ՓԼԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ. ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Օգոստոսը Թուխ Մանուկներու աշխարհին մէջ առանձնայատուկ ամիս մըն է։ Տարուան այս շրջանին, երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, հայկական տարբեր բնակավայրերու մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու ուխտերու կողքին դարերէ ի վեր պահպանուած է նաեւ Թուխ Մանուկներ ուխտի երթալու աւանդութիւնը։ Անցեալին ուխտաւորները հոն կը տանէին օրհնուած խաղող, կը վառէին մոմեր եւ ընտանիքներով մատաղ կ՚ընէին, իսկ այդ աւանդութիւնը ձեւով մը պահպանուած է նաեւ այսօր։

Թուխ Մանուկներու այցելութիւնները, սակայն, միայն մէկ տօնի հետ կապուած չէին. անոնք զանազան առիթներով ուխտի վայրեր էին՝ անհատական խնդրանքի, բժշկութեան, ընտանիքի բարօրութեան, հաւատքի եւ համայնքային տօնախմբութեան համար։

Խաստուրի Ս. Աստուածածին վանք ուխտի գացողները կ՚այցելէին նաեւ Թուխ Մանուկ, որպէսզի իրենց ուխտը ամբողջական համարուի։ Ալաշկերտի եւ Համզաշէնի Թուխ Մանուկներու տօներն ալ կը կատարուէին օգոստոսին՝ Ս. Աստուածածնի տօնի շրջանին։

Այսօր Թուխ Մանուկ ուխտավայրերէն շատերը թէեւ աւերուած են, փոխուած կամ իրենց նախկին ժողովրդական կեանքը կորսնցուցած, բայց Թուխ Մանուկի աւանդութիւնը ամբողջովին չէ վերացած։ Կան տակաւին Թուխ Մանուկներ, կան անոնց անունով պահպանուած սրբավայրեր, աղբիւրներ եւ յիշողութիւններ, իսկ որոշ վայրերու մէջ ուխտի աւանդութիւնը կը շարունակուի։

Հայկական լեռնաշխարհի գիւղերուն, ձորերուն, լեռնանցքներուն եւ հին ճանապարհներուն վրայ դարեր շարունակ ապրած է այդ խորհրդաւոր անունը՝ Թուխ Մանուկ։ Այս անունը կը հանդիպի փոքրիկ մատուռներու, քարաշէն խցիկներու, սրբազան աղբիւրներու, ծառերու եւ նոյնիսկ պարզ ժայռերու կամ քարակոյտերու կապուած ժողովրդական աւանդութիւններու մէջ։

Արտաքնապէս համեստ, երբեմն գրեթէ աննշան թուացող այս վայրերը ժողովուրդի հաւատքին մէջ ունէին բացառիկ նշանակութիւն։ Անոնք կը կրէին դարերու խորքէն եկող կենդանի յիշողութիւն մը՝ կապուած նախնիներու պաշտամունքին, հերոսական տիպարներուն, բնութեան ուժերուն եւ հայ ժողովուրդի հնագոյն պատկերացումներուն հետ։

ԳՐԵԹԷ ԱՄԷՆ ԳԻՒՂԻ ՄԷՋ՝ ՄԷԿ ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿ

19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ հայ ազգագրագէտները, ապա նաեւ ճարտարապետները արձանագրեցին բազմաթիւ Թուխ Մանուկներ։ Գարեգին Սրուանձտեանց կը վկայէր.

«Հայաստանի մէջ իմ տեսած տեղերս, հազիւ գրեթէ կը գտնուի գեղ մը, որ Թուխմանուկ չունենայ. թէպէտ քաղաքներու մէջ ալ կը գտնուին»։

Կային բնակավայրեր, ուր նոյնիսկ քանի մը Թուխ Մանուկներ կը հանդիպէին։ Պատմաբաններ Արճակի մասին կը գրեն, թէ գիւղին մէջ երեք Թուխ Մանուկ կար, իսկ Մանազկերտի մէջ՝ վեց տաղաւարիկ, որոնցմէ չորսը Թուխ Մանուկ կը կոչուէին։

Թուխ Մանուկներ արձանագրուած են Անբաղի, Փաթնոսի, Ալաշկերտի, Համզաշէնի, Կոփի, «Մշոյ աշխարհի», Խնուսի, Խաստուրի, Արտամետի, Կիւսնենցի, Վանի, Օշականի, Եղուարդի, Արմտլուի, Աղաւնատան եւ բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ։

Պատմաբան Ասատուր Մնացականեան (Ասատուր Շեմս), Թուխ Մանուկներուն նուիրուած իր մեծածաւալ ուսումնասիրութեան մէջ, կը շեշտէ, որ այս երեւոյթը պէտք չէ դիտել իբրեւ պատահական կամ լոկ տեղական հաւատալիք։

Գիտնականը տարբեր աղբիւրներու մէջ ցրուած ազգագրական, պատմական, բանահիւսական եւ լեզուական վկայութիւնները համադրելով՝ կը փորձէ վերականգնել Թուխ Մանուկներու ետին գտնուող հին մշակութային համակարգը։

Ըստ Մնացականեանի՝ անոնք հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթի ամենահին շերտերէն մէկուն հետ կապուած են, եւ անոնց մէջ պահպանուած են նախաքրիստոնէական հաւատալիքներու ու կենցաղի խոր արձագանգներ։

ՓՈՔՐԻԿ ՄԱՏՈՒՌՆԵՐ՝ ՄԵԾ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ

Ճարտարապետական առումով Թուխ Մանուկները սովորաբար մեծ ու շքեղ կառոյցներ չէին։ Անոնք հիմնականին մէջ մատուռանման, իսկ երբեմն ալ գերեզմանաձեւ փոքրիկ շինութիւններ էին։ Որոշ նկարագրութիւններու համաձայն՝ անոնք եղած են նաեւ միանաւ, թաղածածկ, արեւելեան խորանով կառոյցներ, որոնք յաճախ կը գտնուէին բարձունքներու վրայ կամ ջուրերու ակունքներուն մօտ, թէեւ հանդիպած են նաեւ բնակավայրերու մէջ։

Գարեգին Սրուանձտեանց զանոնք կը նկարագրէ իբրեւ «ամենափոքրիկ մատուռ» կամ առանց կաւաշաղախէ շարուած քարերով փոքրիկ շէնք, երբեմն ալ՝ գերեզմանաձեւ կառոյց, որուն մէջ ճրագ ու խնկաման կը գտնուէր։

Սակայն, Թուխ Մանուկի սրբութիւնը պարտադիր չէր կապուած ըլլալ նոյնիսկ շինութեան մը հետ։ Ալաշկերտի մէջ, օրինակ, Թուխ Մանուկը կը պաշտուէր ուղղակի որպէս քարակոյտ։ Տօնի ժամանակ ժողովուրդը հոն կը հաւաքուէր եւ կը քալէր այն վայրերէն, «ուր Թուխ Մանուկներ քայլած են»։

Այս հանգամանքը կը բացայայտէ Թուխ Մանուկի գաղափարին առանձնայատկութիւնը. սրբութիւնը կրնար բնակիլ ո՛չ միայն կառուցուած տաճարի մը, այլեւ քարի, աղբիւրի, ծառի կամ նոյնիսկ որոշակի վայրի մը մէջ։

ՅԱՃԱԽ՝ ԱՒԵՐԱԿ

Ազգագրական գրեթէ բոլոր նկարագրութիւններուն մէջ Թուխ Մանուկները կը ներկայացուին իբրեւ աւերակ կամ կիսաքանդ սրբավայրեր։

Զարմանալի է, եթէ այս վայրերը այդքան տարածուած էին, եթէ անոնք ամէն շաբաթ երեկոյ խունկով ու մոմով կը պատուէին, եթէ ունէին տարեկան տօներ եւ բազմամարդ ուխտագնացութիւններ, ինչո՞ւ անոնք այդքան անշուք ու փլատակ վիճակի մէջ կը գտնուէին, մինչդեռ շրջակայ քրիստոնէական սրբավայրերը շէն ու խնամուած էին։

Ասատուր Մնացականեան այս հանգամանքը կը կապէ Թուխ Մանուկներու նախաքրիստոնէական ծագումին հետ։ Ըստ գիտնականին՝ անոնք հին հեթանոսական սրբավայրերու շարունակականութիւնն էին, որոնք քրիստոնէութեան հաստատումէն ետք հալածուած եւ աւերուած էին։ Սակայն, անոնց պաշտամունքը ժողովուրդի կեանքին մէջ ամբողջութեամբ չէր անհետացած։

Թուխ Մանուկներու ամենամեծ առեղծուածը թերեւս հոս է՝ անոնք յաճախ կորսուած են իբրեւ կառոյց, բայց պահպանուած են իբրեւ յիշողութիւն։

Թուխ Մանուկներու մասին գրող հեղինակները միաբերան կը վկայեն, որ զանոնք մեծարողները հիմնականին կիներ էին, յատկապէս տարիքոտները։ Վկայութիւններ գրեթէ չկան այն մասին, որ Թուխ Մանուկներուն ծառայած են հոգեւորականներ։

Ամէն շաբաթ երեկոյ կամ տօնական օրերուն կիները, իրենց հետ տանելով խունկ, մոմ եւ ձէթ, կը ծխէին ու կը վառէին, մրմնջալով.

«Աստուած ողորմի մեր նախնեաց հոգւոյն»։

Այս մէկ նախադասութիւնը գուցէ ամենէն աւելի պարզ կերպով կը բացայայտէ Թուխ Մանուկներու խորհուրդը։ Ժողովուրդը հոն կը դիմէր ո՛չ միայն քրիստոնէական սուրբի մը, այլեւ իր նախնիներու յիշատակին։

Քրիստոնէական պաշտօնական սուրբերու ցանկին մէջ «Թուխ Մանուկ» անունով սուրբ չկայ։ Ընդհակառակն, եկեղեցական որոշ անէծքներու մէջ Թուխ Մանուկները, Թուխերը եւ Աղէկ Մանուկները նոյնիսկ ներկայացուած են իբրեւ «չար ոգիներ եւ դեւեր»։ Սակայն, ժողովրդական աւանդութիւնը իր հնամենի սովորութիւններուն ուժով շարունակած է պահել այս սրբավայրերը։

Ո՞Վ ԷՐ ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿԸ

Թուխ Մանուկ անունին ամենամեծ առեղծուածը անոր բուն իմաստին մէջ է։

«Թուխ» կը նշանակէ սեւ կամ մուգ, իսկ «մանուկ» բառը հին հայերէնի մէջ միայն երեխայ չէր նշանակեր։ Ասատուր Մնացականեան կը շեշտէ, որ «մանուկ»ը կրնար նշանակել նաեւ կտրիճ, քաջ, արի, ճարտար եւ հերոս։

Այս մեկնաբանութեան հիման վրայ «Թուխ Մանուկ»ը կարելի է հասկնալ իբրեւ սեւավարս, քաջ կտրիճ։

Գիտնականը այս գաղափարը կը կապէ հին տարիքային խմբաւորումներու, երիտասարդական եղբայրութիւններու եւ դիցաբանուած հերոս-նախնիներու պաշտամունքին հետ։

Հին հասարակութիւններուն մէջ երիտասարդութիւնը կը դաստիարակուէր առանձնայատուկ եղանակով՝ մարզանքով, ըմբշամարտով, վազքով, նետաձգութեամբ եւ այլ փորձութիւններով։ Երիտասարդը որոշակի ծէսերէ եւ փորձութիւններէ անցնելէ ետք միայն կը դառնար համայնքի լիարժէք անդամ։

Այս աշխարհին մէջ հերոս-նախնին ունէր առանձնայատուկ տեղ։ Ան երիտասարդներու համար քաջութեան, ուժի եւ առնականութեան օրինակ էր։

«ՄԱՆՈՒԿ»Ը՝ ՀԱՅ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԻՒՑԱԶՆԱՎԷՊԻ ՄԷՋ

«Մանուկ» հասկացութիւնը լայն տարածում ունի հայկական աղբիւրներու մէջ։

Մովսէս Խորենացիի յիշատակած Վարդգէս Մանուկը հերոսական կերպար մըն է։ Հայ հին դիցաբանութեան Վահագնը կը նկարագրուի «հուր հեր» եւ «բոց մօրուս» ունեցող աստուածային երիտասարդի կերպարով։

«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին մէջ կը հանդիպին բազմաթիւ «Խոր Մանուկ»ներ՝ Խոր Մանուկ որդի Մհերի, Խոր Մանուկ Վանէն, Խոր Մանուկ փահլեւան։ Հէքիաթներու եւ միջնադարեան քերթուածներու մէջ ալ կը հանդիպին Օձ Մանուկ եւ Ֆարման Մանուկ անունով հերոսներ, որոնց սխրանքները յաճախ կ՚աւարտին ամուսնութեամբ։

Ներսէս Շնորհալին ալ առասպելական Տորքին, Վարազդատին եւ Եզեկիէլ մարգարէին կը կոչէ «Մանուկ»։

Այս բոլոր օրինակները, ըստ Մնացականեանի ուսումնասիրութեան, կարեւոր են հասկնալու համար, որ «մանուկ»ը հայ հին մշակոյթին մէջ շատ աւելի լայն իմաստ ունեցած է, քան այսօրուան «երեխայ» հասկացութիւնը։

ՋՈՒՐԸ, ԱՂԲԻՒՐԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուխ Մանուկներու կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը անոնց սերտ կապն է ջուրի, աղբիւրներու, սրբազան ծառերու եւ բնութեան հետ։

Պատմաբաններ կը նշեն, որ Թուխ Մանուկներու ջուրերը կը համարուէին բուժիչ, յատկապէս ջերմախտով տառապողներու համար։

Այսպիսի վայրերու մէջ ջուրին վերագրուած էր բուժիչ եւ սրբազան ուժ։

Խնուսի շրջանի «Քառսուն Մանկունք» աղբիւրը այդ հին պատկերացումներու ուշագրաւ օրինակներէն մէկն է։ Գարեգին Սրուանձտեանց կը նկարագրէ աղբիւր մը, որ կը բխէր միայն մայիս, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն։ Աղբիւրի աւազանին մէջտեղ կը գտնուէր հողով ու քարով շինուած գերեզման մը՝ վարդի թուփերով։

Ջուրը բարձրանալուն հետ շիրիմը կը դառնար փոքրիկ կղզեակ։ Հայերը զայն կը պաշտէին «Քառսուն Մանկունք» անունով։

ՀԻՆ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Դարերու ընթացքին Թուխ Մանուկներու եւ քրիստոնէութեան միջեւ տեղի ունեցած է բարդ փոխազդեցութիւն։ Երբ մեղմացած է հին պաշտամունքներու դէմ պայքարը, որոշ Թուխ Մանուկներ աստիճանաբար քրիստոնէականացուած են։

Թուխ Մանուկները, որոնք Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած սրբավայր-ուխտատեղիներ էին, այս նոր միջավայրին մէջ շարունակեցին պահպանել իրենց ուխտի եւ բժշկութեան նշանակութիւնը։ Որոշ վայրերու մէջ անոնք կապուեցան բարձունքներու, աղբիւրներու եւ բուժիչ ջուրերու հետ, իսկ հին պաշտամունքային պատկերացումները աստիճանաբար նոր քրիստոնէական իմաստներ ստացան, որոշ տեղեր ալ այդ անունով եկեղեցի կոչեցին։

Այս գործընթացի ուշագրաւ օրինակներէն մէկը կը տեսնենք 13-րդ դարուն՝ Յովհաննէս Երզնկացիի գործունէութեան մէջ։ Երզնկացին, փորձելով Երզնկայի երիտասարդական եղբայրութեան տալ քրիստոնէական կերպարանք, անոր համար կազմած է յատուկ կանոններ եւ գրած է ճառեր։ Այս վկայութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ հին երիտասարդական միութիւններու գաղափարը միջնադարուն տակաւին կենդանի էր, բայց արդէն քրիստոնէական արժէքներու շրջանակին մէջ վերաիմաստաւորուելու ընթացքի մէջ էր։

Հայ իրականութեան մէջ այս երիտասարդական միութիւնները, որոնք կապուած էին կտրիճաւորաց եղբայրութիւններու աւանդութեան հետ, փոփոխութիւններով շարունակեցին գոյատեւել նաեւ միջնադարուն։ Այս իմաստով Թուխ Մանուկի պաշտամունքը միայն հին սրբավայրի մը յիշողութիւնը չէր, այլ նաեւ երիտասարդութեան, հերոսութեան եւ համայնքային դաստիարակութեան հին պատկերացումներու շարունակութիւնը։

Ժամանակի ընթացքին Թուխ Մանուկի գաղափարը միաձուլուեցաւ նաեւ Երից Մանկանց, Քառասուն Մանկանց եւ ընդհանրապէս Մանկանց պաշտամունքներուն հետ։ Կը տեսնենք, որ հին ու նոր հաւատալիքներու միջեւ սահմանը միշտ չէ, որ կտրուկ եղած է. ժողովուրդի հաւատքը յաճախ պահպանած է հին պատկերին հիմնական միջուկը՝ անոր տալով քրիստոնէական նոր անուն, պատմութիւն կամ մեկնաբանութիւն։

Հին ուխտավայրերը ո՛չ թէ ամբողջութեամբ վերացան, այլ իրենց գոյութիւնը շարունակեցին նոր կրօնական համակարգի մը կողքին։ 

ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿԸ՝ ՆԱԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ

Բերկրիի մէջ գիւղացիները տուփի մը մէջ կը պահէին «Թուխ Մանուկ» անունով ձեռագիր Աւետարան մը։ Ժողովուրդը զայն կը հանէր յատուկ առիթներով, իսկ քահանան կը կարդար հիւանդներու բժշկութեան կամ դժբախտութիւնը հեռացնելու համար։

«Սասնայ ծռեր» էպոսին մէջ եւս կը յիշուի «Թուխ Մանուկ, Մեռել Հարոյց Աւետարան» սրբութիւնը։

Այս օրինակները ցոյց կու տան, թէ որքան խոր եղած է Թուխ Մանուկի գաղափարին ներթափանցումը ժողովրդական քրիստոնէական պատկերացումներուն մէջ։

ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿԸ՝ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅՐԷՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԷՋ

Թուխ Մանուկի գաղափարը իր անջնջելի հետքը ձգած է հայկական միջնադարեան քնարերգութեան եւ ժողովրդական երգերու վրայ։

Թուխ Մանուկի կերպարը կը յայտնուի նաեւ այն ժողովրդական երգերուն մէջ, ուր հերոս երիտասարդը վտանգաւոր փորձութիւններ կը յաղթահարէ, օձի բերանէն կը խլէ հրաշագործ ծաղիկը եւ զայն կը նուիրէ մարդկութեան։

Այսպիսի պատկերներու մէջ երիտասարդ հերոսը աստիճանաբար կը ստանայ նաեւ քրիստոնէական իմաստներ եւ երբեմն կը նոյնացուի Քրիստոսի հետ։

Թուխ Մանուկի գաղափարը այնքան խոր տարածուած էր, որ անոր հետքերը պահպանուած են նաեւ հայոց աշխարհագրական անուններու եւ անձնանուններու մէջ։

Կը հանդիպին Թուխ գիւղ, Թուխա գետ, Տայքի մէջ՝ Թուխարս կամ Թուխարք ամրոց, Աղձնիքի մէջ՝ Թուխ տեղանուն եւ Վանի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մօտ՝ «Թուխ Մանուկ» անունով ջրհոր։

Անձնանուններու շարքին կը հանդիպին Թուխայր, Թուխան, Թուխթանկ, Թուխիկ, Թուխծամ, Թուխմանուկ, Թուխման եւ այլ անուններ։

ԱՅՍՕՐ ԱԼ ԱՊՐՈՂ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ճիշդ է, որ անոնցմէ շատերը ժամանակի ընթացքին քանդուած են, անհետացած կամ մնացած են միայն քանի մը քարերով, սակայն, Թուխ Մանուկի աւանդութիւնը ամբողջութեամբ չէ վերացած։ Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ տակաւին կը պահպանուին այդ անունը կրող սրբավայրեր, աղբիւրներ եւ ուխտատեղիներ, իսկ որոշ վայրերու մէջ մարդիկ այսօր ալ կը շարունակեն այցելել, մոմ վառել, ուխտ կատարել եւ պահպանել հին սովորութիւններու յիշողութիւնը։

Այդ շարունակականութեան ուշագրաւ վկայութիւններէն մէկը Արագածոտնի մարզի Լուսագիւղի մօտ գտնուող Թուխ Մանուկ եկեղեցին է, զոր տեղացիները կը կոչեն նաեւ Վերի վանք։ Հին բնակավայրին հարաւը գտնուող այս խաչաձեւ եկեղեցին, ըստ տրուած տեղեկութեան, կառուցուած է 7-րդ դարու սկիզբին՝ Ապարանի սեւ տուֆի ո՛չ այնքան մեծ, սրբատաշ քարերով, կանոնաւոր շարքերով։ Եկեղեցւոյ տարածքին մէջ կը գտնուի նաեւ բուժիչ ջուր։

Այս մէկ օրինակը յատկանշական է, որովհետեւ «Թուխ Մանուկ» անունը այստեղ արդէն կը կապուի ո՛չ թէ միայն փոքրիկ, երբեմն աւերակ մատուռի մը կամ պարզ քարակոյտի մը հետ, այլ՝ եկեղեցական իրական կառոյցի մը։ Միեւնոյն ժամանակ, բուժիչ ջուրի ներկայութիւնը կրկին կը յիշեցնէ Թուխ Մանուկներու այն հին շերտը, ուր սրբավայրերը յաճախ կապուած էին աղբիւրներու եւ բուժիչ ջուրերու հետ։

Ասատուր Մնացականեանի ուսումնասիրութեան մեծ արժանիքներէն մէկն ալ այն է, որ ան Թուխ Մանուկը չի դիտեր իբրեւ առանձին, մեկուսացած յուշարձան։ Գիտնականը տարբեր աղբիւրներու վկայութիւնները համադրելով՝ կը փորձէ բացայայտել անոր ետին գտնուող մշակութային ամբողջ համակարգը՝ նախնիներու պաշտամունք, երիտասարդական եղբայրութիւններ, հերոսական տիպարներ, ջրապաշտութիւն, բնութեան սրբացում, ժողովրդական բժշկութիւն, երգ, ուխտագնացութիւն եւ քրիստոնէական յետագայ վերափոխումներ։

Թուխ Մանուկը՝ ըլլայ փոքրիկ մատուռ, սրբազան աղբիւր, ծառ, ձեռագիր Աւետարան, եկեղեցի թէ պարզ քարակոյտ, կը մնայ հայ մշակոյթի այն խորհրդաւոր վկաներէն մէկը, որուն մէջ իրարու կը հանդիպին դարերու հեռաւորութիւնը եւ ներկայի յիշողութիւնը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026