ԱՆԷԾՔ՝ ՈՐ ՍԷՐԷՆ ԿԸ ԾՆԻ

Այն անէծքներ, որոնք երբեք պէտք չէ տրուին՝ յուսահատութեան, ջղայնութեան ու վհատութեան ի՛նչ վիճակի մէջ ալ մարդ գտնուի, որովհետեւ անէծքը ունի իրականութիւն դառնալու յատկութիւնը։ Բառերը օդին մէջ չեն կորսուիր. օրինակի համար, անկասկած այդ անէծքներէն մէկն է Շահան Շահնուրի իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ արձանագրած այս տողերը. «…Զանոնք (հայերը) վերածէ կատաղութեամբ լեցուն թշուառականներու, ատելութիւն, կիրք, բայց մանաւանդ՝ յուսահատութիւն տուր անոնց»։ Շահնուրի այս տողերը գրի առնուած են մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ՝ 1932 թուականին. այդ թուականէ՞ն ետք հայութեան մէջ «ծաղկեցաւ» ատելութիւնն ու կիրքը, հակառակութիւնն ու ոխը՝ չենք գիտեր, սակայն, յստակ է, որ այսպէս կամ այնպէս դարձաւ իրականութիւն: 

Շահնուրի տուած այս անէծքը յաճախ կը ստեղծէ հետեւեալ հակասութիւնը. իր ազգը իրապէս սիրող անձ մը կրնա՞յ նման արտայայտութիւն-անէծք մը բարձրացնել մա՛նաւանդ այն տարիներուն, երբ սփիւռքը ամենէն շատ միասնութեա՛ն կարիքը ունէր: Ժամանակը չկրցաւ հասկնալ Շահնուրը. բնական է, որ նման տողեր որպէս «անէծք» առնուին. պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Շահնուր իր շատ մը աշխատութիւններուն մէջ ըսած է նաեւ, թէ հայ ազգը պէտք է ոչնչանայ։ Այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնան հայրենասիրութիւն ըլլալ. բացատրե՛նք: 

Շահան Շահնուր ջղային լուրջ տագնապներ կ՚ունենար, երբ ականատես կ՚ըլլար, որ օտարը կործանել չյաջողած ազգը հրաշքով ազատած՝ այժմ ինքն իրեն է, որ կը կործանէր։ «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան հիմնական ու ամբողջական գաղափարը ա՛յդ էր։ Հայը ինքզինք օտարութեան մէջ սկսած էր իր «սեփական» տունին մէջ զգալ. բոլորը արդէն իսկ տուն տեղ ըլլալ, եւրոպացի դառնալու խուճապին մէջ էին. կարծես տեղ մը գոհ էր այն դժբախտութենէն, զոր ապրեցաւ, որովհետեւ փոխանակ այդ ցաւը իր արմատներուն աւելիով կառչելու պատճառ ըլլայ, կարծես հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Բոլորը սկսան ապրիլ «մենք հիմա լաւ ենք»ի հոգեբանութեամբ։ Ժողովուրդը կ՚ապրէր բան մը կորսնցուցած չըլլալու հոգեբանութեամբ։ Միւս կողմէ, Շահնուր կը տեսնէր, թէ ինչպէս շատ մը հայեր իրենց անունը կը փոխէին, ինչպէս հայ երիտասարդներ հայ ընտանիքներ կազմելու փոխարէն՝ օտար ամուսնութիւններ կը կնքէին եւ այս բոլորը բացի Շահնուրէն, կարելի է գտնել նաեւ ֆրանսահայ միւս գրողներուն մօտ. ինչպէս՝ Կարօ Փօլատեան, Զարեհ Որբունի եւ ուրիշներ: Այս բոլորին դիմաց Շահնուրինը բռնկում անէծք մը չէ, այլ հակառակը՝ սիրոյ գերագոյն վիճակ. այս վիճակը բացատրենք հետեւեալ ձեւով.-

Եթէ կարդանք Հին կտակարանը, պիտի տեսնենք, որ շատ մը մարգարէներ ինչպէս խիստ ոճով, խիստ բառերով դիմած են իսրայէլացի ժողովուրդին. կարելի՞ է այդ բոլորը որպէս «ատելութիւն» նկատել. օրինակի համար, Եսայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողը. «Եզը կը ճանչնայ իր տէրը, էշը՝ իր տիրոջ մսուրը, բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար» (Եսայի 1.3)։ Եթէ փորձենք իմաստային վերլուծութիւն մը ընել, ապա այստեղ Աստուած մարգարէին բերնով ըսել կ՚ուզէ, որ իսրայէլացի ժողովուրդը իմացական գետնի վրայ շատ աւելի նուաստ է՝ քան եզն ու էշը։ Այլ տեղ մարգարէն իսրայէլացի ժողովուրդին կը դիմէ «Սոդոմ»ի եւ «Գոմորի» որդիներ անուններով։ Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ ամենէն անիծեալ երկու քաղաքներու անունները կու տայ անոնց. քաղաքներ՝ որոնք պոռնկութեան եւ անբարոյութեան պատճառով Աստուծոյ պատիժին արժանացան։ Վստահաբար, մարգարէն այդ բոլորը ատելութեան համար չէր ըսեր։ Այդտեղ կար հակառակ պատկեր մը. այդ բոլորը մատնանիշ ընելով կ՚ուզէր, որ իսրայէլացի ժողովուրդը դուրս գար այդ վիճակէն եւ վերադառնար իր նախկին փառքի վիճակին. նոյն երազն ու երգը ունէր Շահան Շահնուր: 

Օրինակը պէտք է վերցնել այսպէս. մարդ իր մահամերձ ըլլալը բժիշկէն կը գիտնայ. բժիշկն է, որ այդ սոսկալի լուրը կու տայ, սակայն, միւս կողմէ կարելին կը փորձէ հիւանդին կեանքը փրկելու եւ երկարելու համար։ Բժիշկին տուած տեղեկութիւնը ատելութեան արդիւնք կարելի չէ նկատել։ Շահնուր յստակ կը տեսնէր, որ հայ ժողովուրդին ընթացքը ի վերջոյ դրական արդիւնքի մը պիտի չյանգի. այդ իսկ պատճառով, Շահնուր իր գրականութեամբ ժողովուրդը գոհացնել ու հաճոյացնել չէր փորձեր: 

Միւս կողմէ, Շահնուր կ՚ուզէր հեռու մնալ միասնութեան կոչերէն, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին նորութիւն էր միասնութեան կոչեր բարձրացնելը։ ՝այդ կոչերը լոկ լոզունգներ էին՝ առանց աշխատանքի, առանց նպատակի։ Մեր ազգին մէջ կան որոշ բառեր, որոնք բեմերէն սիրուն կը հնչեն եւ առ այդ չենք զլանար այդ բառը տեղի-անտեղի գործածելէ: 

Շահնուրի որդեգրած այս ոճը կը յիշեցնէ որոշ մայրերու կեցուածքը։ Լսա՞ծ էք երբեւէ, որ մայր մը «Տղաս մի՛ ըների փոխարէն» հակառակը ըսէ։ Օրինակի համար, տղուն գինեմոլութենէն դժգոհ ըսէ. «Խմէ՜ խմէ՛…»։ Բոլորս ալ գիտենք, որ այդ խմեն իրականութեան մէջ հակառակութիւն մըն է խմելուն, սակայն, կա՞յ մարդ, որ կասկածի անոր կարեկցական իմաստին՝ կը կասկածինք:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Եթէ հայ մնացինք՝ ասիկա կը պարտիք հայ մայրերուն: եթէ կ՚ուզենք չկորսուիլ ու տոկալ, կառչինք դարձեալ հայ մայրերուն:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026