Երեքշաբթի 18, Օգոստոս 2026
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ համախմբուեցաւ հոգեւոր մեծ հրճուանքի պայմաններուն ներքեւ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ոսկի քհնյ. Սարգիսեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։
Ս. Պատարագին յաջորդեց խաղողօրհնէք, որմէ վերջ օրհնուած ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալներուն։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց՝ Միսաք սրկ. Չամեափան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցին արարողութեան մասնակիցները, որոնց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեցին տօնական առիթով։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2026