ԱՐԱԲ ԴԷՄՔ ՄԸ ԵՒ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՀԱՅԵԼԻ ՄԸ

Քանի մը գիշեր, զորս անցուցի արթնամնութեամբ, զուարճութեամբ ու երազներով՝ Լոնտոնի ամենագեղեցիկ եւ ամենանշանաւոր գիշերային ակումբներուն, պանդոկներուն ու փողոցներուն մէջ, Թայմզի ափին բնակող բարեկամս, մինչ իր շքեղ ինքնաշարժով մեզ կը տանէր կեանքիս տեսած ամենագեղեցիկ անգլիական անձրեւին տակէն, հարցուց ինծի.

- Լոնտոնը հաւնեցա՞ր։

Պատասխան. Շատ։

Հ. Իսկ «Հայտ փարք» գացի՞ր եւ լսեցի՞ր, թէ մարդիկ ամէն լեզուով ու ամբողջ ազատութեամբ ինչպէս կը խօսին։

Պ. Այո՛, գացի եւ լսեցի։

Հ. Իսկ փողոցներուն մէջ շրջեցա՞ր եւ տեսա՞ր, թէ սիրահարները ինչպէս հրապարակաւ, անցորդներուն առջեւ կը համբուրեն զիրար։

Պ. Այո՛, շրջեցայ եւ տեսայ։ 

Հ. Գիւղեր ճամբորդեցի՞ր եւ խորհրդածեցիր անոր գեղեցիկ կանաչին եւ ներդաշնակ ձորերուն ու հոսող ջուրերուն վրայ: 

Պ. Այո՛, ճամբորդեցի եւ խորհրդածեցի:

Հ. Սինեմա գացի՞ր եւ սեռական ֆիլմեր դիտեցի՞ր, ուր դերասաններն ու դերասանուհինները մերկ կ՚երեւան, ինչպէս որ Աստուած ստեղծած է զիրենք: 

Պ. Այո՛, դիտեցի եւ աքլորս այրեցաւ:

Հ. Իսկ հիւրանոցդ յարմարաւէ՞տ էր, կերակուրդ լա՞ւ էր եւ պէտքերդ լաւապէս ապահովուած էին։

Պ. Ամէն ինչ գերազանց էր։

Հ. Ուրեմն ե՞րբ ուսերդ պիտի շարժես եւ մեզի համար Լոնտոնի մասին տպաւորութիւններդ պիտի գրես։

Պ. Չեմ կրնար։

Հ. Ինչո՞ւ։

Պ. Որովհետեւ կը վախնամ։

Հ. Կը վախնա՞ս, մինչ աշխարհի ազատութեան ու ժողովրդավարութեան մայրաքաղաքին մէջ ես։ Ո՜վ մարդ, Լոնտոնի մէջ ես։

Պ. Լոնտոն ըլլայ, Թայմզ ըլլայ, կը վախնամ։ Իւրաքանչիւր քայլէ, իւրաքանչիւր հայեացքէ, հեռաձայնի իւրաքանչիւր զանգէ ներսս կը դողայ։ Վստահ ե-ղիր, որ հոգիիս խորքին մէջ «վախի պաշարս» աւելի մեծ է, քան Սէուտական Արաբիոյ եւ Վենեզուելայի «նաւթի պաշարները» միասին։ Ահա թէ ինչու մենք՝ այս աշխարհի դժբախտ մարդիկս, պէտք ունինք ՕՓԷՔ-ի նման կազմակերպութեան մը, որ մեր գործերով զբաղի եւ մեր իրաւունքները պաշտպանէ։

Հ. Կը չափազանցես։ Ես քեզ բացի ախորժակով ճաշող, պանդոկներուն մէջ ծիծաղող ու զբօսավայրերուն մէջ ուրախացող մարդէ մը տարբեր չտեսայ։

Պ. Հաւատա՛, այս այցելութեանս ընթացքին ճաշարանին մէջ կերած ամէն համեղ պատառը, պանդոկին մէջ արձակած ամէն ծիծաղը, զբօսանքի ընթացքին ունեցած ամէն ուրախ աղմուկը՝ անցողիկ ու ժամանակաւոր հաճոյքներ էին միայն, ինչպէս պանդոկներու համբոյրները, կամ ճիւղերուն վրայ նստած թռչունները։

Հ. Ասիկա հին հիւանդութիւն մըն է։ Պէտք է անկէ ազատիս։

Պ. Անկարելի է։ Նման եմ մարդու մը, որ կը փորձէ եօթ թեւք ունեցող վերարկուէ մը ազատիլ։

Հ. Այդքա՞ն ծանր։

Պ. Աւելի՛ ծանր։ Պատկերացուր. այսօր մարդաշատ փողոցի մը մէջ կանգ առի տարօրինակ մեքենայի մը առջեւ. մետաղադրամ կը դնես, կոճակ մը կը սեղմես եւ ան կը հանէ այն նշանաւոր դերասանին կամ դերասանուհիին նկարը, զոր կ՚ուզէիր։ Ամբողջ ժամ մը մետաղադրամը ձեռքիս բռնած մնացի եւ չհամարձակեցայ զայն մեքենային մէջ դնել։

Հ. Ինչո՞ւ։

Պ. Որովհետեւ կը վախնայի, թէ Մերիլին Մոնրոյի կամ Ճէյն Մենսֆիլտի նկարին փոխարէն Ապտիւլ Համիտ Սարրաճի նկարը դուրս գար։

Հ. Ասիկա հիւանդութիւն է… մոլուցք է… խելագարութիւն է։ Պէտք է անմի-ջապէս ձերբազատիս ատկէ։

Պ. Ինչէ՞ն։

Հ. Վախէն։

Պ. Անկարելի է։ Անիկա միակ բանն է, զոր ունիմ՝ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց եւ մինչեւ հիմա զայն փոխարինող մը չկայ, որովհետեւ աշխարհի աչքին, առանց վախի արաբը այնքա՜ն անհաւատալի է, որքան թուրք մը առանց ֆէսի, անգլիացի մը առանց ծխամորճի, կամ բանտարկեալ մը՝ առանց երազներու։

Շար. 73

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026