ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, ուշ գիշերին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին նախագահները անդրադարձան Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Իրան-ԱՄՆ առկայ լարուածութիւնը՝ դիւանագիտութենէն առաւելագոյնս օգտուելով հարթելու խնդիրը։
Նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ թրքական կողմի ցանկութիւնն է տեսակցութիւններու շարունակուիլը։ Արդարեւ, Թուրքիա պիտի շարունակէ խրախուսել խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերը։
Էրտողան Թրամփի հետ խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Փաքիստան-Սէուտական Արաբիա առանցքին վրայ ստորագրուած՝ Մեքքէի համատեղ պաշտպանութեան համաձայնութեան վերաբերեալ հանգամանքներ։ Իր խօսքով՝ սա տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորման տեսակէտէ հզօր կեցուածքի մը դրսեւորումն է։
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ թէեւ Կազզէի խաղաղութեան գործընթացէն ներս երկրորդ փուլի անցումը կը նախատեսուի, սակայն, Իսրայէլի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ թիրախաւորել պաղեստինցիները եւ համապատասխան դէպքերը արդէն թափ կը ստանան։ Թուրքիա կ՚ենթադրէ տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութիւն եւ Կազզէի վերակառուցման համար առնուելիք քայլերու պարագային կը նախատեսէ ամբողջական աջակցութիւն բերել։