ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Երեւանի մէջ հիմնական վերանորոգութեան կ՚ենթարկուի՝ 1956 թուականին կառուցուած Հրազդանի մեծ կամուրջը, որ ժողովուրդին կողմէ յաճախ կ՚անուանուի՝ որպէս Քիեւեան կամուրջ։ 

Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին կողմէ յառաջ կը տարուի այս նախաձեռնութիւնը: Թէեւ աշխատանքներուն վերջաւորութեան համար նախատեսուած էր ներկայ ամսուայ վերջաւորութիւնը, սակայն, երկու շաբաթ առաջ արդէն իսկ կամուրջը վերաբացուած է երթեւեկութեան։ Երեւանի քաղաքապետարանը տեղեկացուց, որ առաջնային նպատակը անվտանգ երթեւեկութեան վերականգնումն էր՝ այնուհետեւ կամուրջի շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին ոչ-երթեւեկելի հատուածի պարագային։ 

Վերանորոգման գործընթացը կը շարունակուի կամուրջի թռիչքային կամարի եւ յենարաններու վնասուած հատուածներու ամրացման, բազրիկներու վերականգնման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով։ Ամբողջական նախագիծը ի կատար պիտի ածուի մինչեւ տարեվերջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Քիեւեան կամուրջը յունիսի 17-ին փակուած էր երթեւեկութեան։ Սկզբնական շրջանին կը ծրագրուէր, որ կամուրջը օգոստոսի վերջաւորութեան հազիւ պիտի վերաբացուէր երթեւեկութեան համար, սակայն, անցեալ շաբաթավերջին արդէն հնարաւոր դարձաւ թոյլ տալ ինքնաշարժներու հոսքին։ 

Վերանորոգութեան շրջանին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այցելեց Քիեւեան կամուրջ։ Ան տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ երթեւեկելի հատուածի հիմնանորոգման աշխատանքներուն։ Ծրագրի պատասխանատուները ընդգծեցին, որ իրականացուած բոլոր աշխատանքներու առաջնային նպատակը երթեւեկութեան անվտանգութեան բարձրացումն է ու քաղաքացիներու համար աւելի անվտանգ եւ յարմարաւէտ պայմաններու ստեղծուիլը։ 

Քիեւեան կամուրջի պարագային մասնաւորապէս վերանորոգուած են տեֆորմասիոնի ենթարկուած կարերը, վերականգնուած եւ ներդրուած են ջրահեռացման եւ ջրամեկուսացման համակարգերը, տեղադրուած են նոր արգելափակոցներ, լուսաւորութեան սիւներէն ելեկտրական մալուխները տեղափոխուած են մայթի տակ, տեղադրուած է պեթոնի վերին շերտը, ասֆալթապատուած են երկու կողմերու մայթերը, իրականացուած են ճանապարհային գծանշման աշխատանքները։ 

Տեֆորմասիոնի ենթարկուած կարերու հատուածէն ներս օգտագործուած է մասնաւոր նիւթ մը, որ Հայաստանէ ներս կը կիրառուի առաջին անգամ: Ան նախատեսուած է փոխադրութեան միջոցներու անցնման ժամանակ հարուածներն ու տատանումները հնարաւորինս չէզոքացնելու, կամուրջի շահագործման անվտանգութիւնը ապահովելու եւ երթեւեկութիւնը աւելի յարմարաւէտ դարձնելու համար։ Մինչեւ տարեվերջ պիտի շարունակուին կամուրջի թռիչքային կամարի եւ յենասիւներուն վնասուած հատուածներու ամրացման վերականգնումը, ինչպէս նաեւ նախատեսուած միւս աշխատանքները՝ առանց երթեւեկութիւնը խոչընդոտելու։ 

Այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց Հայաստանէ ներս կամուրջներու կառուցման եւ հիմնանորոգման ծրագրերը՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը նախատեսած է 2026-2031 թուականներու ընթացքին կառուցել կամ հիմնանորոգել շուրջ 40 կամուրջ։ 

Քիեւեան կամուրջը վերջին անգամ հիմնանորոգուած էր 1995 թուականի յուլիս-օգոստոս ամիսներուն՝ ջրահեռացման խնդիրները լուծելու համար։ 

Ներկայ աշխատանքները իրականացուած են Երեւանի քաղաքային իշխանութեան եւ Հայաստանի փոխադրութեան եւ շինարարութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ։ Այժմու հիմնանորոգումը իրականացուած է քսան տարուայ երաշխիքով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026