ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ
Երէկ երեկոյեան, Պոլսահայ սանուց միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչները այցելեցին Գնալը կղզիի յունաց ամրան ճամբարը, ուր իրենց արձակուրդի շրջանը կ՚անցընեն մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները: Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանը վերանորոգութեան բերումով փակ է, քանի մը տարիէ ի վեր թրքահայ մանուկներն ու պատանիները ամրան արձակուրդի շրջանին կը հիւրընկալուին յունաց ճամբարէն ներս: Այս տարի ալ կը շարունակուի այս նախաձեռնութիւնը, ինչ որ երկու համայնքներու եղբայրական համագործակցութեան վառ դրսեւորումներէն մին դարձած է:
Պոլսահայ սանուց միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչները ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցին՝ յունաց վանքէն ներս հիւրընկալուած տղաքը: Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որու կողքին էին յունաց ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ թրքահայ մանուկներու եւ պատանիներու կեցութեան աշխատանքները կը համակարգէ: Երեկոյթի տեւողութեան տղաքը հաճելի պահեր անցուցին՝ նախ ընթրիքի սեղանի շուրջ, ապա հտպիտ Արման Քէօսէի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած զուարճանքով:
Արի Չոլաք այս առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը: Սանուց միութիւններու ներկայացուցիչներն ալ այս փուլին ընդգծեցին, որ շնորհաւորելի է մեր մանուկներու ամրան արձակուրդի կազմակերպման ուղղեալ այս ծրագիրը: Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Պոլսահայ սանուց միութիւններու անդամներուն այս համախմբումն ու մարդասիրական ծրագրին մաս կազմելը ողջունելի երեւոյթ մըն է:
Հիւրերը հնարաւորութիւն ունեցան յունաց ճամբարի համալիրին ծանօթանալու՝ մանաւանդ, որ ան պատմական գեղատեսիլ վանքի մը մէջ կը գտնուի:
Օր մը առաջ ալ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի երեկոյեան, ճամբարի աշակերտներուն հետ մէկտեղուեցաւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան: Տաղաւարի բարձր տրամադրութեան ներքեւ, Նորին Սրբազնութիւնը ընթրեց ճամբարի մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը: Բաց աստի, վանական համալիրի եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ արք. Աթէշեան ուխտի կարճ աղօթք մը կատարեց՝ իր կողքին ունենալով Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանն ու Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեանը։ Ան այս փուլին առ Աստուած աղօթք բարձրացուց՝ հայ մանուկներու կեցութեան բարերար, մեր համայնքի սիւներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլի հանգուցեալ ծնողաց եւ ընտանեկան անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։