ՎԱՂԸ ԴԷՊԻ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ
Վաղը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պիտի մեկնի դէպի Վաքըֆլըգիւղ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ համայնքէն ներս, Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած է ուխտագնացութիւն մը՝ դէպի Վաքըֆլըգիւղ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը գլխաւորէ աւանդական այս ուխտագնացութիւնը, որ հերթական անգամ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կիզակէտին կը բերէ Վաքըֆլըգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Արդարեւ, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը, միեւնոյն ժամանակ, Մուսա լերան այս պատմական սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութիւնն է՝ աւանդական ժողովրդական խրախճանքով հանդերձ:
Ուխտագնացութեան շրջանակներէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը մեկնի դէպի Վաքըֆլըգիւղ եւ նոյն առթիւ կ՚այցելէ մերձակայ մեր սրբավայրերը: Վերջին տարիներուն այս ուխտագնացութիւնները եւ Նորին Ամենապատուութեան այցելութիւնները կ՚ունենան բացառիկ նշանակութիւն: Արդարեւ, մօտաւոր անցեալի աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով հիմնովին վնասուած են շրջանի մեր սրբավայրերը եւ այս ամբողջին մէջ Վաքըֆլըգիւղը տուժած է էապէս: Համայնքէն ներս ջանքեր կը գործադրուին գիւղի սրբավայրի եւ յարակից կառոյցներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ, ընդհանրապէս, Վաքըֆլըգիւղի շէնացման համար: Ընդհանուր զգայնութեան, համատարած ուշադրութեան արժանացած խնդիրներ գոյութիւն ունին Վաքըֆլըգիւղի պարագային եւ տարեկան ուխտագնացութիւնները՝ մանաւանդ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ փոխանցուած կարեկցութեան, զօրակցութեան պատգմաները բացառիկ նշանակութիւն կ՚ունենան, որպէսզի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս խնդրին կապակցութեամբ յիշողութիւն թարմանայ եւ մեր ժողովուրդի օրակարգին վրայ արծարծուած պահուի այս ուղղութեամբ աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ ուխտագնացութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ նաեւ բարձրաստիճան դիւանակալներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու: