ՄԱՅՐԸ

Մարիամ ճանչցուած եւ մեծարուած է իբրեւ Աստուածամայր՝ Աստուծոյ եւ Փրկչին Մայրը։ Ան Քրիստոսի անդամներուն Մայրն է, քանի որ ան իր սիրով մասնակցեցաւ եւ գործակցեցաւ Եկեղեցւոյ մէջ ծնունդին այն հաւատացեալներուն՝ որոնք Քրիստոսի անդամներն են։ Ուստի, Մարիամի՝ Աստուածածնի դերը Եկեղեցւոյ հանդէպ անբաժանելի է Քրիստոսի հետ իր մայր-որդի միութենէն՝ որմէ ուղղակի՛ կը բխի։ Մարիամի՝ Աստուածամօր իր Որդիին հետ այս միութիւնը բացայայտուած է Քրիստոսի կուսական յղութեան պահէն սկսեալ մինչեւ իր մահը։

Աստուածամայրը իր հաւատքի եւ հաւատարմութեան ուխտագնացութեան ճամբով ընթացաւ իր Որդիին հետ որդի-մայր միութիւնը հաւատարմօրէն պահպանելով մինչեւ Խաչ, որուն ոտքին աստուածային ծրագրով մը ան կանգնած՝ կսկծագին տառապեցաւ իր միածին Որդիին հետ, մայրական սրտով մասնակցեցաւ Անոր զենումին՝ իր մարմինէն ծնած զոհին տալով իր մայրական անկեղծ սիրոյ հաւանութիւնը եւ վերջապէս Խաչին վրայ հոգեվարող նոյն Քրիստոս Յիսուսին կողմէ իբր Մա՛յր յանձնուեցաւ աշակերտին՝ սա խօսքերով. «Կին դու, ահաւասիկ քու որդիդ». (ՅՈՎՀ. ԺԹ 16-17)։

Աստուածամայրը իր Որդիին Համբարձումէն ետք, իր աղօթքներով մասնակից եւ օժանդակից եղաւ Եկեղեցիին. ինք իր աղօթքներով հայցեց Սուրբ Հոգիին պարգեւը, որ Աւետումին օրը զինք իր հովանիին տակ արդէն առած էր։ Եւ վերջապէս, Կոյս Մարիամ՝ Աստուածամայրը, զոր Աստուած զերծ պահած էր սկզբնական մեղքի ամէն արատէն, իր երկնաւոր կեանքին ընթացքը աւարտելէ ետք, մարմինո՛վ եւ հոգիով վերափոխուեցաւ երկինքի փառքին մէջ եւ Տիրոջմէ պանծացուեցաւ իբրեւ «Մայր՝ թագուհի տիեզերքի», որպէսզի այսպէս նմանի իր Որդիին՝ որ Տէրն է տէրերու եւ յաղթողը՝ մեղքին եւ մահուա՛ն։ Սուրբ Աստուածածնի վերափոխումը եզակի մասնակցութիւն մըն է իր Որդիին Յարութեան եւ կանխակատարումը միւս քրիստոնեաներուն յարութեան։

Աստուածամայրը, իր որդեծնութեամբ՝ կուսութիւնը պահպանեց, իր ննջումով՝ աշխարհը չլքեց, այլ վերամիացաւ Կեանքի աղբիւրին. Ան՝ յղացող կենդանի Աստուծոյ. ան է, որ մեզի համար տեւապէս բարեխօսելով՝ իր աղօթքներովը մեր հոգիները մահէն կը փրկէ եւ կը վերակենդանացնէ։

Աստուածամայրը հաւատքի եւ սիրոյ տիպարը կը հանդիսանայ Հօր կամքին, իր Որդիին փրկչական գործին, Սուրբ Հոգիին ամէն դրդումին իր ամբողջական փարումով։ Ան իր այս հանգամանքով՝ «տիպա՛ր» մը եւ Եկեղեցւոյ ամենաբացառիկ եւ վսեմագոյն անդամն է. ան կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ «օրինակելի գործնականացում»ը։

Աստուածամայրը տիպա՛րն է նաեւ մայրութեան։ Ուստի, մայրութիւնը սրտի հետ կապ ունի եւ մօր սիրտը շատ անգամ կը կոտրի եւ կը ցաւի։ Մօր «մայրութիւն»ը՝ մայրական աշխատանքը կը տեւէ մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Արդարեւ, «մայր» կոչումը կը գերազանցէ ամէն կոչում։ Քանի որ երբ Աստուած «կին-մարդ»ը Իր պատկերին եւ Իր նմանութեամբ ստեղծեց, Իր սրտէն մաս մը առաւ եւ դրաւ անոր սրտին մէջ՝ որ ապա մայրացաւ եւ «մայր» կոչումը ստացաւ։

Մօր մը սիրտը՝ սիրտ մըն է, որմէ կը բխի սէր, գութ, կարեկցութիւն, ներողամտութիւն, համբերութիւն, նուիրում եւ զոհողութիւն։ Եւ այս բոլորը Աստուծոյ պատկանող յատկութիւններ են։ Աստուած լոկ կատարեալ գործ կը կատարէ եւ մայրը կատարելապէս յարմարցուց Իր պաշտօնին եւ կին-մարդը եղաւ Աստուծոյ գործակատարը. ասոր համար հոգեւոր մայրը ուրիշ որեւէ բանէ աւելի մայրութիւնը կը նախընտրէ։ Ուստի, այր-մարդը օժտուած է բազմաթիւ յատկութիւններով, բայց լոկ կին-մարդն է, որ օժտուած է մայրութեան կոչումով։

Արդարեւ, մօր մը մայրութեան ճամբորդութիւնը կը սկսի այն պահէն՝ երբ իր մարմնին մէջ կեանք մը կազմուի. կեանքի մէջ կեա՛նք… եթէ խորհուրդ մը չէ, հապա ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել զայն՝ որ ստեղծագործութեան մէկ ներկայութիւնն է. Աստուծոյ կին-մարդուն տուած առանձնաշնորհումը։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է նկարագրել «մայր»ը։

Մայրը իրաւունքներ չունի իր սովորական իմաստով, այլ ան ունի միայն առանձնաշնորհումներ։ Ան կը զոհէ, կը զոհուի. օրուայ շատ յոգնեցուցիչ մայրական աշխատանքէն ետք՝ միակ բանը, որ Աստուծմէ կը խնդրէ՝ կտոր մը քուն է։ Բայց, անշուշտ, այդ կարելի չ՚ըլլար շատ անգամ. քնանալէն հազիւ ժամ մը վերջ կը լսէ մանուկին լացը, կը ցատկէ տեղէն, գինովի պէս կը հասնի մանուկին, զայն կը կերակրէ, կը մաքրէ, կը մխիթարէ եւ ետ տեղը կը դնէ։ Մայրը, այսպէս, կը կորսնցնէ իր քնանալու իրաւունքը, սակայն, այդ քաղցր արարածին ծառայելու առանձնաշնորհը կը վայելէ…

Կ՚անցնին տարիներ, մանուկը «պատանի» կը դառնայ, սակայն, մօր համար սկզբունքը չի փոխուիր՝ նո՛յնն է։ Պատանին կը խոստանայ ժամը տասէն առաջ տունը ըլլալ։ Այդ յոյսով մայրը ճիշդ ժամը տասին անկողին կ՚երթայ. քունը կը տանի, սակայն, ջանքով արթուն կը մնայ, մինչեւ լսէ դուռին բացուելու ձայնը… կա՞յ արդեօք այդ պահը չապրող մայր… վայրկեաննե՜ր կ՚անցնին, ո՛չ մէկ ձայն. ժամը յաւիտենականութեան պէս կը թուի, մայրը մտահոգ է. կը սկսի տակնուվրայ ըլլալ, վերջապէս անզօր եւ անօգնական՝ Աստուծոյ կը դիմէ։ Կ՚աղօթէ, որ տղան յիշէ իր խոստումը եւ շուտով ելլէ տուն գայ։ Կ՚աղօթէ, որ Աստուած զինք մեղքէն եւ չար փորձանքներէն զերծ պահէ եւ ապահովութեամբ տուն վերադառնայ։ Կ՚աղօթէ եւ կ՚աղօթէ… Վերջապէս կէս գիշերին դուռի բացուիլը կը լսէ. «Փա՜ռք Տիրոջ», կ՚ըսէ։ Ճիշդ է, թէ երկու ժամ տանջուեցաւ եւ իր հանգիստէն զրկուեցաւ, սակայն, իր զաւկին համար աղօթելու առանձնաշնորհումը վայելեց…

Մայրը երբեք վճարում չունի, բայց միայն վարձատրութի՛ւն։ Ուստի, կարելի չէ, որ մայրը վճարուի, քանի որ մայրը վճարում չունի, միայն փոքր վարձատրութիւններ՝ որոնք զինք մեծապէս կ՚ուրախացնեն։ Մօր վարձատրութիւնը իր իսկ զաւակն է։ Մանուկին մէկ ժպիտը վարձատրութիւն մըն է իր մօր։ Երբ մանուկը առաջին անգամ «մայրիկ…», կ՚ըսէ՝ ա՛յս է մօր ամենամեծ վարձատրութիւնը։ Մայրը երբեք չի դադրիր Աստուծոյ փառք տալէ եւ այս փառաբանութիւնը ամենամեծ վարձատրութիւնն է մօր։ Երբ տղան կ՚աղօթէ՝ ա՛յդ է մօր վարձատրութիւնը։ Բարեսիրտ, կրթուած, աշխատասէր տղան վարձատրութիւն մըն է մօր։ «Աստուած անիրաւ չէ՛», որ իր եւ բոլոր մայրերուն «գործը մոռնայ» եւ չվարձատրէ զիրենք. (ԵԲՐ. Զ 10)։

Ակնկալութիւնը յուսախաբութիւն, դառնութիւն եւ քէն կը պատճառէ, իսկ ծառայութիւնը՝ ուրախութիւն, գոհունակութիւն եւ խաղաղութի՛ւն։ Հոգիով լեցուն մայրը կ՚ընտրէ ծառայութիւն եւ նուիրում, իսկ մնացածին համար կը վստահի Տիրոջ։

Մայրը կատարելութիւն չի կրնար մատուցանել, հապա իր գիտցածին լաւագոյնը կրնայ ընել։

Միայն Աստուած կատարեալ է։ Մայրը սխալներ կ՚ընէ՝ ինչպէս զաւակներ։ Բայց մայրը «մօր սիրտ» ունի. զաւակներուն յանցանքը կը ստանձնէ եւ ինքզինք պատասխանատու կ՚ընդունի։ Սակայն, ճշմարտութիւնը այն է, որ զաւակներ որոշ տարիքէ մը ետք ազա՛տ են իրենց ընտրութիւնները ընելու։ Չէ՞ որ Աստուած մեր բոլորին ազատ կամք տուած է. եթէ ծնողքը իրենց գիտցածին լաւագոյնը ըրած են, յանցաւոր նկատելը աւելորդ բեռ մըն է, որ Սատանան՝ «չար»ը ծնողքին վրայ կը դնէ։ Միթէ Աստուած չի՞ կրնար միջամտել եւ բոլոր հոգեւոր ծնողներու զաւակները շիտակ ճամբուն մէջ պահել։

Անշուշտ, կրնա՛յ։ Ո՛չ մէկ տարակոյս…

Չենք հասկնար, եւ ի՛նչ որ չենք հասկնար, կը ձգենք ամենագէտ եւ իմաստուն Աստուծոյ ձեռքերուն։ Բայց գիտենք, որ Աստուած խոստումներ ունի եւ միշտ բարին կը կամենայ մարդուն, եւ անպայմա՛ն կը կատարէ Իր խոստումը։ Հաւատանք եւ վստահինք Աստուծոյ…

Մայրը կը զոհէ իրաւունքները, ակնկալութիւնները, միայն կը ծառայէ, կը սիրէ, կ՚աղօթէ, կ՚ուրախանայ, կ՚երջանկանայ եւ բոլոր ուժերովը լաւագոյնը կ՚ընէ, որպէսզի կարենայ Տիրոջ առջեւ կայնիլ եւ խոնարհութեամբ կարենայ ըսել. «Ահա ես եւ այն զաւակները՝ որ Աստուած ինծի տուաւ». (ԵԲՐ. Բ 13)։

Շնորհաւոր Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօն, շնորհաւոր ըլլայ բոլոր մայրերուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 14, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026