ԺԱՄԱՆԱԿ-ՈՎ ԵՂԲԱՅՐԱՑԱԾ՝ ԴԷՊԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԸՆԹԱՑՈՂ
Ծանօթութիւններ կան, հանդիպումներ կան, զորս տարբեր են սովորական ծանօթութիւններէ, մեքենայական հանդիպումներէ եւ ժամանակի ընթացքին կը վերածուին մտերմութեան՝ տակաւ առ տակաւ բարձրանալով եղբայրութեան, հարազատութեան:
Այդպիսին էր պարագան Տ. Մաշտոց քահանայ Քալփաքճեանին հետ ունեցած ծանօթութեանս ու հանդիպմանս, որ տեղի ունեցաւ հայ մամուլի նահապետի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին անմիջական միջնորդութեամբ: Միջնորդութիւն մը, որու համար երախտապարտ եմ ու երախտապարտ կը մնամ:
Տէր Մաշտոցը, արդարեւ, երկա՜ր ժամանակէ ի վեր «ճանչցած» էի իր գրութիւններուն ընդմէջէն, զորս գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՚ըմբոշխնէի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն վրայէն:
Օրեր գացին, օրեր եկան եւ օր մը թերթիս պատուարժան խմբագիրը՝ Արա Գօչունեանը առաջարկ մը ներկայացուց՝ Տէր Մաշտոցի գրութիւններէն հաւաքածոյ մը կազմելու: Այդ առաջարկը առիթ հանդիսացաւ ա՛լ աւելիով «ճանչնալու» Տէր Մաշտոցը, որով ծնունդ առաւ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» հատորը, 2022-ին, Իսթանպուլ:
Այս հատորի լոյս աշխարհ գալուն յաջորդող տարին՝ Պոլիս այցելութեան օրերուս, առիթը ունեցայ այս անգամ մօտէն հանդիպելու եւ ճանչնալու Տէր Մաշտոցը՝ այդ օրերուն Ազգային հիւանդանոցի շրջափակէն ներս (այս մասին օրին գրած եմ թերթիս էջերուն մէջ): Այդ հանդիպումէն ետք մեր շփումները վերածուեցան մնայուն յարաբերութեան, որով հաղորդագրութիւններով՝ գրաւոր թէ ձայնային, հեռախօսազրոյցներով միշտ կապի մէջ եղանք եւ կը շարունակենք ըլլալ տակաւին: Անդին, ամէն անգամ երբ Պոլիս գալու առիթ կ՚ունենամ, Տէր Մաշտոցին տունը վերածուած է ուխտավայրի մը, ուր անպայման կը փորձեմ հանդիպիլ՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնը, վայելելու անոր քաղցր ներկայութիւնն ու լիցքաւորուելու դրական լիցքերով եւ տրամադրութեամբ: Այդպիսին եղաւ նաեւ այս անգամուան այցելութեանս ընթացքին, որով հանդիպեցայ Տէր Հօր՝ թէեւ կարճ ժամանակով, բայց դրական լեցքերով եւ բարձր տրամադրութեամբ զինուած հեռացայ իր մօտէն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, արդարեւ, այն ազնիւ հանգոյցը եղած էր մեզի համար, որով նոր եղբայրութեան մը սկիզբը դրաուծ էր աւագ եղբօր մը հետ՝ յանձինս Տէր Մաշտոց քահանային: Եղբայրութիւն մը, որու առանցքը կը կազմեն անկեղծութիւնն ու անմիջականութիւնը: Եղբայրութիւն մը, որու շղարշը քաղցր ժպիտն ու հարազատ ջերմութիւնն է: Եղբայրութիւն մը, որու թագը փոխադարձ յարգանքն ու սէրն է: Եղբայրութիւն մը, որու շնորհիւ սորված եմ եւ կը շարունակեմ սորվիլ, թէ ինչպէս մարդ կրնայ ներկայի եսակեդրոնութեան դարաշրջանին մէջ շարունակել ապրիլ այն արժէքներով ու համոզումներով, որոնց միջոցով մեր ժողովուրդը դարերով դէմ դրած է բազմաթիւ հարուածներու եւ դժուարութիւններու: Եղբայրութիւն մը, ի վերջոյ, որ մնայուն կերպով կը յիշեցնէ ինծի, թէ մենք միայն այս աշխարհին ու այս կեանքին համար չկանք, միայն այս ժամանակով չե՛նք սահմանափակուած, այլ՝ կոչուած ենք անդենականին, յաւիտենականին, որու դուռը այս աշխարհէն կը սկսի, կարեւորը կարենանք այդ դուռը գտնել, մեր քայլերը ուղղենք դէպի այդ դուռը եւ զայն բանալով մեր աչքերը դէպի անժամանակը ուղղելով՝ քայլ առ քայլ բարձրանանք այդ դուռով մեր առջեւ բացուած աստիճաններէն, հասնելու համար մեր յաւիտենական հանգրուանին:
Երանի՜ թէ Տէր Մաշտոցի նման հոգեւորական թէ աշխարհական մարդիկը շա՜տ ըլլային…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10 օգոստոս 2026, Պոլիս