ՅԻՇԵԼՈՎ ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆԸ
20 օգոստոս 1998-ին, 28 տարի առաջ, արեւմտեան Պէյրութէն ներս իր բնակարանին մէջ, 90 տարեկանին իր մահկանացուն կը կնքէր յետեղեռնեան առաջին սերունդի սփիւռքահայ գրականութեան ամենէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը, մեծատաղանդ բանաստեղծ եւ արձակագիր, գրադատ, խմբագիր եւ թարգմանիչ, գրական բազմաթիւ երկերու հեղինակ, աւելի քան կէս դար կրթադաստիարակչական գործին հակուած ու հայ սերունդներու գրականութեան, հայերէն լեզուի բազմավաստակ ուսուցիչ Վահէ-Վահեանը (Սարգիս Ապտալեան՝ աւազանի անունով, Կիւրին քաղաք, 23 դեկտեմբեր 1908 - Պէյրութ, 20 օգոստոս 1998):
Բանաստեղծ՝ ամէն բանէ առաջ: Իր երախայրիքին՝ «Արեւ-Անձրեւ» (1933, Պէյրութ) քերթողագիրքին մէջ իսկ, խնամուած լեզուի, կազմաւորուած բանաստեղծ-արուեստագէտի մը ծնունդը աւետող, համամարդկային մտածողութեամբ նրբազգաց հոգիի տէր՝ Վահէ-Վահեան, Լիբանանի երկնակամարին տակ, իր սերնդակից եւ նոյնպէս կիւրինցի Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ սիվրիհիսարցի Մուշեղ Իշխանի հետ կազմեցին երրորդութիւնը 30-ականներու սկիզբը կազմաւորուիլ սկսած այն գրական կորիզին, որ Միջին Արեւելքէն ներս հայութեան կեանքին մէջ պիտի սերմանէր գրական ու մշակութային, կրթադաստիարակչական աշխատանքի առաջին հունտերը, պիտի հանդիսանար միտքի ու հոգիի վառարան՝ արեւմտահայ անճիտուած գրականութիւնը վերակենդանացնելու, անոր ջիղն ու ոգին կեանքի կոչելու առումով:
Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ՝ Վահեանի քերթուածներն ու գրական յղկուած լեզուն կը ներկայացնեն ճարտարապետական հոյակերտ, աւելորդ կոշկոռներէ խորշող գեղեցկակուռ կառոյց մը, որուն մէջ արեւմտահայ հիւթեղ բերքն ու փարթամ բառամթերքը կը տողանցեն վարուժանեան ու մեծարենցեան երփներով՝ Թէքէեանի գրարուեստին վարակիչ ազդեցութիւնը տարածելով հրաշահիւս քերթուածներու եւ տաղերու մոգական արուեստով՝ ձեւի, գոյնի, յոյզերու, վիշտերու, սէրերու տաք ու գոլ զգայնութեանց համատեղումով:
Վերոյիշեալ բանաստեղծական երախայրիքէն մինչեւ իր կենդանութեան լոյս տեսած վերջնեկն եղող «Ղօղանջ եւ մրմունջ վերջալուսային» քերթողագիրքը (1990), Վահէ-Վահեանը կը դասուի հայոց լեզուն անաղարտ պահելու ճգնող այն ծայրայեղօրէն բծախնդիր խօսքի ճարտարապետը, որ Գեղապաշտ սերունդի գրողներուն, Գեղեցիկին ու Արդարութեան ձգտող անոնց աւանդները հաւատարմօրէն շարունակող բարի սերմնացանն ըլլալու յայտնութիւնը կ՚ընէ մեզի, նոյն ատեն դառնալով «շունչը իր ժամանակներուն», նոր իրականութեան, սփիւռքի ծանր ու անտանելի տաժանքներէ հալածական, միշտ յառելով Արարատին ե՛ւ Արագածին, ներկայ Հայաստանի՛ն, որ յաւերժական հայրենիքն է համայն հայութեան, այս բոլորը խտացնելով իր «Վերջերգ» բանաստեղծութեան մէջ: Իր հրատապութեան ու այժմէականութեան համար, այստեղ կը տրուի այդ ստեղծագործութիւնը ամբողջութեամբ.-
Հայոց Հայրենի՛քն է աւազանը հայ հանճարին եւ ուժին.
Եւ անո՛ր ծոցէն միայն կը ցայտեն աղբիւրները
Արմենագեղ տեսիլքներուն:
Հայութեան յոյսին անձեռակերտ կտաւը
կը հիւսուի անխափան՝ շողերովը միայն
Արագածի արեւին:
Ապահովութեան ամրոցին համար Արարատի զաւակներուն,
չկա՛յ անսասան ուրիշ խարիսխ, բացի կուրծքէն
հայ լեռներուն.
Եւ անոնց բարձունքներուն վրայ լարուած կամքի աղե՛ղն է միայն՝
որ կը հասցնէ նպատակին նետը իր լուսեղէն թիրախին:
Հայ սիրտերուն ուրախութեան գինին կը քամուի
հնձաններուն մէջ Արտաշատի.
Հայը տէր է եւ իշխան՝ ի՛ր հողին վրայ միայն.
Դուրս անոր սահմաններէն՝ գերութիւնն է շղթայակիր,
ոսկի ըլլան թէ պողպատ՝ օղակներն անոր անուրին:
Միջերկրականի եզերքներուն թէ Նեղոսի ափին,
Նոր-Աշխարհի ոստաններուն մէջ թէ «Լոյսի Քաղաք»ին,
Ցնո՛րք են ձեր բոլոր փառքերը, փոշի՛ ու փրփուր,
Քանի որ չունին Հայկեան ապառաժն իբրեւ պատուանդան:
Քար մը որ կը դրուի ուրիշ քարի մը վրայ,
Հրազդանի ափին կամ կողին Արագածի,
Կ՚արժէ բիւրապատիկ աւելի՝ քան ձեր ապարանքները բոլոր -
ուրացումի օթեւան:
Ոյժը թիւի՛ն մէջ է եւ իմաստութեան.
Ու թիւ են Հայկի զարմերը միայն, որ կը շնչեն հովերը
Գեղամայ լեռներուն, եւ արեւը՝ Արարատեան դաշտին.
Եւ իմաստութիւնը արժանի՛քն է անո՛նց, որ գիտեն յարուցանել
հաշտուած Յարալէզներ՝ անձաւներէն Արտաւազդի:
Արտահալած սերունդներուն Մեսրոպի՝ ի զո՜ւր է փնտռել
վարձք ու վեհութիւն, արտաքոյ հայ դպրութեան.
Ու կածանները դէպի գանձատունը հայ հոգիին՝ լոյս կ՚առնեն
ջահերէն Էջմիածնի:
Սոփեստութիւն են, շնաքաղցի կաղկանձ կամ դաւադիր ստութիւն՝
վարձկան բոլոր քարոզները չքոտի մարգարէներուն,
որ կան ի Սփիւռս, Մամոնայէն ներշնչեալ ու
Մողոքին երկրպագու:
Մի՛ հաւատաք: Չկայ հայրենիք՝ առանց հողի, եւ ազգ՝
առանց հայրենիքի:
Ուղղափառութիւնը՝ անդաւաճան նուիրումն է ամբողջի՛ն.
Հերձուա՛ծ է մնացեալը, դժոխքի բաժին:
Դատաւո՛րն եմ ես արդարակշիռ եւ անողոք.
Եւ իմ դատաստանս է անբեկանելի.-
Հաւատարիմ ճակատներուն՝ դալար շիւղերը
Սօսեաց անտառին.
Հայրենադաւ փառամոլին՝ հրաշէկ շամփուր ու նախատինք:
Անահի՛տ կոչուիմ ես, թէ Վահա՛գն հրաբոց՝
Յաւերժական իմ անունս է… ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ:
Հնգամեայ մանուկ մը՝ ապագայ բանաստեղծ Վահէ-Վահեան, 1913-ին կը սկսի յաճախել իր ծննդավայրի Ազգային մայր վարժարանը, իբրեւ «մասնաւոր աշակերտ»: Յաջորդ վերամուտին կ՚ընդունուի նախակրթարանի Գ. դասարանը: Տարեշրջանը դեռ չբոլորած՝ կը փակուի դպրոցը: Աքսորի ճամբուն վրայ փոքրիկն Սարգիսը կ՚ապրի 1915-ի արհաւիրքը: Հրաշքով կ՚ազատի Մեծ Եղեռնէն ու վերապրող փոքրաթիւ հարազատներուն հետ կը հասնի մինչեւ սուրիական Հորանի լեռները:
1916-ի ամառը, Պաղեստինի ճակատամերձ շրջաններէն դէպի ետ քշուած ու Համայի արուարձանները անպատսպար ձգուած տարագրեալներու կարաւանին մէջ կ՚ըլլայ նաեւ ան՝ մօրը եւ երկու քոյրերուն հետ: Անսուաղութենէ հիւծած ու կիսամերկ՝ 1917-ին անոնք կը յաջողին փրկութիւն գտնել իրենց մօրեղբօր քով, Դամասկոս: Զինադադարին կը վերադառնան Այնթապ: 1919-ի վերամուտին, 11-ամեայ Սարգիս Ապտալեան կը մտնէ վերաբացուած Վարդանեան վարժարանը: Յաջորդ տարուան աշնան Ապտալեանները կը հասնին Հալէպ, ուր Սարգիս տարի մը ամբողջ կ՚աշխատիջուլհակի մը քով, բայց նոյն ատեն կը կարդայ ձեռքը անցած հայերէն ամէն գիրք:
1921-ը բախտաբեր տարի մը կ՚ըլլայ նորահաս պատանիին համար, որ կը մտնէ Հայ Աւետարանչականներու նորաբաց դպրոցը, որ յետոյ պիտի անցնէր միսիոնարութեան եւ առնէր «Ալեփփօ» քոլէճ անունը: Իր հօրեղբօրորդւոյն՝ Սուրէն Ապտալեանին ընձեռած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ, 1925-ին Սարգիս Ապտալեան կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ 1930-ին կ՚աւարտէ իր ուսման ընթացքը՝ Պսակաւոր Գիտութեանց ճարտարագիտութեան (B.S. in Engineering): Այնուհետեւ հինգ տարի ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ՝ նախ Լիբանանի Պռումմանա գիւղի գիշերօթիկ դպրոցի մը, ապա մէկ տարի Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ՝ հայ գրականութեան եւ անգլերէն լեզուներու ուսուցիչ իբրեւ:
1935-1986, աւելի քան կէս դար, ան կը ծաւալէ ուսուցչական բեղուն գործունէութիւն՝ սկսելով Նիկոսիոյ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն, շարունակելով ՀԲԸՄ-ի մանչերու Յովակիմեան-Մանուկեան եւ աղջկանց Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ, ընթացքին ստանձնելով նաեւ տեսչական պաշտօններ Դարուհի Յակոբեանի եւ ՀԲԸՄ-ի «Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական հիմնարկի մէջ:
«Արեւ-Անձրեւ» քերթողագիրքին հրապարակումէն 13 տարի ետք՝ 1946-ին, արդէն Վահէ-Վահեան ստորագրութեամբ հանդէս եկող բանաստեղծը լոյսի բարիքին կը յանձնէ իր բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը՝ «Ոսկի կամուրջ»ը, որ իրեն ապահովելով համբաւ ու մեծ ժողովրդականութիւն՝ սփիւռքի ե՛ւ Հայաստանի մէջ, կ՚ամրապնդէ իր արժանի տեղը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, հանդիսանալով անոր ռահվիրաներէն մին: Նոյն տարին է որ կը հիմնէ, կը խմբագրէ ու բծախնդրօրէն կը հրատարակէ «Անի» գրականութեան եւ արուեստներու ամսագիրը, որ կը դառնայ բեմ՝ մանաւանդ սփիւռքահայ շատ գրողներու գործերուն, որոնք եկան յղկել ու ներկայացնել իրենց գրական անդրանիկ բոմբիւնները, ինչպէս՝ Արմէն Դարեան, Գառնիկ Ադդարեան, Լեւոն Վարդան, Վահրամ Մավեան, Անդրանիկ Թերզեան, Սմբատ Տէրունեան, Սմբատ Փանոսեան, Վարուժան Պետիկեան եւ շատ ուրիշներ:
1953-ին լոյս կը տեսնէ իր հայրենական յուշերու արձակ հատորը՝ «Յարալէզներու հաշտութիւնը»: 1956-ին, Սիրան Սեզայի հետ գործակցաբար, կը համախմբէ ու հրատարակութեան կը յանձնէ վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի «Ամբողջական գործեր» հաստափոր հատորը, ընդարձակ ներածականով մը: 1968-ին՝ «Մատեան սիրոյ եւ մորմոքի»ն (քերթուածներ եւ միջազգային գրողներու գործերէն թարգմանական էջեր), 1977-ին՝ «Յուշարձան Վահրամիս»ը (երկարաշունչ պոէմ, նուիրուած իր վաղամեռիկ արկածահար որդւոյն՝ Վահրամ Ապտալեանին), 1978-ին՝ «Վահան Թէքէեան. Հատընտիր»ը («Բանաստեղծութեան իշխան»ին ծննդեան 100-ամեակին առիթով, ընդարձակ յառաջաբանով մը), «Հայ գրականութիւն - պատմուածքներ»ը եւ «Բերքահաւաք»ի (գրադատական էջեր, Երուսաղէմ) Ա. հատորը: «Բերքահաւաք»ի Բ. եւ Գ. հատորները, այս անգամ Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնեն 1987-ին եւ 1993-ին: 1984-ին, անգլերէն բնագիրէ կը թարգմանէ եւ լոյս կ՚ընծայէ լիբանանցի աշխարհահռչակ փիլիսոփայ բանաստեղծ եւ գրող Ժպրան Խալիլ Ժպրանի «Մարգարէն» խորագրեալ նշանաւոր գործը: Յաջորդ տարի այլ թարգմանական մեծարժէք գործ մը՝ հնդիկ համամարդկային գրող եւ բանաստեղծ Ռապինտրանաթ Դակորէն «Պարտիզպանը», «Կիդանճալի»ն (Ձօներգութիւն) եւ «Մրգահաւաք»ը: 1986-ին, Արմէն Դարեանի խմբագրութեամբ եւ վերջինին ընդարձակ յառաջաբանով լոյսի բարիքին կու գայ բանաստեղծին «Հատընտիր»ը, որ կ՚ամփոփէ մինչ այդ հրատարակուած անոր չափածոյ բոլոր գործերը: 1990-ին՝ իր կենդանութեան օրօք լոյս տեսած վերջին քերթողագիրքը՝ «Ղօղանջ ու մրմունջ վերջալուսային», որմէ ետք բանաստեղծը լծուելով թարգմանական անխոնջ աշխատանքի, 1992-ին կ՚իրագործէ իրլանտացի մեծանուն գրող Օսքար Ուայլտի «Տորիըն Կրէյի պատկերը» վէպին հրատարակութիւնը:
Անշշուկ կը մեկնի ան մեր աշխարհէն՝ 20 օգոստոս 1998-ին: Իր մահէն երկու օր ետք, Պէյրութի կեդրոնէն՝ Սբ. Նշան Մայր եկեղեցիէն կը կատարուի ազգային շուքով իր յուղարկաւորութիւնը, ուր մեծ բանաստեղծին վերջին հրաժեշտ տալու եկած էին նաեւ մեծ թիւ կազմող անոր երբեմնի աշակերտները, գրական ու մտաւորական դէմքեր, մշակութային ու կրթական բազմաթիւ գործիչներ:
*
Արդարեւ, Վահեանի բիւրաւոր աշակերտներուն մէջ բախտաւոր մըն ալ ես եմ, որ իրեն աշակերտելու բախտն ունեցայ եւ գո՜ղտր յուշեր դեռ կը պահեմ մեծ երախտաւորին կապուած:
Բանաստեղծին մահէն քանի մը տարի առաջ, 90-ականներու կէսերուն, երբ կ՚աշխատէի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութեան մէջ, առիթներ կը ստեղծէի յետմիջօրէներուն հետիոտն երթալու եւ այցելելու հայ գրականութեան իմ երբեմնի ուսուցիչիս՝ Վահէ-Վահեանի բնակարանը, որ կը գտնուէր արեւմտեան Պէյրութի մէջ, «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի շէնքին մօտերը, Ուաթ-Ուաթ:
Կ՚ուրախանար իմ այցելութեամբ. կ՚ուրախանար՝ հայ եւ օտար գրականութեանց նկատմամբ իմ ցուցաբերած հետաքրքրութիւններուն, տարած գրական աշխատանքներուս համար: Բայց աւելի՛ կը հրճուէր ի՛մ հոգին՝ իր ցուցմունքներով գրական գիտելիքներ ամբարելէն…:
Ան յաճախ ինծի նիւթը կ՚ընէր իրեն մտերիմ Մուշեղ Իշխան (1914-1990) մեծատաղանդ բանաստեղծին, որ մեր աշխարհէն մեկնած էր Վահեանի մեկնումէն ութ տարի առաջ, 1990-ի յունիսին): Իշխան Վահեանենց բնակարանը կ՚այցելէր օրընդմէջ: Անոնք միասին կը զրուցէին գրական եւ ազգային հրատապ խնդիրներու շուրջ, երբեմն ալ նարտիի խաղերու մրցաշարք իրականացնելով: Սերնդակից երկու գրողները իրենց գաղափարախօսական հայեացքներով թէեւ տարբեր էին իրարմէ, սակայն ազգային ցաւերով անոնք սերտօրէն կապուած իրարու՝ գրչեղբայրական ջերմ ու անխառն սէր տածելով մէկը միւսին հանդէպ:
Օր մը, Պարոն Վահեանին իմ տուած մէկ այցին, որոշապէս հետաքրքրութեանս աճը իրեն յայտնելու նպատակով հարցուցի, թէ Մուշեղ Իշխանին հետ ընդհանրապէս ի՞նչ նիւթերու շուրջ խօսակցութիւն կ՚ունենային, ի՞նչ տեսակ հարցերու վրայ կը կեդրոնանային իրենց զրոյցները: Ակնոցներուն ետեւէն աչքերը աւելի խոշոր բանալով, բնական զուսպ ժպիտ մը առանց լայննալու իր դէմքին՝ ան ըսաւ.
-Այո՛, այո՜ տղաս, մեր մեծագոյն ցաւը արեւմտահայերէնի ճակատագիրն է. մեր զրոյցները կը սկսինք ա՛յս նիւթով ու կ՚աւարենք նո՛յն նիւթով.- ի՞նչ պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի ճակատագիրը մեր սերունդին ալ անցումէն ետք: Դուք մի՛շտ գրեցէք, ստեղծագործեցէք արեւմտահայերէնով. ուսուցանեցէք արեւմտահայերէն. բոցարծա՛րծ պահեցէք արեւմտահայերէն լեզուն ու մեր գրականութեան երախտաւոր մեծերուն գործերը: Ա՛յս է իմ եւ Մուշեղ Իշխանին բաղձանքը ձեզմէ, գալիք սերունդներէն: Ա՛յս է նաեւ մեր մեծագոյն, այլեւ անփարատելի ցաւը, առօրեայ հացը մտատանջութեանց…:
Վահէ-Վահեան ուսուցիչիս, մեծ բանաստեղծին այս խօսքերը մինչեւ այսօր եւ յաւէտ գամուած պիտի մնան միտքիս մէջ, ամէն անգամ որ անդրադարձ կատարեմ անոր գրականութեան ու վաստակին, եւ այնքան ատեն, որ արեւմտահայերէնը, իր բառերով՝ «բոցարծարծ պահելու» ճիգերս դեռ կը շարունակուին հայ մամուլի ճամբով, որ հա՛յ դպրոցին հետ կը կազմեն այն առհաւատչեան, որուն Մեսրոպաշունչ հայերգութեամբ պիտի թրծուին, կոփուին ու յագենան հայ սերունդները:
Ու յաճախ նիւթ մը դեռ կը չարչրկէ միտքս ու հոգիս.- ե՞րբ պիտի կազմուի Վահէ-Վահեանի աշակերտներէ կազմուած յանձնախումբ մը, որ խնդրէ՛ բանաստեղծին իւրաքանչիւր աշակերտէն ու աշակերտուհիէն յուշ մը, դրուագ մը, եւ զանոնք հաւաքագրելով Վահեանի մասին քաղցր յուշագրութիւններ որպէս, յանձնուին տպագրութան: Ու պահուելու՝ մեծ դաստիարակին ու բանաստեղծին ողջ գրականութեան գանձարանին մէջ:
Հայ գրականութի՜ւն, հայ բանաստեղծութի՜ւն, հայ լեզո՜ւ, արեւմտահայերէ՜ն… Սրբութիւններ, որոնք համազա՛րկն են մեր սիրտին ու Հայերգութի՛ւնը մեր դարաւոր գոյերթին…:
Վահէ-Վահեանը յաճախ յիշելը պարտաւորեցնող սրտագրաւութիւն մ՚ունի ինծի, քանզի ան ո՛չ միայն հոգեգրաւ ու մեծ բանաստեղծ էր, այլեւ եզակի ուսուցիչ՝ հազարաւոր մեծահասակ աշակերտ-աշակերտուհիներու սիրելի մանկավարժը, որոնց դասապահերուն, ան՝ Վահեան՝ իբրեւ մխացող քրմապետ հզօր խօսքի ու պատգամներու, մենք՝ ականջալուր ու ականատես վկաներ, հայ գրականութեան բագինին առջեւ յար կը շնչէինք բոցկլտուն պատարագին ծուխը՝ Դուրեաններու, Պարոնեաններու, Թէքէեաններու, Վարուժաններու, Սիամանթոներու, Մեծարենցներու, կ՚ապրէինք անոնց իւրաքանչիւրի սիրտին, գործերուն բաբախումներովը…
Փա՜ռք եւ խոնարհում՝ Վահէ-Վահեաններու անմար ու պայծառ յիշատակին:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ