Չորեքշաբթի 12, Օգոստոս 2026
ԴԱՏԱՒՈՐԻ ՎԵՐԱՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած եկեղեցահալած քաղաքականութեան շրջանակներէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթո-ղիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը: Վեհափառ Հայրապետի եւ միւս սրբազաններու դէմ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր դատավարութիւն մը, որու ընթացքին դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ ներկայացուցած էր: Կը հաղորդուի, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ նոր դատաւոր մը նշանակուած է այս գործին համար:
Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Վեհափառ Հայրապետի եւ միւս սրբազաններու վերաբերեալ գործը մակագրուած է՝ Արմաւիրի մարզի ընդհա-նուր իրաւասութեան ատեանի դատաւորներէն Սերժ Ռուշանեանին:
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026