ՎԵՀԱՓԱՌԷՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց հայագիտական եւ կրօնագիտական դասընթացներու մասնակից, սփիւռքի զանազան թեմերէ երեսուներկու երիտասարդներ: Մայրավանքի համալիրէն ներս «Գարեգին Ա.» կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը: Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան ժամանած հայորդիներու՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբման եւ կրթական ծրագրերու ներգրաւման կապակցութեամբ: Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ սա մեծապէս կը նպաստէ սփիւռքահայ երիտասարդներու ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան զօրացման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի հետ կապի առաւել ամրապնդման: 

Այնուհետեւ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր գնահատանքը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի եկեղեցականաց եւ երիտասարդաց վերապատրաստման ծրագրի կազմակերպիչ յանձնաժողովի անդամներուն ու թեմակալ առաջնորդներուն՝ հայագիտական սոյն ծրագրի իրագործման առթիւ: 

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպման աւարտին պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին ազգային-հոգեւոր կեանքի խնդիրներուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գործունէութեան:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026