«ԱՊՐԻ ՖՈՐՈՒՄ 2026»Ը՝ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ՝ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՏՈՒԱԾՔ

«ԱՊՐԻ Արմենիա» մտքի հարթակը յառաջիկայ ամիս Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպէ իր տարեկան ֆորումը։ Հարկ է նշել, որ «ԱՊՐԻ Արմենիա»ն ստեղծուած է Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ եւ կը գործէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) խրախուսանքով։

«ԱՊՐԻ Ֆորում 2026»ը Երեւանի մէջ նախատեսուած է՝ 23-25 սեպտեմբերին։ «Փոփոխութեան ճարտարապետութենէն կտրուածք մը» խորագրուած է այս տարուան ֆորումը։

Վերջին տարիներուն բաւական հեղինակութիւն ձեռք բերած եւ իր աշխատանքներով ուշադրութեան արժանացած այս կազմակերպութիւնը հայաշխարհի հրատապ օրակարգի խնդիրներու արծածման եւ անոնց կապակցութեամբ հասարակական մտքի ձեւաւորման տեսակէտէ կարեւոր դեր կը ստանձնէ։ «ԱՊՐԻ Ֆորում 2026»ը պիտի համախմբէ քաղաքագէտներ, քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ, հասարակական շրջանակներէ ղեկավարներ եւ աշխարհի վրայ յանձնառութեամբ ծանօթ հայեր, որոնց ներդրումը Հայաստանի տեսակէտէ բանալիի նշանակութիւն կրնայ ունենալ։ Ֆորումի ծրագրին վրայ նախատեսուած են միջգիտաճիւղային կարծիքի փոխանակումներ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2026