ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանէն ժողովրդական մեներգչուհի Աննա Սառա Պօղոսեանի համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ: Կղզիի բարձունքին այս երեկոյթը բառին բուն իմաստով  դարձաւ անմոռանալի՝ քանի Աննա Սառա Պօղոսեան իր կատարողական կարողութիւններով յաջողեցաւ գրաւել բոլորի սիրտը: Մեներգչուհիին նուագակցեցան՝ Արի Հալաճեան, Սեւան Ինեափան, Ռաֆֆի Ներժան եւ Սեւան Կարապետօղլու: Բոլորը վերացան հայկական ժողովրդական երգերով՝ մինչ եկեղեցւոյ դարաւանդը ամբողջութեամբ լեցուցած ունկնդիրներն ալ մասնակցութիւն բերին երգերուն: 

Ձեռնարկի ներկաներու շարքին էր Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէ բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր: Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ բարձր գնահատեց մեներգչուհի Աննա Սառա Պօղոսեանի՝ ունկնդիրներուն այդքան արագօրէն հաղորդ դառնալու վարպետութիւնը: 

Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկը մաս կազմեց՝ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի ընդառաջ Գնալը կղզիի եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած ուխտի շաբթուան:   

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026