ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

Հայաստանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան խորհրդարանական մեծամասնութեամբ կը ձեւաւորուի նոր իշխանութիւն մը, որու յառաջատար դէմքերու պարագային կը նկատուին փոփոխութիւններ: Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակեց Ալէն Սիմոնեանը, որ մինչեւ վերջին ընտրութիւնները խորհրդարանի նախագահն էր: Ալէն Սիմոնեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Արմէն Գրիգորեանին, որ վերջին տարիներուն կը վարէր այդ պաշտօնը: Առայժմ, Արմէն Գրիգորեանի պարագային որեւէ նոր պաշտօնի նշանակում խնդրոյ առարկայ չէ: 

Վարչապետ Փաշինեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ այսպիսի փոփոխութիւնները կը համարէ բնականոն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026