ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի անդամներէն Ապրահամ Համատէ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի իշխանութեան գլխաւոր դէմքերուն կողմէ։
Ամերիկացի խորհրդարանականը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին վարչապետը կարեւորեց Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն հետեւողական զարգացումը։ Ան նշեց, որ վերջին շրջանին այդ յարաբերութիւնները կը կրեն աշխոյժ բնոյթ։
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ երկկողմանի համագործակցութեան հարուստ օրակարգի հետեւողականօրէն յառաջ մղուիլը անհրաժեշտութիւն մըն է։ Վարչապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստան-ԱՄՆ կապերը պիտի շարունակեն ընդլայնուիլ ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական եւ թեքնոբանութիւններու ոլորտներէն ներս։
Ապրահամ Համատէ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ կարեւորեց երկխօսութեան զարգացումը նաեւ խորհրդարանական ձեւաչափով։ Ան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ այդ ուղղութեամբ ընդգծեց վարչապետ Փաշինեանի անձնական դերն ու հետեւողականութիւնը։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ TRIPP նախաձեռնութեան իրականացման ընթացքին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Ամերիկացի խորհրդարանականը օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։