ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ

Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն ներս իրենց ամրան արձակուրդը անցուցած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները այսօր արդէն հրաժեշտ կ՚առնեն՝ աւարտած ըլլալով իրենց կեցութեան շրջանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանը քանի մը տարիէ ի վեր փակ է՝ շէնքի ամրակայման անհրաժեշտ աշխատանքներուն հետեւանքով։ Այս ժամանակաշրջանին, կղզեբնակ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաքի համակարգմամբ՝ մեր համայնքի համեստ ընտանիքներու տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան իրենց արձակուրդը անցընելու Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն ներս։ Սա երկու համայնքներու համագործակցութեան եւ եղբայրական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ վերածուած է վառ երեւոյթի մը։

Այս տարուան ճամբարի կեցութեան վերջին օրը թէ՛ տղոց եւ թէ պատասխանատուներուն տեսակէտէ իսկապէս յուզումնախառն էր։ Արի Չոլաք եւ յունաց վանքի տնօրէն Տիմիթրի Քումվոփուլոս միասնաբար, հերթական անգամ տղաքը առարկայ դարձուցին իրենց անմիջական սիրոյ եւ գուրգուրանքին։ Վերջին օրուան ընթրիքի ճաշացուցակին մէջ տեղ գտած էր հայկական աւանդական խորովածը։ Տղաքը խորովածները համտեսելու առընթեր, հայկական երաժշտութեամբ եւ պարերով ունեցան հաճելի ժամանց եւ իրարու հրաժեշտ տուին՝ ամրան շրջանի վառ տպաւորութիւններով։

Զգացական այս մթնոլորտին մէջ Արի Չոլաք հրաժեշտի խօսք մը ուղղեց ճամբարի մասնակից տղոց։ Ան այս փուլին յատկապէս փոխանցեց ճամբարի բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի ողջոյնները։ Արդարեւ, Մոնիք Երկանեան բոլորին փոխանցած էր իր լաւագոյն մաղթանքը եւ յորդորած էր՝ որ յառաջիկայ շրջանին ուսումնառութեան մէջ չթերանան, արձանագրեն յաջողութիւններ։

Հարկ է նշել, որ Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնն ալ վերամուտի ընդառաջ դպրոցի պայուսակներ նուիրեց ամրան ճամբարի մասնակից տղոց։

Տղաքը ճամբարի մէջ իրենց կեցութեան վերջին երեկոյեան մասնակցեցան նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած երիտասարդաց համերգին։ Այս ծրագրի ընթացքին ալ անոնք ըմբոշխնեցին ստեղծուած խանդավառութիւնը։ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան օրհնեց մանուկներն ու պատանիները, որոնք այսօր հրաժեշտ կ՚առնեն կղզիէն։ Հայր սուրբը նշեց, որ տղաքը պէտք է գիտնան եւ զգան, թէ մասնաւոր տեղ ունին մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամի սրտին եւ մտքին մէջ։ Այս զգացումներով ան յառաջիկայ ուսման շրջանին համար յաջողութիւններ մաղթեց աշակերտներուն։

Բաց աստի, ատամնաբոյժ Մկրտիչ Կիւլէզեան երէկ ճամբարի տղաքը անցուց քննութենէ մը։

Արի Չոլաքի կողմէ համակարգուած աշխատանքներով յունաց վանքէն ներս իրենց ամրան արձակուրդը անցուցած հայ համայնքի պատանիներն ու երիտասարդները այսօր հրաժեշտ կ՚առնեն Գնալը կղզիէն՝ վերադառնալու համար իրենց ընտանիքներուն մօտ, մինչ արդէն 2026-2027 կրթական շրջանի վերամուտն ալ դուռը կը թակէ, ինչ որ կը բնորոշէ արձակուրդի շրջանի եզրափակուիլը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026