ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ

-Ի՞նչ է այս տուփը, հարցուց տղաս: 

Չգործածուող կամ այլեւս չգործածուող բաներ մը ունինք իւրաքանչիւրս, անպայման, այդ չգործածուող բաներն ալ մեր աչքին առջեւէն հաւաքող, անոնց գրաւած տարածութիւնը ազատող պահարաններ ալ ունինք, անկասկած, որոնք գոց կը մնան շատ յաճախ: 

Այդպիսի պահարան մըն էր բացածս. չգործածելը հասկցա՛նք, գոնէ մէջինները մաքրելու համար: 

Տղուս ակնարկած տուփը հանեցի. Հալէպի մեր տան հի՜ն կարի տուփն էր, որ Գահիրէ տեղափոխուած ատեն հետս բերած էի… 

Զարմացա՞ք, թերեւս ալ ծիծաղեցաք, բայց ա՛յս էր եղածը: 

Մեր պահած բաները չե՞նք մենք: 

Չհասկցաւ տղաս, անշո՛ւշտ, «կարի տուփ» արտայայտութիւնը. խոստովանիմ, որ այսքան տարի է, հազուադէպ տուփը բացած ու մէջինները գործածած եմ: 

Բան մը կարելը ինչպէ՞ս պէտք չըլլար եւ ինչու հոն՝ չգործածուողներուն հետ էր այս տուփը, պահ մը խորհեցայ, բայց՝ կը կարե՞նք մենք այսօր: 

Ծակած գուլպաները, փրթած կոճակները կը կարե՞նք, մեր նոր գնած տաբատները մենք կը կարճեցնե՞նք, բան մը կը լայնցնենք-կը նեղցնե՞նք մենք՝ այսօրուան տանտիկինները: 

Դրական պատասխան մը չեմ յանդգնիր տալ եւ լաւագո՜յն պարագան կրնամ նկարագրել. վերի բոլո՜ր օրինակները երկա՜ր ատենէ մէկ կողմ դրուած տոպրակի մը մէջ հաւաքելով ամենամօտիկ դերձակին տանիլ:

Խնդիրը կարելուն տրամադրուելիք քանի մը վայրկեա՞նն է, թէ արագընթաց ու «սուղ» մեր ժամանակին ոչ-համահունչ կարելու գործողութի՞ւնը: 

Անիմաստ այս պատրուակին տակ ինչքա՜ն գործողութիւններ ու բայեր դուրս ելան մեր կեանքէն… 

Տղուս ցոյց տալու համար բացի տուփը, բայց անոր մէջի հնութիւնը, ժամանակը վերստին ըմբոշխնելու կարիքը, իսկութեան մէջ, իմս էր. Թանգարանի նմոյշ մը բացատրող ղեկի մը պէս ներկայացուցի տուփին հին, բայց որակեալ ու դեռ փայլող փայտը, անոր մէջի գեղեցիկ եւ օգտակար աստիճանաւորումները, դեռ իրենց տեղը գրաւող հին թելերը, ասեղները, գնդասեղները, ապահով գնդասեղները…

Ե՞րբ «անթիք» բաներու վերածուեցան այս բաները: 

Ամէն ինչի փոխարէնը առաջարկող մեր կեանքին մէջ տեղ ունի՞ն այլեւս վնասուած բան մը նորոգող առարկաները:

- Ինչ «օրկընա՜յզտ» է, ըսաւ տուփը դիտելու համար «փլէյ սթէյշըն»ի իր խաղը ընդհատող տղաս: 

Ես եւ տղաս = կարի տուփ եւ «փլէյ սթէյշըն». 

Ամէն ինչ չըսէ՞ր, արդէն, զարմանալիօրէն իրական այս հաւասարումը: 

Պատմութիւն չունեցող առարկներու հետ մեծցող տղա՞ս, թէ վերի հակասութեան մէջ իր տեղը չգտնող հին մարդ մը՝ ես. ո՞վ է այս հաւասարումին իսկական անյայտը: 

Երկուքս՝ թերեւս. դիւրին չե՛ն այսօրուան հաշիւները: 

Տուփս գրկած «փլէյ սթէյշըն»ի աղմուկէն հեռացայ, թեւերը բացած թռչունի մը պէս աչքիս դիմաց դրի եւ դիտեցի. ամրան համեմատաբար խաղաղ այս օրերուս, զիս տխրեցուց գործի եւ ընելիքներու վազվզուքիս մէջ՝ այս տուփը եւ այլ գեղեցիկ բաներ պահարանի մը մէջ նետած ըլլալուս իրականութիւնը:

Ժամանակ չունեցած մեր այսօրուան մարդուն ըրածն էր ըրածս. պէ՞տք է՝ տեղ ունի, անպէ՞տք է՝ թափէ՛: Երանի ինծի, որ պահարանի մը մէջ նետելով պահած էի դեռ… 

Կափարիչով շաքարաման, գոյները չկորսնցնող ծաղկաման, յիսուն տարի մնացող բիւրեղապակեայ զարդ, փայտի մէ՛կ կտորէ տաշուած սանտր, սլաքներու շարժումին ձայնը լսուող, կէս ժամը մէյ մը զրնգող պատի ժամացոյց, փոքրիկ հեռադիտակ, պատին կախուած ասեղնագործ կտաւ, ձեռագործ սեղանի ծածկոց, ճաշի ոսկեզօծ աման, շքեղ բռնիչներով թէյի գաւաթ… 

Աւելցնելիք ունի՞ք հի՜ն, այսօր անպէտք ու անիմաստ տարածութիւն գրաւող գեղեցի՜կ այս բաներուն վրայ: 

Թէ՞ պիտի նախնտրէք այսօրուանները:

Թուղթի մը մէջ դրուած ճերմակ եւ սրճագոյն շաքարը. շաքարամանի կարիք չկայ: 

Տեղէ-տեղ փոխադրած ատենդ ձեռքիդ մէջ կտրուող ծաղկաման մը, որուն ինչէ շինուած ըլլալը յստակ չէ հաւանաբար, երբ գործարանի մէջ հազար-հազար կը կաղապարուին այսօրուան նոյնանման, միագոյն, «մինիմալիսթ» մեր տուները զարդարող «մոտերն» մեր զարդերը: 

Սուղ ժամացոյց մը ունենալու շռայլութեամբ հպարտացող մարդոցմէ անդին՝ ժամ, թուական, սլաք, կկու… ժամացոյցի թէ՛ պատի ժամացոյցի կարիք կա՞յ. կեցցե՜ն կեանք դասաւորող մեր հեռաձայնները: 

Թատրոն, օփերա, ներկայացում, ատենին գոցուող դռներ, պատշաճ հագուկապ-նիստուկաց՝ ո՞ւր են. ինչո՞ւ հեռադիտակ: 

Սեղանի ծածկոց, ան ալ՝ ձեռագործ. իմաստ ունի՞: Լուալ, փռել… 

Սիրելի մեր «մակ»երը եղած ատեն, տակը ամանով թէյի շքեղ գաւաթ մը՝ ո՛չ գործածական: 

Չէ՜, վերջ չունին մեր կեանքին էութիւնը ուրուագծող այս առարկաները…

Յետաձգեմ մաքրութիւնը, մտածեցի. դուրսինէն կարեւոր է ներսինը: 

Սուրճ մը եփեցի, Ռոմէօ-Ժիւլիէթով զարդարուած հի՜ն գաւաթի մէջ լեցուցի, փայտեայ ափսէի մէջ ներս տարի, ասեղնագործ ծածկոցով սեղանիս վրայ դրի եւ օրօրուող աթոռիս վրայ նստայ այս պահը վայելելու… 

Պակաս բան մը կայ. երաժշտութի՜ւն: 

«Կրամոֆօն» մը ըլլա՜ր…

Հեռաձայնս բռնեցի:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026