ՄԵԾ ՀՕՐ ԳԻՐԿԻՆ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՍԻՒՆԸ

Եղեռնազոհ գրող Մելքոն Կիւրճեանի ՝ Հրանդի «Ես ու պապիկս» պատմուածքը թոռնիկի մը մանկական անմեղ յիշողութիւններ են, որոնց մէջ նաեւ խորունկ ու իմաստասիրական խորհրդածութիւն մը կայ ընտանեկան յարկին տակ մեծ հօր՝ պապիկին ունեցած անփոխարինելի դերին եւ նահապետական հեղինակութեան մասին։ 

Գրութիւնը մեզ կը տանի դէպի այնպիսի աշխարհ մը, ուր ազգակցական կապերը կը կերտուին ապրուած փորձառութիւններով, զոհողութիւններով եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող բարոյական ուժով։ Հեղինակը վարպետօրէն կը քանդակէ այն բացառիկ ու սրբազան կապը, որ ստեղծուած էր իր եւ մեծ հօր միջեւ։ Այդ կապին մէջ կը տեսնենք անսակարկ սէրը, ամուր վստահութիւնը, կեանքի դասերն ու հոգեւոր տոկունութիւնը։

Մեծ հօր կերպարը կը դառնայ ընտանիքի ողնայարն ու հաստատուն հիմնասիւնը, որուն շուրջ կը համախմբուին տան բոլոր յոյսերն ու յիշատակները։ Անոր ներկայութիւնը ո՛չ միայն ապահովութեան ամրոց է փոքրիկ թոռնիկին համար, այլեւ կեանքի դժուարին ճանապարհին վրայ ուղեցոյց փարոս մը, որուն լոյսը չի մարիր նոյնիսկ տասնամեակներ անց։

Մեծ հայրը պատմուածքին կեդրոնական դէմքն է։ Ան պարզ արհեստաւոր մըն է, երկաթագործ, խիստ ու աշխատասէր, սակայն նոյն ժամանակ՝ անսահման սիրով լեցուն մարդ։ Թոռնիկը ո՛չ թէ մօր, այլ մեծ հօր գիրկը կը փնտռէ, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէ ապահովութիւն, քաջալերանք եւ կեանքի առաջին դասերը։ Մեծ հայրն է, որ իրեն կը սորվեցնէ չվախնալ մութէն, տոկալ դժուարութիւններուն եւ աշխարհին նայիլ համարձակ աչքերով։

Պատմուածքին ամենէն ազդեցիկ դրուագը բաժանումի տեսարանն է։ Թէեւ ծերունին գիտէ, որ թոռնիկին մեկնումը պիտի աւելցնէ իր մենութիւնը եւ ցաւը, այնուամենայնիւ անձնական զգացումները մէկ կողմ կը դնէ եւ կը թոյլատրէ, որ տղան երթայ իր ճամբով։ Ահա հոս կը բացայայտուի իսկական մեծ հօր կերպարը․ ան ո՛չ միայն սիրող, այլեւ զոհաբերող անձնաւորութիւն է։ Իր սէրը սեփականացնել չ՚ուզեր, այլ կը ծառայեցնէ թոռնիկին ապագային։

Հեղինակը տարիներ անց կը հասկնայ, որ իր կեանքին մէջ ամենէն մնայուն ու սրբազան յիշատակներէն մէկը մեծ հօրը կերպարն է։ Անոր օրհնութիւնը, արցունքը եւ բացուած բազուկները կը դառնան ամբողջ կեանքին ուղեկցող հոգեւոր ժառանգութիւն։

ՄԵԾ ՀԱՅՐԸ՝ ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ

Այս պատմուածքը այսօր արդիական է։ Ժամանակակից կեանքին մէջ շատ երեխաներ ու երիտասարդներ մեծցած են մեծ մայրերէն եւ մեծ հայրերէն հեռու։ Ժամանակակից սարքերու, զբաղուածութեան եւ անհատապաշտութեան դարաշրջանին մէջ յաճախ կը մոռցուի, թէ ընտանիքի երէցները որքա՛ն կարեւոր դեր ունին սերունդներու կազմաւորման մէջ։ Մինչդեռ անոնք միայն խնամող կամ տան անդամներ չեն, այլ փորձառութեան, իմաստութեան, ազգային յիշողութեան եւ բարոյական արժէքներու կրողներ։

Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը երեխաներուն կու տան այն, ինչ ո՛չ մէկ դպրոց կամ սարք կրնայ ամբողջութեամբ փոխանցել՝ ժամանակ, համբերութիւն, պատմութիւն, ընտանեկան յիշողութիւն եւ անշահախնդիր սէր։ Անոնք ընտանիքի արմատներն են, իսկ արմատներէն հեռացած ծառը դժուար թէ ամուր մնայ։

Այս պատմուածքը ձեւով մը յիշեցում մըն է՝ վերագտնելու մեր մեծերը, լսելու անոնց խօսքը եւ արժեւորելու անոնց ներկայութիւնը, քանի դեռ անոնք մեր կողքին են։ Մեծ հօր բացուած բազուկները, որոնց մասին կը խօսի հեղինակը, խորհրդանիշն են այն սիրոյն, որուն կարիքը այսօրուան ընտանիքը թերեւս աւելի ունի, քան երբեք։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մելքոն Կիւրճեանի «Ես ու Պապիկս» (Մանկութեան յիշատակներ) պատմուածքը։

*

Մեր տանը մէջ, արական շառաւիղ հաստ արմատի մը վրայ, առանձինն կը մնայի Պապիկիս քով. մէկ հօրեղբայրս քոլերան տարած էր, միւսը տասն եւ հինգ տարիէ ի վեր Ստամպօլը գրկած կը նստէր. հայրս ալ նոյնպէս հոն՝ բայց ոչ հօրեղբօրս պէս անհոգ ու ինքզինքը տուած առձեռն հաճոյքներու։

Քիչ մը անհանդարտ կեանք, մանկական արիութիւն՝ որ այդ տարիքի վրայ յանդգնութեան աւելի կը մօտի յախուռն ոստումներով, թեթեւ գդակ մը գանգրագեղ մազերու վրայ հարեւանցի դրուած, լերանց մէջ մեծցող տղու մը նմանութիւնը տուած էին ինծի. եւ Պապիկս ինծի տրուած անուան մէջ՝ մկրտական անունէս աւելի հաճոյք կը գտնէր, վայրի ծաղկէ մը հրապուրուած աչքերու պէս։

Մեր ընտանիքի մէջ ո՛չ ոք սիրելի էր ինծի այս ծերուկէն զատ, որուն վրայ կը գտնէի ամէն հաճոյք ու բերկրանք։ Ե՞րբ կը սկսէր այդ սիրոյ պատմութիւնս. յայտնի չէր ինծի, գիտեմ միայն որ մօր գիրկ չվազեցի օր մը բաց դաստակներով՝ զորս սիրով կը փաթթէի Պապիկիս վիզը, եւ մօրուացը կը փակչէի շրթունքներովս։ Ի՜նչ անուշութիւն այդ ճերմակ թելիկներու մէջ։

Ինչո՞ւ, ինչո՞վ կապուած էի անոր։ Թոյլ մարդ չէր նա. երիտասարդի պէս կրակոտ էր. բարկութիւն չէ՛, կատաղութիւն էր ինքը։ Զբաղումներն ալ մանկութեան հրապուրելի չէին. նա միշտ քուրայի եւ փքոցի հետ էր. երկաթի կտոր մը կ՚ունենար առջեւը, եւ ծուխին ու մուխին մէջ կայծերու անձրեւի մը տակ՝ կը ծեծէր, կը խարտէր, եւ շողո՜ւն գործիք մը դուրս կը բերէր։

Բացի վախէն՝ ամէն կիրք կը ներշնչէր։ Իրմով սովորեցայ մթութիւնն արհամարհել. եւ այդ թանձր սեւութիւնը, որ ուրիշներու համար անտեսանելի էակներով լեցուն էր, բա՛ն մը չխօսեցաւ իմ աչքերուս։ Իրմով ընտելացայ խաղալ մուրճի եւ ուրագի հետ, որոնք սովորաբար անկիւն մը նետուած կ՚ըլլան։ Այդպէս, ո՛չ մէկ քնքուշ բան ինծի պապիկիս քով, եւ տասը տարի սիրած էի այդ ծերունին մօրմէ աւելի։

Տասներկուքը կ՚աւարտէի, եւ այլեւս անտարբեր չէի կրնար մնալ անոնց, որ բոլորտիքս կը խլրտէին։ Տեսած էի որ ինծի տարեկից տղաներ Ստամպօլ կ՚երթան. ե՞ս ինչու պիտի զրկուէի քանի մը օրուան գոռոզ փքումներէ, թէ Ստամպօլ պիտի երթա՜մ…։ Այդ փափաքի առջեւ կը մոռնայի Պապիկս. մոռցայ քիչ քիչ եւ, սակայն, լաւ կը յիշեմ, թէ չհամարձակեցայ բնաւ իրեն ըսել, թէ Ստամպօլ պիտի երթամ։ «Պիտի փախչիմ», ահա ինչ որ լսած էին մեր տնեցիք։ Իսկ մեր տանը համար՝ անտանելի բան էր տունէն մարդ դուրս հանել. երեք հոգի կը սպասուէին, եւ հիմա, ընդհակառակն, պզտիկ մըն ալ ղրկե՜լ։ Ե՛ս Պապիկիս սփոփանքն էի, զաւկներուն բոլոր սէրը իմ վրայ ամփոփած էր բնականաբար. եւ քիչ շատ ալ սրտին համաձայն էի անհանդարտ բնաւորութեամբս։ Ի՜նչպէս դիւրաւ ճամբու դնել զիս դէպի Ստամպօլ։

Կարելի եղած արգելքներով զինուեցան ինծի դէմ։ Բայց «պիտի փախչիմ»ս կը դրդուեցնէր ամէն խոչընդոտ։ Կրնային արգիլել զիս ճամբորդներուն մեկնած օրը. բայց հետեւեալ օրը, գուցէ ճամբայ կ՚ելլէի մանկական յանդգնութեամբ եւ կը կորսուէի լեռներու կամ ջրերու մէջ։ Պապիկս ըմբռնած էր այս, ուստի ամէն ցաւ, մտմտուք ի բաց նետելով վայրիկ մը,- իր ծերութիւնը, զաւկներուն կարօտը, մենութիւնը, զրկումն առնական երեսէ մը մեր տանը մէջ, արի հոգւոյ մը պէս, որ գիտակցութեամբ կը գրկէ ցաւերը, յանձն կ՚առնէ ինձմէ զրկումն ալ, եւ կ՚որոշէ զիս ճամբու դնել կարծելով, թէ գուցէ իմ պնդմանս մէջ,- թէ Պոլիս պիտի երթամ,- վերին կամքի մը յայտնութիւնը կայ, եւ կամ ճակատագրիս մէկ գաղտնիքը։ Այս կամ այն, հաստատ կ՚որոշէ չարգիլել զիս։ Իրիկուն մը կանչուեցայ իր քով. ծերունին բարեմոյն հօր մը կերպարանքով ըսաւ ինծի, թէ հարկ չկայ որ փախչիմ, ինք թող պիտի տայ որ երթամ. եւ պատուէր պիտի ընէ, որ ճամբուս պէտք եղածը հոգան։ Ի՜նչ ուրախութիւն ինծի։

Հետեւեալ օր տեսայ, որ պատրաստութիւն կը տեսնէին. ճամբու լաթեր, ճամբու հաց, ճամբու տոպրակներ։ Ա՛լ տարակոյս չունէի հիմա, բայց այդ ստուգութեանը հետ վաղահաս լրջութիւն մը եկաւ ինծի. ալ մոռցայ ինչ որ մեր տարիքինն էր։ Ինձմէ գաղտնի կը խօսէին տանը մէջ, յանկարծական վերահասիս՝ դէմքերը խռովեալ կը տեսնէի եւ թաշկինակ մը քղանցքի տակ սպրդած։ Գիշեր մը քունս ընդհատուած էր. պապիկս կը խօսէր մութին մէջ զգալի տխրութեամբ, եւ կ՚ըսէր. «թող երթայ, ինչո՞ւ արգիլեմ։ Թո՛ղ մարդ ըլլայ մարդու կարօտ չմնայ»։ Իր ցաւագին զրկումներուն մէջ, որոնց վրայ պիտի աւելնար սիրական թոռնիկէ մը զրկումն ալ, ա՛յս էր իր բարոյական իմաստասիրութիւնը, բայց որովհետեւ եօթանասունը անց էր, բնապէս կը զգար, որ ալ չէր կրնար զմեզ տեսնել իր ցաւագին օրերուն մէջ, եւ ինքզինքը թոյլ տուած տխուր զգածուածոց, դէպի գետը վազող առուակի ջրերուն պէս, կու լար գիշերուան մթութեանը մէջ։ Բայց առտո՞ւն, ոչինչ իր դէմքին վրայ. ամէն ցաւ, ամէն կսկիծ կը զսպուէր հոն, եւ արցունքն ալ կ՚արգիլուէր՝ ցուրտէն եղեամի փոխուած աշնան ցօղերուն պէս։

Մեր վերջին օրը լուսցած էր չգիտեմ ինչպէս. տանը մէջ շատեր քնած չէին։ Պապիկս, մաքուր հագուած, մօրուքը սանտրած, կը նստէր իր նահապետական տեղը։ Պատուիրած էր որ չլան՝ մեռելի մը տրուած սպասն ու կսկիծի մեծարանքը իր սիրական թոռնիկին չմատուցանելու։ Լաւ բան չէ՛,- այդպէս կ՚ըսէին։ Սիրտ չունէի ես. ալ մանկութեան ո՛չ մէկ անհոգութիւն։ Առաջին փորձութեանս ժամերը կը սկսէին տխուր թատերգութեան մը պէս։

Լուր եկաւ, թէ ճամբորդները դուրս կ՚ելլէին այլեւս։ Դժուարաւ ոտքի կեցաւ Պապիկս եօթանասուն տարիքի ծանրութեանը տակ. շտկուեցաւ եւ ճոկանակին վրայ կռթնեցաւ իր սպառած ուժովը։ Ձեռքէն բռնեցի, որ համբուրեմ վերջին անգամ ու թողում զինքը։ Բայց ոչ, դուրս ելաւ ինծի հետ, եւ կեանքին մէջ առաջին անգամն էր որ յուղարկ պիտի գար. իր զաւկներուն չըրածը թոռնիկին ընելու պէտքը զգացած էր, չգիտեմ ինչու։

Կը քալէինք մէկտեղ. անցանք մեր փողոցներէն ու դրացի տուներէն. հետաքրքիր նայուածքներ չէին ներեր, որ ծերունին բաժանման ժամուն ականատես ըլլար մաշած աչքերով։ Բայց ի՛նչ փոյթ. մենք կը քալէինք կամաց կամաց. եւ հազիւ կէս ժամ անցած, Պապիկս ուժասպառ զգաց ինքզինքը. անդիմադրելի ուժ մը կը կեցնէր զինքը. անկէ ասդին ոչ իսկ քայլ մը, եւ նստեցաւ։ Հոդ կը նետուիմ իր կարկամ բազուկներուն մէջ դողդոջ մարմնոյ մը վրայ, որ արդէն իսկ քայքայման սկսած էր, եւ կը կորսուիմ լանջքին ու մօրուացը վրայ։ Չգիտեմ թէ ո՞վ խլած էր զիս իր գրկէն, անգամ մըն ալ ետիս դարձայ, տեսայ նստած հոն միեւնոյն տեղը անշարժ, եւ բազուկները դէպի ինծի բացուած։ Ահ, անգամ մըն ալ այդ չոր ու անուշ գիրկը…։ Բայց ոչ. կարաւանը մեկնելու վրայ է։ Անգամ մըն ալ ետիս կը դառնամ, եւ այլ եւս ոչինչ…։

Ի՛նչ բան կապած էր զիս այդքան սերտ այդ ծերուկին, տակաւին այսօր ալ չգիտեմ. բայց զգացած եմ, թէ ամէն պատկերներէ աւելի, ամէն սէրերէ աւելի, ամէն արցունքներէ աւելի քաղցր եղան ինծի Պապիկիս պատկերը, սէրն ու արցունքները։ Այնուհետեւ չորս հինգ տարի եկած թուղթերուն մէջ իր օրհնութիւնը ղրկեց մեզի. եւ օր մըն ալ իր մահը եկաւ տխո՜ւր ու սեւ։ Օրհնած էր զմեզ ամենքս ալ իր օրհասի ժամուն. բարիք, յաջողութիւն մաղթած մեզ ամենքիս ալ. ամէն անուն մի առ մի արտասանած Յակոբ նահապետի պէս, որուն անունն ունէր, եւ յետոյ փակած էր աչքերը։ Մեր տունէն գացող թարմ, մատաղ ու ծաղիկ տարիքներուն մէջ՝ ոչ մէկ կորուստ այնչափ խոր կսկծացուց զիս։ Չեմ մոռցած զինքը. այսօր ալ կը յիշեմ թիկնաւէտ, լայնշի ծերունի մը, ճերմակ մօրուքը կուրծքին վրայ, կապոյտ աչքեր, օրհնող ու աղօթող շրթունքներ։ Կը յիշեմ զինքը, եւ ինծի այնպէս կը թուի, որ տակաւին նստած է հոն կէս ճամբուն վրայ, աչքերն արցունքոտ, եւ կարկամ բազուկները դէպ ինծի բացուած։

Ի՜նչչափ քաղցրութիւն այն գրկին մէջ…։ Եւ հիմա իսկ՝ մեռած ու անցած զգացումներու մէջ՝ տակաւին կը գտնեմ բուռն ձգտում մը դէպի այն ծերունին։ Եթէ փակուած է յաւիտեան այն գիրկը, կը փափաքիմ սրտանց, որ գէթ ոսկորներուս փշրանքը խառնուի Պապիկիս փոշւոյն, եւ եթէ կեանքը զարկաւ բաժնեց զմեզ արմատէն խլուած մատաղ ոստի մը պէս, իցի՜ւ գերեզմանոցն աւելի երջանիկ ընէ մեզի։

Յիշատակներու մէջ՝ ցաւերով շինուածներն աւելի զօրեղ են եւ աւելի սրբագործուած։ Ատոնք են, որ աւելի կը տեւեն. եւ կարծեմ, թէ հիւղակներու, խարխուլ տնակներու կապուած կեանքերու մէջ, ուր արտաքուստ ոչինչ կը գտնենք մենք, ամէնքն ալ՝ արհեստաւորէն մինչեւ յետին մշակը, այդ կարգի յիշատակներ ունին սրտի անկիւնը նետուած - մէկն իր պապիկի հետ, միւսն՝ իր մամիկին, եւ ուրիշներ հօր մը, զաւկի մը, սիրուհւոյ մը…։

Կեա՛նք՝ նոյնիսկ մեռած յիշատակներու մէջ։

(«Մասիս» 1893թ․)

ՊԱՊԻԿ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿ

«Պապիկ եւ թոռնիկ» երկը Մկրտիչ Խրիմեանին (Խրիմեան Հայրիկ) ամենանշանաւոր գրական-դաստիարակչական գործերէն մէկն է։ Գրուած ըլլալով 1894 թուականին՝ կը ներկայացնէ խրատական-իմաստասիրական զրոյցներու շարք մը, ուր հեղինակը մեծ հօր կերպարով իր հոգեւոր, ազգային եւ կեանքի փորձառութիւնը կը փոխանցէ երիտասարդ սերունդին՝ թոռնիկին։

Երկին հիմնական առանցքը հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրն է, հայրենի հողին կապուածութիւնը եւ սէրը հանդէպ հայրենիքին։ Խրիմեան Հայրիկ կոչ կ՚ընէ պահպանել ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, հաւատքը եւ տոհմիկ աւանդութիւնները՝ զանոնք նկատելով ազգի գոյատեւման հիմնական երաշխիքները։

Հեղինակը մեծապէս կը գովերգէ հողագործի աշխատանքը։ Ըստ իրեն՝ հողը ժողովուրդի գոյատեւման, բարեկեցութեան եւ անկախութեան հիմքն է։ Հողին հետ կապը միայն տնտեսական հարց չէ, այլ նաեւ ազգային արժէք։

Մեծ հօր՝ թոռնիկին ուղղուած խօսքերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն գիտութիւնը, դպրոցը եւ բարոյական դաստիարակութիւնը։ Կրթութիւնը պէտք է ծառայէ ո՛չ միայն անձնական յաջողութեան, այլեւ ազգի հզօրացման։

Ազնուութիւնը, հաւատարմութիւնը, համբերութիւնը, աշխատասիրութիւնը, երէցներու հանդէպ յարգանքը եւ քրիստոնէական առաքինութիւնները շարունակաբար կը շեշտուին ամբողջ երկին մէջ։

Խրիմեան Հայրիկի այս երկին մէջ մեծ հայրը կը մարմնաւորէ ազգային յիշողութիւնը, դարաւոր փորձառութիւնն ու կուտակուած իմաստութիւնը։ Ան ընտանիքի այն առանցքն է, որ անցեալը կը փոխանցէ ապագային։ Իր խրատներուն մէջ կը միախառնուին սէրը, հոգատարութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։

Թոռնիկը կը ներկայացնէ երիտասարդ սերունդը՝ հարցադրող, հետաքրքրասէր եւ գիտելիքի ծարաւ։

Ան ապագայ հայ մարդն է, որուն դաստիարակութիւնը կ՚որոշէ ազգի վաղուան ճակատագիրը

Գիրքը գրուած է պարզ ու մատչելի լեզուով։ Երկխօսական ձեւը ընթերցողը անմիջապէս կը ներգրաւէ զրոյցին մէջ։ Խրիմեան Հայրիկ հմտօրէն կը գործածէ ժողովրդական առածներ, ասացուածքներ, առակներ եւ պատկերաւոր համեմատութիւններ, որոնց շնորհիւ գիրքը կը դառնայ ո՛չ միայն ուսուցողական, այլեւ հաճելի ընթերցանութիւն։

«Պապիկ եւ թոռնիկ»ը սերունդներու միջեւ երկխօսութեան եւ ազգային դաստիարակութեան իսկական ձեռնարկ մըն է։ Այսօր, երբ շատ ընտանիքներու մէջ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը յաճախ դուրս կը մնան առօրեայ կեանքէն, իսկ նոր սերունդը աւելի շատ ժամանակ կը տրամադրէ թուային աշխարհին, Խրիմեան Հայրիկի այս գործը նոր հնչեղութիւն կը ստանայ։

Կ՚արժէ, որ մեր երիտասարդները կարդան «Պապիկ եւ թոռնիկ»ը։ Այս գիրքը անոնց պիտի սորվեցնէ գնահատել ընտանիքին մէջ մեծերու ներկայութիւնը, լսել անոնց խրատները եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ անգնահատելի դեր ունին մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը սերունդներու առողջ, բարոյական եւ ազգային դաստիարակութեան մէջ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026