ՀՐԱՇԱԼԻ ԵՂԻՑԻՆ

​«Եղիցի ինձ ըստ բանի քում»
(Ղուկաս, 1.38)

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս կը ներկայանայ իր հոգելից պատգամով։ Այդ պատգամը նոյինքն դրսեւորումն է տիպար կեանքի մը հիմնական սկզբունքին։ Ըստ երկրաւոր արձանագրութեան Յովակիմի եւ Աննայի դուստրն էր Մարիամ, սնած առ Աստուած ունեցած անսահման սիրով ու երկիւղով։ Իր ժամանակաշրջանին բնականաբար կ՚ապրէին մեծաթիւ ընտանիքներու դուստրեր, սակայն, անոնցմէ միայն Ան էր, որ արժանացաւ Աստուածընտիր կոչուելու պատիւին, դառնալով ընտրեալ անօթ՝ Աստուծոյ մշակած փրկագործութեան մեծ ծրագրին։

Պատմութեան էջերէն ծանօթ ենք, թէ կայսերական հրովարտակներու վրայ կ՚ընթերցուէր «ըստ հրամանին գործադրուի» պարբերութիւնը, որով կը յայտնուէր կայսերական տնօրինութիւնը պարտադրող զօրութիւնը, առ ի անթերի գործադրութիւն հրովարտակի պարունակութեան։ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ կարեւոր տեղ ունի «եղիցի» բառը, որ կը ներկայանայ որպէս արտայայտութիւն Աստուածային կամքին։ Երբ «Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց, երկիրը անձեւ եւ պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր» լսուեցաւ առաջին «Եղիցի»ն. «Եղիցի լոյս». Լոյս ըլլայ։ Եւ լոյս եղաւ ու Աստուած տեսաւ, որ լոյսը բարի է։ (Ծննդոց.1.1-4)։

Երեւելիներուն եւ աներեւոյթներուն արարիչը Աստուած կամեցաւ, իր պատկերին նմանութեամբը ստեղծած մարդը մեղքով անկեալ վիճակէն փրկել, մեղաւոր կենցաղին պատճառաւ մատնուած խաւարակուռ կեանքին վերջ տալ։ Աստուած «ինչպէս որ խաւարէն թող լոյս ծագի» ըսած էր, կամեցաւ նաեւ որ մարդոց սրտերուն մէջ ծագի Իր փառքի գիտութեան լոյսը ի դէմս Յիսուս Քրիստոսի (Բ. Կորնթացիս, 4.6)։ Եւ ի լրումն ժամանակի Աստուած իր կամքը հրեշտակին միջոցաւ յայտնեց Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքէն կոյս Մարիամին։ Մարիամն էր, որ Աստուծոյ կամքը ընկալեց ամենայն յօժարութեամբ եւ ըսաւ հրաշալի «եղիցի»ն, որով սկիզբ առաւ Նոր Ադամին՝ Աներեւոյթ Աստուծոյ պատկեր Քրիստոսի սքանչելի մարդեղութիւնը։ 

«Եղիցի ինձ ըստ բանի քում». Մարիամի ամենայն խոնարհութեամբ արտասանած «եղիցի»ին ընդմէջէն ի զուր է որոնել հրամայական զօրութիւն մը։ Հոն կը յայտնուէր ամենայն սիրով ենթարկուած ըլլալու վիճակ մը, հանդէպ՝ Աստուածային տնօրինութեան։ Հրաշալի եղիցին հաւատաւոր կեանքի մը ցուցիչն է։ Սուրբ Կոյսի հաւատքով առլցուն բաբախող սիրտը կարեվէր խոցուեցաւ, երբ Բեթղեհէմի մէջ «իջեւանելու համար տեղ մը չգտաւ» (Ղուկաս, 2.7)։ Լսեց Սիմէոն ծերունիի մարգարէութիւնը, թէ «իր հոգիէն սուր մը պիտի անցնէր, որպէսզի շատ սրտերու խորհուրդները յայտնի դառնային» (Ղուկաս, 2.34-35)։ Երբ տեղեկացաւ, որ Հերովդէս թագաւորի անձնապաշտութեան որպէս պտուղը մահասփիւռ սուրը կը սպառնար անդրանիկ Որդիին, Յովսէփի եւ Մանկան հետ յանձն առաւ ենթարկուիլ գաղթի ճանապարհին դէպի Եգիպտոս (Մատթէոս, 2.13-15)։ Մարիամի գթառատ եւ սիրով առլցուն սիրտը արիւն լացաւ, երբ տեսաւ իր չարչարուած Որդին արիւնաթաթախ վիճակի մէջ եւ ի վերջոյ ականատեսը եղաւ խաչելութեան։ Մարիամ ուրախացաւ իրեն տրուած աւետիսով եւ բոլորով սրտիւ հաւատաց, թէ «Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուածները պիտի կատարուէին» (Ղուկաս, 1.45)։

Մարիամ թէ՛ ուրախութեան եւ թէ տրտմութեան պահերուն պահեց հաւատքը Աստուծոյ նկատմամբ։ Ան գիտակցօրէն կը հաւատար, թէ կեանքի իւրաքանչիւր պահը կը կրէր Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ իւրաքանչիւր պահին մէջ կը տեսնէր Աստուծոյ կամքը։ Իր օրհներգութեանը մէջ խորապէս համոզուած ըլլալով կ՚երգէր «Հզօրը մեծամեծ գործեր ըրաւ ինծի համար եւ սուրբ է անոր անունը»։ (Ղուկաս, 1.49)։ Մարիամ տաճարի շրջափակին մէջ մեծցած ըլլալով սնած էր սրբութեամբ եւ ծանօթ՝ Աստուծոյ Խօսքին։ Այս առումով իր արտասանած հրաշալի եղիցին հանգիստ կերպով կ՚ընդելուզէր սաղմոսի բառերուն եւ եղիցին այս անգամ կը ներկայանար որպէս սրտեռանդն փափաքի մը արտայայտութիւնը. «Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ, յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան» (Սաղմոսք, 112.2). Տիրոջ անունը օրհնեալ ըլլայ այսուհետեւ մինչեւ յաւիտեան։ Նաեւ հաւատքով կ՚երգէր սրտանց խոստովանելով, թէ Աստուծոյ անունը արեւի ստեղծագործութենէն ալ առաջ կար. «Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ յաւիտեան, զի յառաջ քան զարեւ է անուն Նորա» (Սաղմոսք, 71.17). Մարիամի համար առիթ չէր պակսեր փառաբանելու Աստուծոյ սքանչելագործ զօրութիւնը. իր աղօթանուէր կեանքը ընդմիշտ կը պայծառանար, երբ Սաղմոսի բառերով կը մաղթէր, որ Աստուծոյ փառքի անունը յաւիտեան մնար եւ երկիրը Անոր փառքովը լեցուէր. «Օրհնեալ Տէր Աստուած Իսրայէլի, որ առնէ սքանչելիս միայն. լցցի փառօք նորա ամենայն երկիր. եղիցի, եղիցի» (Սաղմոսք 71.18-19)։ 

Սուրբ Կոյսը Աստուածսիրութեամբ կը յայտնուի հաւատքի վկայութեամբ, որ բոլորիս կը ներկայանայ օգտաշատ թելադրութեան մը վերածուելով։ Սուրբ Կոյսի մաքրամաքուր կենցաղին ընդմէջէն կը լսենք հետեւեալ անգիր խրատը. «Ձեր հաւատքով չըլլայ որ միայն ուրախ օրերուն Աստուծոյ հետ ըլլաք։ Նոյն հաւատքը պէտք է պահէք նաեւ ցաւի, նեղութեան, տրտմութեան, մթագնած կեանքի օրերուն մէջ եւ շարունակէք վստահիլ Աստուծոյ»։

Այս թելադրանքը նաեւ յիշեցում մըն է լաւագոյնս ըմբռնելու Տէրունական աղօթքի «եղիցի»ն, որ է «Եղիցին կամք քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի»։ Սա ինքնին բանիւ բերանոյ արտայայտութիւն մըն է, թէ կը կամենանք յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին երբ դէմ յանդիման կը մնանք կեանքի դրական եւ ժխտական նկատուած երեսակներուն հետ։ Երանի մեզի եթէ այս հաւատքի արիութիւնը կարենանք ցուցաբերել։

Սուրբ Կոյսը Աստուծոյ կամքին յանձնուեցաւ հրեշտակին ըսելով. «Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես, քու խօսքիդ համաձայն ըլլայ ինծի» (Ղուկաս, 1.38)։ Եւ այդ յանձնուած վիճակը պահեց մինչեւ իր երկրաւոր կեանքի վախճանը։ Նաեւ յայտնուեցաւ կարեւոր թելադրանքով մը. «ըրէք՝ ինչ որ Քրիստոս կ՚ըսէ ձեզի» (Յովհաննէս, 2.5)։

Քրիստոս՝ մեր Փրկիչը յարութիւն առաւ, յաղթեց մահուան եւ բացաւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը։ Քրիստոսի յարութեամբ ի լուր աշխարհի յայտարարուեցաւ մահուան դէմ տարուած յաղթանակի մը աւետիսը. «ո՞ւր է, մահ, քու յաղթութիւնդ, ո՞ւր է, գերեզման, քու խայթոցդ» (Ա. Կորնթացիս, 15.55)։ Բոլորով սրտիւ կը հաւատանք, թէ յարութեան սքանչելի դէպքը ապացոյցն է, թէ մահը կեանքին հուսկ բանքը չէ։ Հուսկ բանքը Քրիստոսին կը պատկանի։ Սուրբ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարին կը հաւատանք, թէ Քրիստոս իր անզուգական Տիրամայրը չթողուց գերեզմանի մէջ եւ փոխադրեց երկինք հրեշտակներու երգակցութեամբ, կեանքի կոչելու Սաղմոսաց գիրքի բառերը. «Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ չես թողուր, ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել չես տար» (Սաղմոսք, 15.10)։ Քրիստոս անապական թաղմամբ գերեզման դրուեցաւ եւ առանց ապականութիւն տեսնելու երրորդ օրը յարութիւն առաւ։ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն համար Սուրբ Կոյսը սուրբերու թագուհին է իր սրբակենցաղ ու հաւատաւոր վարքով։ Այս առումով կը հաւատան, որ Քրիստոս չէր արտօներ, որ իր Տիրամայրը ապականութիւն տեսնէր գերեզմանի մէջ։ Հետեւաբար, երկինք փոխադրեց եւ այդ վերափոխումը Սուրբ Կոյսի մաքրամաքուր կենցաղին թագը հանդիսացաւ։ Կը հաւատանք, որ ան բարեխօս է իր Միածին Որդւոյն առջեւ։

Սուրբ Կոյսը աննման է իր վարքով եւ օրինակ՝ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ընթանալ իր հրաշալի եղիցիի՝ «Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես, քու խօսքիդ համաձայն ըլլայ ինծի» բառերու իմաստով։

Աստուածամայրը օրինակ է մայրութեան։ Ընտանիքի մայրեր, որոնք երբ դէմ յանդիման կը մնան կեանքի պայմաններու յառաջ բերած դժուարութեանց հետ, իրենց համար բարեխօս ունին Սուրբ Կոյսը։ Սուրբ Կոյսի աղօթանուէր կեանքը կը թելադրէ անդադար աղօթել նման դժուարութեանց կամ նեղութեանց պարագաներուն եւ վստահիլ՝ Աստուծոյ զօրութեան։

Սուրբ Կոյսի վերափոխման տաղաւարը լաւագոյն առիթն է խնդրելու իր բարեխօսութիւնը՝ մեր ընտանիքներու Աստուածային օրհնութիւններով պայծառացման համար։ Սրտագինս խնդրենք մեր զաւակներուն իմաստութիւն, որ մնան մեր հայրերու պապենական եւ օրհնալի հաւատքի հիման վրայ, ունենան կեանքի լուսաւոր ճանապարհ։ Անընդհատ խնդրենք հիւանդներուն՝ բժշկութիւն, տառապողներուն եւ սգաւորներուն մխիթարութիւն, ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութիւն։ Շարունակենք աղօթել աշխարհի խաղաղութեանը համար։ Աստուածամայրը բարեխօս ըլլայ իր Միածին Որդւոյն մօտ, որպէսզի լռեն պատերազմները, դադրին աւերիչ յարձակումները, ռազմական աւերմունքները եւ երկրի վրայ տիրապետէ սէրն ու արդարութիւնը։

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը առիթ է անդրադառնալու, թէ մեր հաւատքի լուսաբեւեռը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը ընծայուած է Սուրբ Աստուածածնի։ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն իջմամբ նուիրագործուած աղօթատեղին թող շարունակէ սփռել հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ճառագայթները առ ի լուսաւորութիւն մերազն հաւատացելոց։ Տեւաբար կը հայցենք Աստուածամօր, մեր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներու, մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համար եւ կը շարունակենք մնալ աղօթող ըսելով. «Տէր Աստուած մեր, Հայաստանեայց բոլոր Եկեղեցեաց ծնող, դաստիարակ եւ կատարելագործող Մայր Աթոռը մինչեւ աշխարհի վախճանը պահէ անարատ, հաստատուն եւ անստուեր՝ ի պայծառազարդութիւն մեր եկեղեցիներու եւ անոնց սպասաւորներու, որոնք միշտ կը փառաւորեն ամենասուրբ անունդ յաւիտեանս յաւիտենից»։

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը ընդմիշտ բարեխօսէ բոլորիս համար։ Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ, յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

13 օգոստոս 2026, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026