ՊՍԱԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ
1. Ի՞նչ կը նշանակէ պսակ. ինչո՞ւ համար խորհուրդ է. Աստուած ինչպէ՞ս տնօրինեց զայն: 2. Ինչո՞ւ պսակ կը տրուի եւ կ՚առնուի. ի՞նչ յատկութիւններ ունի պսակի խորհուրդը: 3. Քրիստոնեայ մը կրնա՞յ երկու կին ունենալ. Մովսէսի ժամանակ ինչո՞ւ մէկէն աւելի կին կ՚ունենային. Քրիստոս ո՞ր մէկը վաւերացուց: 4. Ի՞նչ էր արձակման թուղթը: 5. Ինչպէս որ ըլլայ՝ խորհուրդ կ՚ըլլայ. այս խորհուրդը չյարգողները ի՞նչ եղան. որո՞նք են: 6. Ի՞նչ է ճիւղահամարութիւնը:
1. Պսակ ըսելը յաճախ թագ կը նշանակէ եւ այս թագը դնելու հեղինակն ալ Աստուած է, որու համար Պսակ ամուսնութեան ըսածնիս եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդներուն մէջ է:
Արարչապետը նախ Ադամը ստեղծեց, որ առաջին մարդը եղաւ եւ իրմէ առաջ ստեղծուած անբաններուն իշխանը. անոնք բոլորն ալ Ադամի աչքին առջեւէն անցան, բայց անոնց մէջէն բնաւ մէկը իրեն յարմար չտեսաւ. երբ Աստուած՝ իր կողէն ստեղծած կինը բերաւ, անմիջապէս մարգարէացաւ, թէ՝ «ասիկա ոսկոր է իմ ոսկորներէս», այնպէս թէ՝ «ո՜վ Աստուած, ահա ասիկա կը վայելէ ինծի՝ օգնականութեան համար», որոնց վրայ Աստուածային վճիռ դրուեցաւ. «Աստուած միացուց, մարդը թող չի՛ բաժնէ». «Աճեցէ՛ք եւ բազմացէ՛ք». ի վերջոյ՝ «հող էիր եւ հող պիտի դառնաս»։ Այս վճիռները առաջին մարդուն տրուելուն համար՝ թագաւորներէն սկսեալ մինչեւ յետին աստիճան մուրացկաններուն վրայ միեւնոյն օրէնքով կը տիրէ առ հասարակ եւ իր սկիզբը մարդկային աճումէն կ՚առնէ, ուրկէ կ՚որոշուին առընչական կերպով, ծնողներ եւ զաւակներ, թագաւոր եւ հպատակ, տէր եւ ծառայ, հովիւ եւ հօտ, եւ այլն, եւ այլն:
2. Մարդ մը իշխանի մը եւ աշխարհի մը օրինակ է, ազատ կամքով կ՚իշխէ իր զգայարաններուն վրայ, ուստի, իր փեսայութեան օրը մասնաւոր աշխարհի մը իշխելուն համար գլուխը պսակ եւ կամ նարօտ կը դնենք խորհրդաւորապէս, թէ կապուած էք Աստուածային վճիռին համեմատ մինչեւ գերեզմանին դուռը, ետքէն նարօտը կ՚առնենք, թէ ազատ էք սուրբ անկողինով՝ Աստուծոյ ժողովուրդ պատրաստելու համար:
Պսակի խորհուրդին մէջ երեք գլխաւոր յատկութիւններ կան. նախ՝ մարդիկ արու եւ էգ են, մէկը միւսին պէտք ունի եւ երկուքն ալ եթէ առանց եկեղեցական հրամանի ըլլան՝ անխճահար չեն մնար:
Երկրորդ՝ զաւակ ծնելու մէջ մահուան չափ վտանգ կենալը գիտնալով յանձնառու կ՚ըլլան տղայաբերութեան, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ Աստուածային վճիռ, թէ՝ «աճեցէ՛ք եւ բազմացէ՛ք»:
Երրորդ՝ իրարու այնքան կ՚օգնեն սուրբ սիրով ամուսնացողները, որ չի՛ չափուիր. իրենց ծնողքը, եղբայրը եւ ազգականը կը մոռնան, իրենց ամուսինը կամ զաւակը կը մտաբերեն. ուրկէ կ՚իմանանք՝
ա. Մարդկային սէրին աճումը:
բ. Փոխադարձ օգնականութիւնը:
գ. Ցանկական կիրքերու ազդեցական օգուտը:
3. Նախընթաց պատճառներէն կրնանք հետեւցնել, թէ մարդու մը կին մը սահմանուած է, զայն եւս չի կրնար արձակել պայմանով, քանի որ բնական է, որ երկու կին եթէ ըլլայ մարդու մը, այդ սէրը պիտի բաժնուի, որուն համար Աստուած Ադամին կին տուաւ. երկու հատ չստեղծեց, որպէսզի ո՛ր մէկը որ ուզէ զայն առնէ կամ երկուքն ալ առնէ, թէեւ Մովսէսի օրով կ՚առնէին, սակայն, նախ ատոր մէջ կար Աստուածային գաղտնիք մը, որով ճիւղահամարութեան ալ թոյլտուութիւն կ՚ըլլար:
Երկրորդ՝ ժողովուրդին խստասրտութեան համար էր, մանաւադ Քրիստոս Մովսէսի օրով եղած ամուսնութեան կերպը հերքեց, դրախտին մէջ եղած պսակը հաստատեց ու վաւերացուց. «Սկիզբէն այդպէս չեղաւ» ըսելով, կամ «Աստուած միացուց, մարդ թող չի՛ բաժնէ» կրկնելով (Մտ 19.6):
4. Մովսէսին արձակման թուղթն ալ կ՚արգիլէ Քրիստոս, միայն պոռնկութեան պատճառով արձակել ցոյց կու տայ. «Արձակուածը առնողն ալ կը շնայ»։ Այս կէտին մէջ մեծ գիտելիք կայ. կինը շնացաւ ու էրիկը զայն արձակեց, որ ուրիշի մը պիտի չկրնայ երթալ. իսկ այս մասին շատերը կը ստիպեն, թէ «շնացողը կինն էր, միայն անիկա այրի պիտի մնայ, էրիկը թող ամուսնանայ»։ Բայց պէտք է մտածենք, թէ արդեօք այդ իրաւունքը կինն ալ ունի՞, թէ ոչ, որ իր էրիկը արձակէ ուրիշին կնոջ հետ շնութիւն ընելու ատեն։ Անշուշտ, պիտի ունենայ, որովհետեւ երկուքին ալ ըրածին շնութիւն կ՚ըսուի. հետեւաբար, այն ատեն հարկ կ՚ըլլայ, որ կին մը իր շնացող էրիկը արձակէ, ինք ուրիշի մը կինը ըլլայ, իսկ էրիկը ուրիշ կին մը չկրնայ առնել, որովհետեւ այս անգամ շնացողը էրիկն էր եւ շնացողը պէտք է բաց ձգուէր:
Այս պատճառով պարտաւոր են իրարու յանցանք ներելով զիրար շահիլ կամ ասկէ կ՚իմացուի, թէ բոլորովին արձակել չկայ (Ա. Կր 7.10)։ Հաւատացեալը չի կրնար բաժնուիլ, իսկ թերահաւատին ինքն իրեն զատուիլը ուրիշ խնդիր է, այս դժուարութեան համար էր, որ ըսին, թէ՝ «լաւ է չամուսնանալ» (Մտ 19.10). ինչպէս որ Քրիստոսի Եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն տուած է այս կէտին, եթէ անհնարին բացառութիւն մը չյայտնուի:
5. Պսակը Սուրբ Խորհուրդ է, որով ամօթ ու մեղք համարուած գործողութիւն մը համարձակութեան եւ առաքինութեան կը վերածուի. ասոր համար է Պօղոսին ըսածը, թէ՝ «այս խորհուրդը մեծ է, բայց ես Քրիստոսի կը վերաբերի կ՚ըսեմ» (տե՛ս Եփ 5.32), այսինքն՝ եթէ Քրիստոսով եւ եկեղեցական հնազանդութեամբ ըլլայ, մեծ խորհուրդ է ամուսնանալը, իսկ առանց խորհուրդի զուգաւորութիւնը «կ՚ուտէին, կը խմէին, կիներ կ՚առնէին եւ այր մարդոց կ՚ըլլային», ըսուած պատիժին արժանաւոր է։ Օրինաւոր պսակին խորհուրդ չէ ըսելը մեղանչել եւ ամուսնութիւնը արգիլել է, քանի որ Աստուած դրախտին մէջ օրհնեց մարդը եւ կինը անոնց մեղանչելէն առաջ: Քրիստոս եւ Իր առաքեալներն ալ վաւերացուցին:
Նոյի ժամանակէն մինչեւ Քրիստոսի պսակի խորհուրդը յաճախ շեղելուն պատճառով Քրիստոս զանոնք մերժեց եւ դրախտի սկզբունքը հաստատեց. «Սկիզբէն այդպէս չեղաւ», ըսելով: Դարձեալ, Պօղոս «սուրբ խորհուրդ» կը կոչէ, որով եղած անկողինները սուրբ են, իսկ առանց անոր՝ պիղծ: Սուրբ խորհուրդով երկու մարմին մէկ ըլլալով դարձեալ Քրիստոսի հետ ալ անդամակից կ՚ըլլան (Ա. Կր 6.15), իսկ այս խորհուրդը ատողները պոռնկութեան զոհ կ՚ըլլան՝ առաքեալին ըսածին համաձայն. «Գալիք ժամանակներուն մարդիկ պիտի գան, ամուսնանալը պիտի արգիլեն, կերակուրը կերակուրէն պիտի զատեն» (տե՛ս Ա. Տմ 4.3)1:
6. Քրիստոս մէկ է եւ քրիստոնէութիւնը ընդհանուր է. այս մասին ազգահամարութիւն ըսելը վէճ ըսել է, ինչ որ առաքեալը կը մերժէ: Բայց, ամուսնական օրէնքներուն մէջ ճիւղահամարութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ Աստուած մարդոց հոգիին հետ մարմինն ալ պահպանել տնօրինած է. Շաբաթ օրը անասուններուն ալ հանգստութիւն կը պատուիրէր. ամուսնութեան մէջ ալ ճիւղահամարութիւնը հոգիէն զատ մարմինին ինչքան օգուտ է ֆիզիքապէս, որ եկեղեցին վաւերացուցած է. այո՛, մարդիկ բնութեան դէմ մեղանչելով կեանքեր կարճցան, այդ պատճառով ճիւղահամարութեան կարեւորութիւն չտուողները եկեղեցիին չհնազանդելով իրենց հոգիին կը վնասեն. մերձաւոր արիւններ զիրար խառնելով կենցաղական ուժը կ՚ապականեն:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 31
Վաղարշապատ
1Առաջին դարուն, նորադարձներէն ոմանք կը զատէին, իրարու կերակուր չէին ուտեր, հրէութենէ դարձի եկածը հեթանոսութենէ դարձի եկածէն կը խրտչէր: Մոնդանոս անուն խանռակիչներուն պարագլուխը, 151-ին, Ադամեանները 194-ին «ամուսնութիւնը ի՞նչ է, ամէն մարդ ինքն իրեն կ՚առնէ, այսօր կ՚առնէ, վաղն ալ եթէ ուզէ կ՚արձակէ», կ՚ըսէին։ Ահա այսիպիսներն են Պօղոսին ըսած ամուսնութիւնը արգիլողները: Դեռ մինչեւ այսօր կան այսպիսի գաղափարներ ունեցողներ. «Պսակը խորհուրդ չէ» ըսելէն ալ այդ կը հետեւի: