ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՊԱԳԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան առաջին տարին․ Հարաւային Կովկասը պատերազմի ժառանգութենէն դէպի նո՞ր իրականութիւն… Փաշինեան-Թրամփ-Ալիեւ գագաթաժողովէն ի վեր անցած է տարի մը՝ մինչ Հարաւային Կովկասը կը գտնուի քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական նոր փուլի մը առջեւ։ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այսօր կը շեշտէ, որ խաղաղութեան գործընթացը այլեւս միայն քաղաքական խոստումներու եւ դիւանագիտական յայտարարութիւններու սահմաններուն մէջ չէ, այլեւ աստիճանաբար կը վերածուի գործնական իրականութեան։ ԱՄՆ կը մատնանշէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին պահպանուած կայունութիւնը, վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ առնուած քայլերը, տնտեսական կապերու զարգացումը եւ՝ յատկապէս, TRIPP-ի իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը։ Այս բոլորը կը ներկայացուի՝ որպէս տարածաշրջանի տեւական խաղաղութեան հիմքերը։

Մէկ տարի առաջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Այդ մէկը սովորական դիւանագիտական հանդիպում մը չէր։ Տասնամեակներ շարունակ հակամարտութեան, պատերազմի եւ փոխադարձ անվստահութեան պայմաններով ապրած երկու երկիրներու ղեկավարները Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին խաղաղութեան համատեղ հռչակագիր մը, իսկ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ նախաստորագրուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախագիծը։ Այդ պահէն սկսեալ հիմնական հարցը դարձաւ ո՛չ միայն խաղաղութեան ձեռքբերումը, այլեւ՝ անոր գործնական եւ երկարաժամկէտ իրականացումը։

Այսօր Ուաշինկթըն կը փորձէ մէկ տարուան ճանապարհը ներկայացնել՝ որպէս այդ խոստումներու առաջին շօշափելի արդիւնքը։ Ամերիկեան կողմը կը նշէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային կայունութիւնը պահպանուած է, իսկ երկու կողմերն ալ քայլեր կը ձեռնարկեն յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Ասիկա ինքնին կարեւոր փոփոխութիւն մըն է, որովհետեւ տեւական խաղաղութեան մը առաջին պայմանը պատերազմական տրամաբանութեան փոխարինումն է՝ քաղաքական երկխօսութեամբ եւ գործնական համագործակցութեամբ։

Այդ համագործակցութեան ամենակարեւոր բաղադրիչներէն մէկը TRIPP-ն է։ Տարի մը առաջ միայն տեսլական մը համարուած այս ծրագիրը այսօր կը ներկայացուի՝ որպէս իրականացման ընթացքի մէջ մտած տարածաշրջանային ենթակառուցուածքային նախաձեռնութիւն մը։ Հայաստանի մէջ արդէն կը կատարուին ճարտարագիտական ուսումնասիրութիւններ, իսկ ենթակառուցուածքներու զարգացման նպատակով Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները նոր փուլ կը բանան ծրագրին համար։ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւս աշխատանքներ կը կատարուին՝ Հայաստանի տարածքին նախատեսուած TRIPP-ին միանալիք ճանապարհային եւ երկաթուղային ենթակառուցուածքներու համար։ Միաժամանակ, կը նախատեսուի նաեւ ելեկտրահաղորդման գիծի մը կառուցումը։

Այս զարգացումները կարեւոր են ո՛չ միայն տնտեսական իմաստով։ Հարաւային Կովկասի աշխարհագրական դիրքը երկար ժամանակ աւելի շատ ընկալուած է՝ որպէս հակամարտութեան գօտի՝ քան տնտեսական կապակցուածութեան տարածք։ TRIPP-ի եւ Միջին միջանցքի զարգացման շնորհիւ այս ընկալումը կրնայ աստիճանաբար փոխուիլ։ Հայաստան կրնայ ստանձնել տարածաշրջանային հաղորդակցութեան կարեւոր հանգոյցի մը դերը, իսկ այդ հանգամանքը կրնայ, իր հերթին, նոր ներդրումներ, առեւտրական հոսքեր եւ տնտեսական հնարաւորութիւններ ապահովել։

Այս ամբողջ գործընթացին մէջ ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը եւս աստիճանաբար կը խորանայ։ Ուաշինկթըն 201 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ յատկացուցած է Անդրկասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրամին՝ Միջին միջանցքի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ մասնաւոր ներդրումներու ներգրաւումը խթանելու համար։ Միաժամանակ, ԱՄՆ կը զարգացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ նոր ռազմավարական գործընկերութիւններով եւ տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագրերով։ Ուժանիւթի անվտանգութիւնը, սահմանային ենթակառուցուածքները, անվտանգութիւնը, արհեստական բանականութիւնը, կիսահաղորդիչները եւ կենսական հանքանիւթերը այլեւս կը մտնեն տարածաշրջանային քաղաքականութեան օրակարգին մէջ։

Այսպիսով, խաղաղութեան գործընթացը աստիճանաբար կը ստանայ աւելի լայն բնոյթ մը։ Խօսքը այլեւս միայն Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին չէ։ Տարածաշրջանը կը դառնայ տնտեսական, հաղորդակցական եւ ռազմավարական շահերու հատման կէտ մը, իսկ ԱՄՆ կը փորձէ այս նոր իրականութեան մէջ ունենալ երկարաժամկէտ ներկայութիւն եւ ազդեցութիւն։ Միաժամանակ, Ուաշինկթըն կը մատնանշէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սկսած տնտեսական փոխկապակցուածութեան շօշափելի օրինակները։

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ տարանցման սահմանափակումներու վերացումը եւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին շուրջ 60 հազար թոն ապրանքի փոխադրումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանին 20 հազար թոն նաւթամթերքի մատակարարումը՝ նոր իրավիճակի ուշագրաւ դրսեւորումներն են։ Երկու երկիրներու հեռահաղորդակցութեան սարքակազմերու վերաբերեալ կնքուած համաձայնագիրն ալ կը վկայէ, թէ համագործակցութիւնը կը փորձուի ընդլայնել նաեւ թուային ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ։

Այս բոլոր քայլերը միասին կը ստեղծեն այնպիսի փոխկապակցուածութիւն մը, որ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ կրնայ խաղաղութեան լրացուցիչ հիմք դառնալ։ Որքան աւելի շատ տնտեսական, հաղորդակցական եւ ենթակառուցուածքային կապեր ստեղծուին, այնքան աւելի մեծ կը դառնայ խաղաղութեան պահպանման ընդհանուր շահը։ Սակայն, այս մէկը ինքնին դեռ վերջնական երաշխիք մը չէ։ Ի վերջոյ, պատերազմներու պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ տնտեսական շահերը կրնան կարեւոր դեր ունենալ, բայց, խաղաղութիւնը վերջնականապէս կը հաստատուի միայն այն ժամանակ, երբ անոր ետին կանգնած են քաղաքական կամք, փոխադարձ վստահութիւն եւ յստակ իրաւական պայմանաւորուածութիւններ։

Այս իմաստով կարեւոր է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի եւ անոր առընչակից կառոյցներու լուծարումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ դիմումին հիման վրայ։ Այս քայլը խորհրդանշական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան կը ներկայացուի՝ որպէս նախկին հակամարտութեան միջազգային միջնորդական համակարգի փակման եւ նոր քաղաքական իրողութեան անցնելու նշանը։ Սակայն, այստեղ եւս պատմական էջ մը փակելը դեռ չի նշանակեր, որ անցեալի բոլոր հետեւանքները ինքնաբերաբար վերացած են։ Հաշտեցումը, վստահութեան վերականգնումը եւ հասարակութիւններու միջեւ նոր ընկալումներու ձեւաւորումը աւելի երկար գործընթացներ են։

Հայաստանի համար այս նոր իրավիճակը, միաժամանակ, կը պարունակէ մեծ հնարաւորութիւններ եւ լուրջ պատասխանատուութիւններ։ Խաղաղութիւնը կրնայ դառնալ ո՛չ միայն պատերազմի բացակայութիւն, այլեւ տնտեսական զարգացման, տարածաշրջանային կապակցուածութեան եւ միջազգային նոր գործընկերութիւններու հիմք։ Բայց, այդ հնարաւորութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգային շահերը մնան բոլոր պայմանաւորուածութիւններու կեդրոնին։

Հոս է, որ TRIPP-ի հարցը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Հայաստանի համար հաղորդակցական նոր ուղիներու բացումը կրնայ պատմական տնտեսական առիթ մը ըլլալ, սակայն, անոր իրական արժէքը պիտի որոշուի այն պայմաններով, որոնց ներքեւ այդ ուղիները պիտի գործեն։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ իրականացուող որեւէ նախագիծ պէտք է ըլլայ՝ Հայաստանի օրէնսդրութեան, իրաւազօրութեան եւ պետական վերահսկողութեան տակ։ Միայն այդ պարագային հաղորդակցական բացուածքը կրնայ դառնալ ո՛չ թէ նոր խնդիրներու աղբիւր, այլ՝ երկարաժամկէտ անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան գործօն։

Իր յայտարարութեան մէջ, Ուաշինկթըն նաեւ կը վերահաստատէ Երեւանի եւ Պաքուի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ իրաւազօրութեան նկատմամբ իր աջակցութիւնը։ Այս շեշտադրումը կարեւոր է, որովհետեւ տարածաշրջանային նոր համակարգի կայունութիւնը կախում պիտի ունենայ ո՛չ միայն տնտեսական ծրագրերու յաջողութենէն, այլեւ այն սկզբունքի պահպանումէն, թէ երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին փոխադարձ ճանաչման եւ իրաւական հիմքերու վրայ։

Այդուհանդերձ, մէկ տարի անց, խաղաղութեան գործընթացը վերջնականապէս աւարտած համարելը վաղաժամ պիտի ըլլայ։ Իրական խաղաղութիւնը մէկ գագաթաժողովով չի հաստատուիր, ինչպէս նաեւ մէկ փաստաթուղթով չի պահպանուիր։ Անոր համար անհրաժեշտ են շարունակական քաղաքական երկխօսութիւն, սահմաններու յստակեցում, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդում եւ ստեղծում այնպիսի տնտեսական կապերու, որոնք երկու կողմերուն համար խաղաղութիւնը պիտի դարձնեն աւելի շահեկան՝ քան հակամարտութիւնը։

Այս պատճառով ալ Փաշինեան-Թրամփ-Ալիեւ գագաթաժողովի առաջին տարեդարձը պէտք է դիտարկել՝ ո՛չ թէ որպէս խաղաղութեան վերջնական յաղթանակի յայտարարութիւն, այլ՝ որպէս կարեւոր հանգրուան մը դէպի այդ նպատակին հասնելու ճանապարհին։ Անցեալ մէկ տարին ցոյց տուած է, որ հնարաւոր է հակամարտութեան տրամաբանութենէն անցնիլ համագործակցութեան տրամաբանութեան, սակայն, այդ փոփոխութիւնը դեռ պէտք է ամրապնդուի եւ դառնայ անշրջելի։

Ի վերջոյ, Հարաւային Կովկասի ապագան պիտի որոշուի ո՛չ թէ այն բանով, թէ քանի յայտարարութիւն կը ստորագրուի կա՛մ քանի հանդիպում կը կազմակերպուի, այլ՝ այն բանով, թէ արդեօք ժողովուրդները պիտի կարողանա՞ն զգալ խաղաղութեան իրական արդիւնքը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ։ Երբ սահմանի լռութիւնը վերածուի վստահութեան, երբ ճանապարհները բացուին՝ առանց ինքնիշխանութեան կորուստի, երբ առեւտուրը դառնայ բնական երեւոյթ, իսկ տնտեսական համագործակցութիւնը՝ ընդհանուր շահու հիմք, ապա միայն այն ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ ըսել, որ խաղաղութեան խոստումը իրականութիւն դարձած է։

Հետեւաբար, Թրամփի «խոստումները տրուած են, խոստումները կատարուած են» բանաձեւումը, այսօր աւելի շատ պարտաւորութիւն է՝ քան վերջնական յայտարարութիւն։ Խաղաղութեան առաջին քայլերը կատարուած են, սակայն, իրական պատմական փորձութիւնը դեռ առջեւն է։ Եթէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ, կարենան պահպանել այս ընթացքը եւ իրենց պայմանաւորուածութիւնները վերածեն կայուն ու անշրջելի իրականութեան, ապա Հարաւային Կովկասը կրնայ վերջապէս փակել պատերազմի երկար դարաշրջանը եւ մուտք գործել համագործակցութեան, կապակցուածութեան ու տնտեսական զարգացման նոր ժամանակաշրջան մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026