ՄԱՐԴ՝ ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԸ ԽՕՍՔԷՆ ՆԱԽԱՊԱՏԻՒ ԷՐ
Հայ գրականութեան մէջ տեսած ենք բազմաթի՜ւ գրողներ, որոնք գրող դարձած են բարձրաձայնելու համար իրենց գաղափարներն ու համոզումները, սակայն, անոնց մէջ կայ մէկը, որ այս առաջիններուն հակառակ՝ իր սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն տէր դառնալու նպատակով մէկդի ձգած է իր գրելու շնորհքը եւ որոշած է չգրել. նախընտրած է չգրել, որովհետեւ գրելու փոխարէն աւելի առաջնահերթ գտած է զանոնք ապրիլը: Գուցէ գիր-գրականութենէն հեռանալն է պատճառը, որ այսօր անոր անունը գիտեն լոկ անոնք, որոնք մօտէն կը սիրեն գրականութիւնը, որովհետեւ առ այսօր շատ շատերու համար անծանօթ կը շարունակէ մնալ գրող, բանասէր ու բանաստեղծ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանը:
Սիւրմէլեան ի սկզբանէ կը հաւատար, որ ճշմարիտ արուեստը լոկ լաւ բանաստեղծութիւն մը գրելը չէ։ Անոր համոզումով՝ արուեստը մարդու ամբողջ կեանքը փոխող ուժ մըն է. այնպէս ինչպէս կրօնը մարդը կը փոխէ, նոյնպէս բանաստեղծութիւնը, արուեստը պարտի փոխել մարդը: Այս մէկը քննադատութիւն մըն է Սիւրմէլեանի կողմէ, որովհետեւ իր կարծիքով՝ գրողներ ընդհանրապէս կը գրեն՝ առանց երբեք իրենց գրածը ապրելու։ Սիւրմէլեան բանաստեղծութիւնը, գրականութիւնը լոկ քով քովի բերուած բառերով ամբողջականութիւն մը որպէս չ՚ընդունիր։ Գրողը առաջին հերթին ի՛նք պէտք է ապրի իր գրածը, ի՛նք պէտք է կեանքի կոչէ իր համոզածը՝ որպէսզի անոր արուեստը իմաստ ու արժէք ունենայ։ Այդ իսկ պատճառով, Սիւրմէլեան իր նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ արուեստագէտը չըլլայ առաջին մարդը… մարդը՝ փողոցին մէջ, տան մէջ, կռուի առջեւ, գործի ժամանակ…»։ Օրինակի համար, գրի կ՚առնուին մարտական բանաստեղծութիւններ. պատերազմի ժամանակ ինչո՞ւ դէպի ճակատ առաջին վազողը չըլլայ բանաստեղծը, որովհետեւ պատերազմելու գաղափարը՝ որ բանաստեղծութեան մէջ է, արժէք կը ստանայ միայն իրապէս գործի վերածուելով:
Սիւրմէլեան կը հեռանայ գրականութենէն, որովհետեւ կը զգայ, որ գաղափարներու մասին գրել, սակայն, զանոնք չապրիլը էութեան մէջ ո՛չ մէկ արժէք ունի։ Այդ մէկը գուցէ ուրիշները ներշնչէ, սակայն, գաղափար մը ապրելու, կեանքի վերածելու նպատակը ուրիշներէն աւելի անձը այդ կեանքին մէջ դնելն է։ Այս դժգոհանքը Սիւրմէլեան յաճախ կ՚արտայայտէ. օրինակի համար, իր մէկ այլ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Բաց օդի ու արտերու սեւ «լակոտ» մըն եմ հիմա, կ՚աշխատիմ՝ բանաստեղծութիւններ մռմռալով»։ Ինք կը գրէ Հայաստանի լեռներուն մասին, սակայն, հարցականի տակ կը դնէ, թէ ինչո՞ւ համար երթալով այդ լեռներուն մէջ չ՚ապրիր։ Նոյն այս մօտեցումով է, որ շատեր կը քննադատէին Ղեւոնդ Ալիշանը, որ մի՛շտ երգած է Հայաստանի մասին, սակայն, անգամ մը չէ այցելած. մի՛շտ երազած է անոր լեռներն ու դաշտերը, սակայն, զանոնք չէ շօշափած ու չէ՛ զգացած: Սիւրմէլեան չէր ուզեր նման բանաստեղծ մը ըլլալ։ Անոր համար բանաստեղծ ըլլալը պատիւ կամ սեփական եսը շոյող «ածական» մը չէր։ Իրեն համար գիրը գործի չվերածողը արժանի չէր պատիւի, ո՛չ ալ գնահատանքի։ Դարձեալ Սիւրմէլեանն է, որ կը գրէ. «Բանաստեղծ եմ մի՛ ըսեր մարդոց. ոտքերդ ամուր զարկ գետին երբ անոնց մօտէն կ՚անցնիս»։ Ոտքը ամուր գետին զարնելը սեփական գործերն են։ Սիւրմէլեան կ՚ուզէ, որ բանաստեղծը դատուի իր գործերով եւ ո՛չ խօսքերով, որովհետեւ ամենէն հայատեաց անձը նոյնիսկ կրնայ գիրի ճամբով հայրենասէր դառնալ:
Այս առումով Սիւրմէլեան հայ գրականութեան խոնարհ բանաստեղծ-հեղինակներէն մէկն է՝ որ փառք ու գնահատական չի փնտռեր իր կեանքին մէջ։ Ան գրող եւ բանաստեղծ Նիկողայոս Սարաֆեանին գրած մէկ նամակին մէջ կը խնդրէ, որպէսզի վերջինս քննադատէ իր աշխատութիւնները։ Սիւրմէլեանի բառերով. «Դուն կրնաս ինծի օգտակար ըլլալ, Նիկողոս։ Ես սրտագին կը խնդրեմ քեզմէ որ չխնայես»։ Սիւրմէլեան քննադատութիւնը կը սիրէր, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ըլլար իր սեփական անձին ու գործին հանդէպ։ Իր նամակին շարունակութեան մէջ Սարաֆեանին կը գրէ. «Շատ նուրբ ես սիրելիս, ինծի շատ կը քննադատեն ու ես խոնարհաբար կ՚ընդունիմ զանոնք, որովհետեւ վերջապէս ի՞նչ են աս մեր գրածները, ես չեմ կարծեր որ դեռ բան մըն եմ, տղայական ու ոչ լուրջ շրջան մըն է այս շրջանը, խոնարհ ըլլալու է, Նիկողո՛ս»:
Հետաքրքրական օրինակ մը կու տայ Սիւրմէլեան, որ խօսքն ու բանաստեղծութիւնը կ՚որակէ «քար ու աղիւս»՝ որով պարտաւոր է բանաստեղծը շէնք մը բարձրացնել։ Եթէ նպատակը շէնք շինելն է՝ ապա քարն ու աղիւսը պէտք է գործածել։ Նոյն տրամաբանութեամբ եթէ բանաստեղծութեան նպատակը հզօր հայրենիք մը ունենալ է՝ ապա նոյնպէս բառը գործի վերածելով պէտք է աշխատիլ, այլպէս ո՛չ աղիւսն ու քարը շէնք եւ ո՛չ ալ քով քովի բերուած բառերը հայրենիք կը զօրացնեն:
Շատ մը գրականագէտներ, ինչպէս՝ Օշական, մեծապէս կը գնահատէ Սիւրմէլեանի աշխատութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, կը հաւատանք, որ սկզբունքներու եւ գաղափարներու սիրոյն անոր գրականութենէն հեռանալը գուցէ իր անձին համար դրական, սակայն, հայ գրականութեան համար բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենար։ Անոր կտակած գրական ժառանգութիւնը այսօր կրնար շա՜տ շատ աւելի բարձր ըլլար, սակայն, անոր ձգած քիչը եւս բաւարար է ճանչնալու համար նման հայրենասէր հեղինակ մը։ Երանելի՜ պիտի ըլլար մեր ազգը, եթէ գրողներու տեղ ունենար գործողներ, որովհետեւ այսօր մեր մօտ պատկերը հակառակն է. գործողները շատ աւելի քիչ են՝ քան խօսողներն ու գրողները:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ողորմութիւն տուողին ձեռք երկարողը՝ աղքատ մուրացիկն է, բայց ողորմութիւն առնողը Աստուած է:
Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան