ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ԸԼԼԱԼ

Ամէն բան իր ժամանակը ունի. «Ամէն բանի ժամանակը կայ եւ երկինքի տակ եղող ամէն գործի ժամանակը։ Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ… լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ… գրկելու ժամանակ եւ գրկէ հեռացնելու ժամանակ, փնտռելու եւ կորնցնելու ժամանակ… լռելու ժամանակ եւ խօսելու ժամանակ, սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ…». (ԺՈՂՈՎ. Գ 1-3, 4, 6, 8)։ Մարդիկ, ընդհանրապէս կը գանգատին, թէ Աստուած կ՚ուշացնէ իր պատասխանը իրենց աղօթքներուն։ Բայց «տաղտկացող այրիին առակ»ին մէջ (ՂՈՒԿ. ԺԸ 1-8), Յիսուս կը պատուիրէ մի՛շտ աղօթել առանց յոգնելու՝ հաւատքի համբերութեամբ։ Արդարեւ, «Աստուած կը համբերէ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի». (Բ ՊԵՏ. Գ 9)։

Համբերութիւնը աղօթքի ամենակարեւոր պայմաններէն մին է. Աստուած միշտ աղօթողին մտածած լաւագոյն միջոցներով չի գործեր։ Ուստի, փոխանակ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ուղղակի՛ «խոստացեալ երկիր» տանելու՝ Ան շատ երկար ճամբով տարաւ զանոնք, որպէսզի փղշտացիներու հետ կռիւ չունենար։ Պատասխանի ամէն ուշացում անպայման բարեբեր եւ բանաւոր պատճառ մը ունի եւ այս պատճառով համբերութիւնը անհրաժե՛շտ է եւ աստուածային տնօրինութի՛ւն։ Ուստի եւ եթէ Աստուած, մարդս իր նպատակին հասնելու համար ամենակարճ կերպով չ՚առաջնորդէր, քանի որ ամէն կարճ ճամբայ բարեբեր չէ՛, ուրեմն պէտք չէ՛ գանգատիլ եւ կամ հակառակիլ Աստուծոյ կամքին։

Պէտք է հետեւիլ եւ վստահիլ Աստուծոյ։ Ա՛ն մարդս պիտի պահէ անտեսանելի վտանգներէ եւ աներեւակայելի արգելքներէ։ Ան կը տեսնէ մարդուս կեանքի ճամբորդութեան վախճանը՝ քանի որ Ան ամենատես է եւ արդարեւ «ճակատագիր» ըսուածը՝ Աստուծոյ ամենատեսութիւնն է՝ առանց ժամանակի սահմանաւորման։ Ան «ամենատես» է, քանի որ Ան յստակ կերպով կը տեսնէ ապագան, մինչ մարդը ներկան իսկ այնքան յստակ եւ որոշակի չի՛ կրնար տեսնել։ Պղատոնի համաձայն՝ մարդուս տեսածները միայն իրողութիւններու շուքերն են։ Եւ քանի որ մարդուս տեսածները անորոշ են, ապա ուրեմն պէտք է հնազանդի ամենատես եւ յստակատես Աստուծոյ եւ համբերութեա՛մբ…

Աստուած ապագան կը տեսնէ ներկային մէջ եւ հիմակուընէ գիտէ լաւագոյն ճամբան եւ միջոցները՝ մարդս ապահովութեամբ հոն հասցնելու։ Երանութեան դուռը նեղ է. «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, որովհետեւ կ՚ըսեմ ձեզի որ շատերը մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՂՈՒԿ. ԺԳ 24)։ Արդարեւ, «քրիստոնեայ» ըլլալը դիւրին չէ՛, քանի որ համբերութիւն կը պահանջէ. հրաժարիլ աշխարհի հաճոյքներէն, նիւթական ապահովութենէն եւ սիրով ընդունիլ նեղութիւն, զրկանք եւ կամաւոր աղքատութիւն եւ միայն հոգեւոր հարստութիւն…

Յիսուսի պէս ըլլալու է հաւատացեալը՝ խոնարհ, համբերող, ծառայասէր, երկայնամիտ եւ ներո՛ղ։ Եւ այս բոլորը դիւրին չեն եւ թէ անհրաժեշտ արահետներ, նեղ ճամբաներ են եւ որոնք կ՚առաջնորդեն քրիստոնեաները եւ կ՚օգնեն իրենց, որպէսզի մտնեն «նեղ դուռ»էն։ Եւ այդ «դուռ»ը՝ Օրէնքը չէ՛ եւ ո՛չ ալ բարեգործութիւն, այլ՝ Յիսուս Ի՛նքն է, միակ միջոցը եւ միակ ապահով, վստահելի, լուսաւոր դո՛ւռը. «Ես եմ դուռը, եթէ մէկը ինձմէ ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի՛». (ՅՈՎՀ. Ժ 9)։ Դուռը եւ ճամբան. «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը, մէկը Հօրը քով չի գար եթէ ոչ ինձմով». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 5)։

Դուռը, թէեւ նեղ է, բայց բաց է եւ մատչելի բոլորին։ Մարդ կրնայ նախընտրել աշխարհի լայն դուռը՝ որ դէպի կորուստ կը տանի, բայց նեղ դուռը՝ Յիսուսի, որ բա՛ց է բոլորին առջեւ, համայն աշխարհի։ Ո՛վ որ Անոր հաւատայ, Անկէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի։ Աստուած նախասահմանած չէ՛ ոչ մէկ մարդու կորուստը՝ այլ փրկութիւնը։ Յիսուս անհո՜ւն սիրով կը սիրէ բոլոր մարդիկը, Անոր բազուկները բա՛ց են բոլորին, Անոր սրտի դուռը միշտ բա՛ց է. սիրոյ դուռը մի՛շտ բաց է…

Եւ ժամանակը կարճ է, գուցէ գոցուի այդ դուռը, քանի որ ամէն բան իր ժամանակը ունի. ամէն բանի ժամանակը կայ, սկիզբ եւ վերջ։

Ուստի, համբերութի՜ւն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 19, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026