ԴԷՊԻ՜… ԴԷՊԻ՜… ԴԷՊԻ՜ ԱՄԵՐԻԿԱ
Այնպէս ինչպէս թմրամոլէն ժամանակ կը պահանջուի, որպէսզի ընդունի իր թմրամոլ ըլլալը, նոյնպէս Ամերիկայի եւ զարգացած շարք մը այլ երկիրներու պարագային ժամանակ պահանջուեցաւ, որպէսզի ընդունին այն դժբախտ իրողութիւնը, որ նոր սերունդը կամաց կամաց կը հեռանայ իր արմատներէն, կամաց կամաց կը սկսի մոռնալ մայրենի լեզուն: Սովորականէն երկար ժամանակ պահանջուեցաւ, որովհետեւ ո՛չ ոք ուզեց հաւատալ, որ հայրենասէր հայը իր հայրենիքէն հեռու գտնուելով կրնար մոռնալ իր սեփական արժէքները, որովհետեւ ան հասակ առած էր «հայը ո՛ւր որ երթայ, հոն նոր Հայաստան մը կը ստեղծէ»ի հոգեբանութեամբ: Շատեր փորձեցին համոզել, որ կորուստի ճամբուն վրայ գտնուողները փոքրամասնութիւն են եւ այդ մէկը պէտք չէ ընդհանրացնել:
Սակայն, այդ իրողութիւնը շատ աւելի յստակ կը դառնայ 1950-ական թուականներուն Ամերիկայէն Միջին Արեւելք ղրկուած նամակով մը. նամակագիրը իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Գրաշարներու պէտք ունինք՝ մեր տողաշար մեքենաներուն համար… առնուազն հինգ հոգիի համար գործ ունինք… կրնա՞ք քանի մը անուններ տալ…»: Ի պատասխան այս նամակին՝ արտասահմանէն կը ղրկուի կծու պատասխան մը, զոր նոյնութեամբ կ՚արտագրենք.
«Ձեր խնդրանքը զարմացուց մեզ… Այդտեղ քառորդ միլիոն հայ ունիք, գրաշար չունի՞ք… այդ ի՜նչ ցաւալի երեւոյթ է… հապա ինչո՞ւ ձեր թերթերուն մէջ կը գրէք, թէ Ամերիկայի գաղութը իր հայութիւնը պահեր է… ինչպէ՞ս պահած կ՚ըլլայ, երբ տեղւոյն վրայ հինգ հատ այբուբեն գիտցող գրաշար անգամ չկայ… Ուրեմն, ասկէ ետք ձեր «նետել»ներուն չհաւատանք… ինչ որ է, քանի որ ուզեր էք, մենք ալ կը ղրկենք: Այս տեղուանքը հայերէն չգիտցող հայ երիտասարդի չէք հանդիպիր… հինգ հատ ալ կը ղրկենք, տասը հատ ալ… - հասկցուեցաւ - դուք այդ կողմերը հայկական դպրոց չունիք եղեր եւ ձեր նոր սերունդին հայերէն չէք կրնար սորվեցնել եղեր… Մե՜ղք… կը նշանակէ, որ եթէ մենք, այս կողմերը, հայութիւնը չպահենք՝ իր լեզուով եւ մնացեալներով, ձեզմէ խեր չկայ… կը ներէք համարձակութեանս, բայց դուք հոդ ի՞նչ կ՚ընէք… միայն տոլա՞ր հաւաքել գիտէք… միայն եկեղեցի շինե՞լ գիտէք… լեզուն ի՞նչ պիտի ըլլայ…»:
Այսօր, ցաւ ի սիրտ, նոյն խստութեամբ կարելի չէ նման նամակի մը պատասխանել։ Այսօր Շահան Շահնուրի գործածած ոճն ու լեզուն կարելի չէ գործածել, որովհետեւ ի դիմաց այս ձուլումին՝ մենք ալ տեղ մը թուլացանք ու սկսանք այդ բոլորը «սովորական» տեսնել։ Ձախողութենէ մը շատ աւելի մեծ ձախողութիւն է ձախողութիւնը սովորական տեսնելը՝ քան ինքնին ձախողութիւնը եւ մենք այդ վիճակին մէջ կը գտնուինք: Վերոյիշեալ նամակը գրուած է մեր թուականէն մօտաւորապէս եօթանասուն տարիներ առաջ. աւելի քան կէս դար ետք ի՞նչ է վիճակը…
Արդար գտնուելու համար պէտք է դրականները եւս արձանագրել։ Իրականութեան մէջ այդ դրականին մէջ եւս կայ բացասական կողմ մը, սակայն, ներկայ պահուն կարելի է այդ մէկը տեսնել որպէս «դրական»՝ որ ապագային կրնայ բացասական դառնալ։ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ապահովական եւ տնտեսական տագնապները պատճառ եղան, որ Ամերիկայի, Գանատայի եւ Եւրոպայի տարբեր գաղութներ իրենց հայութեան մէջ վերակենդանանան։ Վերոյիշեալ երկու երկիրներէն օտարութեան գացող հայերը յաջողեցան կենդանացնել հայկական ակումբները, միութիւններն ու եկեղեցին։ Այս մէկը դրական ազդեցութիւն մը ունեցաւ, սակայն, հոս եւս մտահոգիչը այն է, որ նորեկներուն յաջորդող քանի՞ սերունդները պիտի յաջողին իրենց հայութիւնը պահել եւ ապրեցնել՝ կը մնայ հարցական: Անշուշտ, նոր գացողները կը հաւատան, որ երբեք պիտի չհեռանան իրենց արմատներէն ու արժէքներէն։ Հաւատացէ՛ք, որ նոյն համոզումը ունէին յետցեղասպանութեան օտարութեան գացող հայորդիները։ Ամերիկայի մէջ այսօր հայերէն մէկ բառ չգիտցող հայուն նախահայրերը չէին կրնար պատկերացնել, որ կրնայ ըլլալ գոյութիւն ունենայ այնպիսի օրեր, ուր զիրենք յաջորդող սերունդները հայերէն չգիտնան:
Միջին Արեւելքէն Ամերիկա կամ Գանատա գացող հայերու ազդեցութիւնը դրական կը գտնենք, սակայն, միւս կողմէ պէտք է հասկնանք, որ օտարութենէն դէպի այլ օտարութիւն երթալը դարձեալ արտագաղթ մըն է։ Սուրիայէն կամ Լիբանանէն Գանատա եւ կամ Ամերիկա երթալը արտագաղթ մըն է։ Այս մէկը դրական տեսնելով պէտք չէ մոռնանք այն փաստը, որ հայ ժողովուրդը օտարութեան մէջ պարտի ապրիլ միայն ու միայն մէկ նպատակ ունենալով՝ վերադառնալ հայրենիք։ Մեր ակումբները, եկեղեցիներն ու միութիւնները այս գաղափարն է, որ պէտք է հիւանդութեան պէս տարածեն մեր հայ ժողովուրդին մէջ. պէտք է վերադառնալ հայրենիք՝ նոյնիսկ եթէ այդտեղ գոյութիւն ունեցող պայմանները այնքան ալ նախանձելի չեն, որովհետեւ այդ պայմանները մեր աշխատանքով է, որ փոփոխութիւն կը կրեն. եթէ իւրաքանչիւր անձ հեռու մնայ ու սպասէ պայմաններու բարելաւումին՝ ապա այդ բարելաւումը երբեք տեղի չ՚ունենար:
Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ Ամերիկան, Գանատան եւ Եւրոպան հայ ժողովուրդը աւելի գրկաբաց ընդունեց՝ քան Հայաստանի մէջ Հայաստանի պետութիւնն ու իշխանութիւնները։ Մենք կը կարծենք, որ Գանատան կամ Ամերիկան օգնութիւն ցուցաբերեց հայերուն՝ զանոնք «նախանձելի» այդ երկիրները տանելով. այդտեղ աշխատողն ու տնտեսութիւն ստեղծողը պիտի ըլլայ հայը։ Այդ օգնութեան փոխարէն՝ պետութիւններ պիտի ստանան շատ աւելին, մինչ Հայաստանն ու հայութիւնը օրէ օր աւելի՛ պիտի նահանջէ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հասունցնել
աստիճանաբար մանուկի ինքնագիտակցութիւնը՝ կը նշանակէ զայն մարդացնել, զայն տէր դարձնել իր հոգեկան հարստութիւններուն եւ ճակատագրին:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան