ՕՐՈՒԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ. ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՔՆԱՆԱԼԷ ԱՌԱՋ

Եթէ ամէն մարդ ամէն գիշեր, քնանալէ առաջ, իր մտքէն անցընէր այդ օրուան բոլոր պատահարները եւ մտածէր, թէ անոնցմէ որո՛նք սխալ էին, ո՛վ գիտէ՝ աշխարհը որքա՜ն գեղեցիկ եւ ապրուելու արժանի վայր մը պիտի ըլլար։

Մարդ արարածը շատ յաճախ ամբողջ օրը կը զբաղի ուրիշները դատելով, բայց, հազուադէպօրէն կը գտնէ պահ մը՝ ինքն իր առջեւ կանգնելու համար։ Մենք շատ արագ կը նկատենք ուրիշի սխալը, կոշտ խօսքը, անարդար վերաբերմունքը կամ անհոգութիւնը, սակայն, երբ հերթը կը հասնի մեզի, յաճախ արդարացում մը կը գտնենք։ Կը մտածենք, թէ «ես ստիպուած էի այդպէս վարուելու», «ուրիշ ճար չունէի», կամ «իրաւունք ունէի բարկանալու»… Եւ այսպէս, օրը կ՚անցնի, բայց, մեր սխալները կը մնան մեր ներսը՝ չնկատուած, չընդունուած եւ չսրբագրուած։

Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ամէն գիշեր, քնանալէ առաջ, քանի մը վայրկեան տրամադրէինք միայն մենք մեզի։ Ո՛չ հեռաձայն, ո՛չ ուրիշներու կարծիքները, ո՛չ աշխարհի աղմուկը։ Միայն մենք եւ մեր խիղճը։

Պէտք էր հարցնէինք մենք մեզի. «Այսօր ո՞վ վիրաւորեցի։ Որո՞ւ հանդէպ անարդար եղայ։ Ո՞ր պահուն պէտք էր լռել, բայց խօսեցայ։ Ո՞ր պահուն պէտք էր խօսիլ, բայց լռեցի։ Որո՞ւ օգնութեան կանչը մերժեցի, երբ կրնայի ձեռք երկարել։ Արդեօք իմ մէկ անզգոյշ խօսքը մէկու մը ամբողջ օրը փճացուցա՞ծ է։ Արդեօք այսօր պատճառ դարձա՞ծ եմ, որ մէկը ինքզինք անարժէք զգայ»։

Այս հարցումները երբեմն դժուար են, որովհետեւ մարդուն համար իր իսկ սխալը ընդունիլը ամենադժուար բաներէն մէկն է։ Մենք կրնանք հազարաւոր պատճառներ գտնել մեր վարքը արդարացնելու համար, սակայն, մեր խիղճը սովորաբար գիտէ ճշմարտութիւնը։ Ան չի խաբուիր գեղեցիկ բացատրութիւններով։ Ան կը յիշէ այն պահը, երբ մենք գիտէինք, որ սխալ էինք, բայց շարունակեցինք։ Կը յիշէ այն մարդը, որու ներողութիւն մը պարտք ունէինք, բայց մեր հպարտութիւնը մեզ լռեցուց։

Եթէ մարդ ամէն օր իր սխալներուն հետ առերեսուէր, անոնք կամաց-կամաց աւելի քիչ պիտի ըլլային։ Ո՛չ թէ որովհետեւ մարդը մէկ օրէն միւսը կատարեալ պիտի դառնար, այլ որովհետեւ ան պիտի սկսէր աւելի ուշադիր ապրիլ։ Ան պիտի մտածէր իր խօսքէն առաջ, պիտի չափէր իր քայլը, պիտի փորձէր հասկնալ դիմացինի զգացումները։ Իսկ ամենակարեւորը՝ պիտի սորվէր ներողութիւն խնդրել։

Ներողութիւն խնդրելը թուլութեան նշան չէ։ Ընդհակառակն, ան ներքին ուժի արտայայտութիւն է։ Պէտք է մեծ մարդ ըլլալ՝ ըսելու համար. «Ես սխալեցայ»։ Շատ աւելի դիւրին է մատը ուրիշին ուղղել, քան հայելիին մէջ սեփական աչքերուն նայիլ։

Եթէ ամէն մարդ գիշերը քնանալէ առաջ իր խղճին հետ անկեղծ զրոյց մը ունենար, թերեւս վաղուան օրը քիչ մը տարբեր պիտի սկսէր։ Մարդը պիտի արթննար ո՛չ միայն նոր օրուան, այլ նաեւ նոր հնարաւորութեան մը հետ՝ շտկելու երէկուան սխալը։ Ներողութիւն մը, բարի խօսք մը, ձեռք մը երկարել, հեռաձայնով որպիսութիւն հարցնել, անկեղծ խոստովանութիւն մը՝ կրնային փոխել ուրիշ մարդու մը ամբողջ օրը։

Եւ երեւի աշխարհը մեծ փոփոխութիւններու համար միշտ մեծ հերոսներու կարիք չունի։ Երբեմն աշխարհը կը փոխուի շատ փոքր պահերու մէջ. երբ մէկը կը զսպէ իր բարկութիւնը, երբ մէկը կը նախընտրէ հասկնալ՝ դատելու փոխարէն, երբ մէկը կը լռէ՝ վիրաւորելու փոխարէն, երբ մէկը կը ներէ, երբ մէկը կը վերադառնայ եւ կ՚ըսէ. «Ներողութիւն, ես սխալեցայ»։

Մարդկութիւնը գուցէ երբեք ամբողջութեամբ կատարեալ պիտի չըլլայ։ Մարդը պիտի շարունակէ սխալիլ, բարկանալ, վիրաւորել եւ երբեմն սխալ որոշումներ առնել։ Բայց, տարբերութիւնը այն է, թէ ան արդեօք իր սխալին մէջ կը մնա՞յ, թէ կը համարձակի զայն տեսնել եւ սրբագրել։

Ուստի, թերեւս ամէն գիշեր քնանալէ առաջ մեզի պէտք է միայն հարցում մը.

«Այսօր աշխարհը քիչ մը աւելի լաւ տեղ մը դարձուցի՞, թէ քիչ մը աւելի ծանրացուցի զայն»։

Եթէ այս հարցումը անկեղծօրէն ուղղենք մենք մեզի, պատասխանը միշտ հաճելի պիտի չըլլայ։ Բայց, այդ պատասխանը կրնայ ըլլալ մեր վաղուան առաջին քայլը։

Որովհետեւ մարդը կը փոխուի այն օրը, երբ կը դադրի իր սխալները ուրիշներուն մէջ փնտռելէ եւ կը սկսի զանոնք իր մէջ տեսնել։ Իսկ աշխարհը կը փոխուի այն պահուն, երբ այդ փոքրիկ ինքնաքննութիւնը կը դառնայ միլիոնաւոր մարդոց ամենօրեայ սովորութիւնը։

Եւ գուցէ այդ ժամանակ աշխարհը իսկապէս աւելի խաղաղ, աւելի բարի եւ աւելի ապրուելու արժանի վայր մը դառնայ։ Ո՛չ թէ որովհետեւ մարդը այլեւս սխալ պիտի չգործէ, այլ որովհետեւ ան պիտի սորվի իր սխալներու ետին չպահուըտիլ, զանոնք ընդունիլ եւ յաջորդ օրը աւելի լաւ մարդ մը ըլլալ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026