ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ ամրան շրջանի հերթական երիտասարդաց ձեռնարկը։ Այսպէս, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան՝ Լիլիան Աւիթօղլու, Արթուն Արծիւեան, Լիա Վարդանեան, Լորին Տեմիրճի եւ Արտէն Զէյֆիեան, որոնք իրենց ներկայացուցած հայերէն երգերով արժանացան խանդավառ ծափահարութիւններու։

Միեւնոյն ժամանակ, այս հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկան մեր համայնքի այն ներկայացուցիչները, որոնք արտասահմանի մէջ կազմակերպուած «Զարմանազան» ամրան ճամբարին մասնակցութիւն բերին։ Անոնք ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները, նաեւ պատասխանեցին հարցումներու։

Երեկոյթը գլխաւորեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ եզրափակիչ փուլին հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ բարձր գնահատելով երիտասարդներու կողմէ տարուած աշխատանքները եւ անոնց մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026