ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան գլխաւորեց՝ շաբաթավերջին դէպի Վաքըֆլըգիւղ կազմակերպուած աւանդական համայնքային ուխտագնացութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վաքըֆլըգիւղի ճանապարհին նախ հանդիպեցաւ Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, որու վերանորոգութեան խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Նորին Ամենապատուութիւնը աւելի վերջ ուղեւորուեցաւ դէպի Վաքըֆլըգիւղ, ուր դիմաւորուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Դիմաւորման եւ տեղւոյն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած «Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր աղօրհնէք։ Ուղղափառ եկեղեցւոյ շրջանի մետրապոլիտն ալ ներկայ էր արարողութեան։

Տաղաւարի Ս. Պատարագին նախորդող գիշերը, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական ժողովրդական խրախճանքը՝ մինչ պատրաստուեցաւ հարիսան։

Երէկ առաւօտ, Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը՝ հանդիսապետութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ տուաւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էին նաեւ՝ Կիլիկեան Աթոռի միաբաններէն Տ. Մովսէս աբեղայ Եասուլքանեան եւ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա։ Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ խաղողօրհնէք, որու ընթացքին ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը հասաւ գագաթնակէտին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երեկոյեան ուշ ժամերուն արդէն վերադարձաւ իր Աթոռը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026