ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով կը գուժենք մահը մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած ներկայացուցիչներէն՝

ՏԻԱՐ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՓԵՔԱՅՎԱԶԻ

Հանգուցեալը իր սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն մին էր, որ իր ընտանիքէն, սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ խոր ծերութեան մէջ։ Թէեւ ան ունէր յառաջացած տարիք, սակայն, այնքան մեծ յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր կորուստը իսկապէս ցնցած է թէ՛ ընտանիքը եւ թէ բարեկամական շրջանակը։ Ասպարէզով ոսկերիչ, Անդրանիկ Փեքայվազ տասնամեակներ շարունակ իր շրջանակէն ներս եղած էր հաճելի ներկայութիւն։ Հաղորդական բնաւորութեամբ յաջողած էր գրաւել բոլորին սիրտը։ Խորաթափանց անձնաւորութիւն մըն էր եւ այդ հանգամանքին շնորհիւ իր շրջանակէն ներս կ՚ընկալուէր՝ որպէս բանիմաց անձնաւորութիւն։ Ի լրումն այս բոլորին, հանգուցեալը տիպար ընտանեկան հայր մըն էր, որ իր անսահման սէրը անխտիր հովանին դարձուցած էր ընտանիքի բոլոր անդամներուն։

Իր կորուստին առթիւ յարգանքով կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ՝ հայցելով երկնային հանգիստ իր բարի եւ ազնիւ հոգւոյն։ Սուգի ծանր պահուն խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր հարազատներուն եւ համայն ընտանիքին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026