այս կամ այն եպիսկոպոսը առաջնորդ նշանակել, ապա Հայ Եկեղեցին պիտի դառնայ անոր «ստրուկ»ը եւ այդ պարագային ո՛չ եկեղեցական կանոնները, ո՛չ եկեղեցական ժողովը եւ ո՛չ ալ կաթողիկոսը արժէք մը պիտի ներկայացնեն, այնպէս ինչպէս դատական համակարգը, ոստիկանութիւնը եւ այլ կառոյցներ, նոյնպէս եկեղեցին պիտի դառնայ իշխանութեան գործիք՝ որ կը ծառայէ ո՛չ թէ հասարակութեան, այլ իշխանութեան շահերուն: 

Մարդ իրապէս տգէտ պիտի ըլլայ չնկատելու համար այս բոլորը։ Եթէ իշխանութեան խնդիրը իրապէս Կաթողիկոսի վարքին հետ է՝ անձին հետ է, ապա ինչո՞ւ մի քանի տարիներ առաջ փորձեցին եկեղեցական նիւթերը հեռացնել կրթական ծրագիրէն. դարձեալ Կաթողիկոսի անձի՞ն պատճառով. ինչո՞ւ փորձեցին եկեղեցապատկան շատ մը կառոյցներ պետականացնել. Կաթողիկոսին անձի՞ն հա-մար. ինչո՞ւ համար փորձեցին եկեղեցին հարկային դաշտ մտցնել՝ անոր ձեռք բերած հասոյթէն պետութեան բաժին յատկացնելու համար. դարձեա՞լ կաթողիկոսին անձին համար… Պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ մեր ներկային կայացած որեւէ որոշում, որեւէ ոտնձգութիւն ապագային վրայ պիտի ունենայ իր ազդեցութիւնը։ Եթէ այսօր եկեղեցին կորսնցնէ իր ազատութիւնը, նոյնիսկ եթէ օր մը Փաշինեան չըլլայ իշխանութեան գլուխը, այդ ազատութիւնը վերականգնելը պիտի ըլլայ շատ դժուար։ Թէ՛ եկեղեցին եւ թէ իշխանութիւնները լաւապէս գիտեն, որ հարցը Կաթողիկոսին անձին հետ կապ չունի։ Այդ մէկը տգէտ ժողովուրդին ձեռքը տրուած անիմաստ պատճառաբանութիւն մըն է, որուն ետեւ կրնան պահել իրենց ներքին ցանկութիւններն ու նպատակները։ Այս մէկը պիտի ունենայ իր կործանիչ ազդեցութիւնը եւ կը հաւատանք, թէ այդ է պատճառը, որ այս օրերուն այսքան մօտիկ կը գտնենք Սուրբ Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւննե-րը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը յայտարարութեամբ կ՚ըսէ. «…մեր հոգեւոր եղբօր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառին դատարան կանչուիլը կը նկատենք անընդունելի եւ դատապարտելի»։ Այս բոլորին արդիւնքը Գարեգին Բ. Վեհափառէն աւելի պիտի վնաս պատճառէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ: 

Առիթով մը տուած էինք Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած եկեղեցի-պետութիւն բախումներուն օրինակը։ Հայաստան եւս հեռու չէ այդ բոլորէն։ Յստակ է, որ այսօրուան դատական նիստը ո՛չ պետական եւ ո՛չ եկեղեցական օրէնքներու վրայ հիմնուած պիտի ըլլայ. այդտեղ կայ ներքին հաշիւ, կայ «վրէժ»ի հոգեբանութիւն եւ, հետեւաբար, օրէնքին փոխարէն ուժն է, որ պիտի խօսի։ Գուցէ ո՛չ այս նիստին, սակայն, յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին չզարմանաք, եթէ ձերբակալուի Հայ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսը եւ շինծու մեղադրանքով մը բանտ ղրկուի։ Հայաստանի մէջ այսօր շա՜տ դիւրին է անձի մը վրայ մեղադրանք շարադրել եւ այդ մե-ղադրանքը որպէս հիմք ընդունելով անձը ազատութենէն զրկել՝ նոյնիսկ եթէ կարճ ժամանակով ըլլայ: Մեր այսօրը պիտի որոշէ մեր ապագան։ Մաղթենք, որ հազարամեակներու կեանք ունեցող եկեղեցին անձի մը անձնական հաշիւներուն ու վրէժխնդրութեան պատճառով չի կորսնցներ այն փառքը՝ որուն կառուցումը դարերու աշխատանք ու ջանք ունի իր մէջ:

ՀԻՆԵՐԸ Կ'ԸՍԵՆ

Ինծի համար ոչինչ ու անարժէք բան մըն է կեանքը, երբ չկայ աշխատանք, մաքառում, ձգտումներ ու կիրք, յուզում ու ծրագիր:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026