ՄԵԾՆԱԼՈՒ ԳԻՆԸ. ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄԵՂՈՒԹԵՆԷՆ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔԻ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդ երբ կը մեծնայ, միայն հասակ չ՚առներ։ Անոր հետ կը մեծնայ նաեւ աշխարհի մասին իր պատկերացումը։ Մանկութեան տարիներուն մեզի կը սորվեցնեն, թէ ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչը՝ սխալ, ի՛նչ է ազնուութիւնը, ի՛նչ կը նշանակէ յարգանքը, ինչո՞ւ պէտք է մեծերու հանդէպ պատկառանք ունենալ, ընկերոջ կողքին կանգնիլ, խոստումը պահել եւ մարդ մնալ նոյնիսկ այն պահերուն, երբ ո՛չ ոք մեզ կը դիտէ…

Այդ արժէքները կը դառնան մեր ներքին չափանիշները։ Մենք անոնցմով կը փորձենք հասկնալ աշխարհը եւ անոնցմով ալ կը գնահատենք մարդիկը։ Մանկութեան ընթացքին կը թուի, թէ այս կանոնները հաստատուն են եւ մեծերը, որոնք մեզի այս բոլորը կը սորվեցնեն, իրենք ալ նոյն կերպով կ՚ապրին։ Կը հաւատանք, որ ազնուութիւնը միշտ պիտի գնահատուի, բարութիւնը՝ վերադարձուի, հաւատարմութիւնը՝ փոխադարձ ըլլայ, իսկ արդարութիւնը՝ ի վերջոյ իր տեղը գտնէ։

Բայց տարիները կ՚անցնին եւ մարդը կը սկսի տեսնել ուրիշ իրականութիւն մը։

Կը նկատէ, թէ երբեմն ամենէն շատ ազնուութեան մասին խօսողը խաբէութեան կը դիմէ։ Կը տեսնէ, որ պատուի մասին երկար ճառեր ըսող մարդիկ իրենց շահուն համար դիւրութեամբ կը մոռնան իրենց իսկ խօսքերը։ Կը տեսնէ, որ տարիներով իրարու կողքին կանգնած մարդիկ կրնան մէկ ակնթարթի մէջ զիրար լքել, երբ իրենց շահերը այլեւս չեն համընկնիր։ Կը տեսնէ, որ բարութիւնը երբեմն կը նկատուի թուլութիւն, լռութիւնը՝ վախկոտութիւն, իսկ սկզբունքներ ունենալը՝ անիրատեսութիւն։

Եւ հոս է այն յուսախաբութիւնը, որ մարդու մէջ խոր հետք կը ձգէ։ Որովհետեւ մենք միայն աշխարհի փոփոխութիւնը չենք տեսներ։ Մենք կը տեսնենք նաեւ մեր մանկութեան ընթացքին հաւատացածներուն փլուզումը։

Ամենացաւալին աշխարհի մեր պատկերացուցածին նման չըլլալը չէ։ Ամենացաւալին այն է, որ երբեմն կը ստիպուինք հարցնել՝ արդեօք այն բոլորը, որ մեզի տարիներ շարունակ սորվեցուցին, իրականութեան մէջ երբեք գոյութիւն ունեցա՞ծ էր։

Մենք մեծցած էինք այն համոզումով, որ «մարդը մարդուն ձեռքը պէտք է ըլլայ»։ Բայց կեանքը մեզի կը սորվեցնէ, որ ոմանք ձեռք կը մեկնեն միայն այն ժամանակ, երբ իրենք պէտք ունին։ Մեզի ըսուած էր՝ «խոստացած ես, յարգէ՛»։ Բայց կը տեսնենք մարդիկ, որոնք իրենց խօսքը կը փոխեն նոյնքան դիւրութեամբ, որքան իրենց տրամադրութիւնը։ Մեզի սորվեցուցին, որ մարդուն արժէքը իր բնաւորութեան մէջ է, ո՛չ թէ ունեցածին։ Սակայն, աշխարհ յաճախ կը չափէ մարդը իր դրամով, դիրքով, ծանօթութիւններով եւ այն բանով, թէ ի՛նչ կրնայ ուրիշներուն տալ։

Այս հակասութիւնը մարդու հոգիին մէջ տարօրինակ դատարկութիւն մը կը ստեղծէ։ Որովհետեւ երբ փոքր էինք, արժէքները մեզի համար պարզ էին։ Մեծնալով՝ անոնք սկսան պայմանական դառնալ։ Բարի ըլլալը արդեօք միշտ ճի՞շդ է, երբ դիմացինը բարութիւնը չարաշահելու պատրաստ է։ Ազնիւ մնալը արդեօք միշտ իմաստ ունի՞, երբ անազնիւը աւելի արագ կը յառաջանայ։ Ներել պէ՞տք է, երբ մարդը նոյն սխալը կրկին ու կրկին կը գործէ։ Լռե՞լ, թէ խօսիլ։ Հաւատա՞լ, թէ միշտ կասկածիլ։

Մեծնալը երբեմն այս հարցումներուն պատասխան գտնելու համար բաւարար չ՚ըլլար։ Մեծնալը երբեմն այն գիտակցութիւնն է, որ աշխարհի բոլոր հարցումներուն համար միայն մէկ պատասխան գոյութիւն չունի։ Սակայն, այս գիտակցութիւնը չի նշանակեր, որ պէտք է հրաժարինք մեր սորված արժէքներէն։ Ընդհակառակը։

Թերեւս իրական հասունութիւնը այն պահուն կը սկսի, երբ կը հասկնանք, որ արժէքները արժէք են ո՛չ թէ որովհետեւ բոլորը կը հետեւին անոնց, այլ որովհետեւ մենք կ՚ընտրենք հետեւիլ անոնց՝ գիտակցելով աշխարհի անկատարութիւնը։

Ազնիւ ըլլալը դիւրին է այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր բոլորը ազնիւ են։ Իրական փորձութիւնը կը սկսի այն ժամանակ, երբ անազնուութիւնը կը դառնայ սովորական, բայց, մենք դարձեալ կը նախընտրենք չստել։

Բարի ըլլալը դիւրին է, երբ մեր բարութիւնը կը գնահատուի։ Իսկ երբ մէկը մեր բարութիւնը կը չարաշահէ եւ մենք դարձեալ կ՚որոշենք դաժան չդառնալ՝ հոն է, որ բարութիւնը իսկական ուժ կը դառնայ։

Հաւատարիմ մնալը դիւրին է, երբ դիմացինը նոյնքան հաւատարիմ է։ Բայց երբ հիասթափուած ենք, երբ մեզ խաբած են, երբ մեզ լքած են եւ հակառակ անոր՝ չենք ուզեր մեր սիրտը ամբողջովին քարացնել, այդ պահուն մենք կը պաշտպանենք մեր մարդկայնութիւնը։

Գուցէ մեծնալու ամենամեծ ցաւերէն մէկը այն է, որ կը հասկնանք, թէ մեր մանկութեան աշխարհը այլեւս գոյութիւն չունի։ Այն մարդիկը, որոնք կը կարծէինք անփոփոխ, փոխուած են։ Այն խոստումները, որոնց կը հաւատայինք, երբեմն մոռցուած են։ Այն արժէքները, որոնց վրայ կը կառուցէինք մեր վստահութիւնը, ուրիշներու համար երբեմն միայն բառեր դարձած են։

Բայց մենք պարտաւոր չենք անոնց հետեւիլ։ Կրնանք հիասթափուիլ առանց չարանալու։ Կրնանք զգուշանալ՝ առանց անսիրտ դառնալու։ Կրնանք սորվիլ չվստահիլ ամէն մարդու՝ առանց ամբողջ աշխարհը մեղադրելու։ Կրնանք հասկնալ, որ բոլորը մեզի նման չեն մտածեր, բայց այդ գիտակցութիւնը պատճառ մը չէ, որ մենք ալ հրաժարինք մեր իսկական էութենէն։ Որովհետեւ աշխարհի մէջ արժէքներու պակասը տեսնելը տարբեր բան է, իսկ մեր ներսի արժէքները սպաննելը՝ բոլորովին տարբեր բան։

Թերեւս մեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ անցեալի սերունդներուն մեզի փոխանցած բոլոր համոզումները կատարելապէս ճիշդ չէին։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին փոխուելու կարիք ունին։ Բայց անոնցմէ շատերու հիմքին տակ կայ պարզ եւ խոր ճշմարտութիւն մը՝ մարդը պէտք է փորձէ մարդ մնալ։

Եւ երբ ամբողջ աշխարհ մեզ կը համոզէ, որ սկզբունքները այլեւս պէտք չեն, գուցէ ամենամեծ ապստամբութիւնը այդ սկզբունքները պահելն է։ Ո՛չ թէ որովհետեւ աշխարհը կը պահանջէ, այլ որովհետեւ մենք չենք ուզեր դառնալ այն մարդը, որմէ ժամանակին կը յուսահատէինք։

Մեծնալով երբեմն կը կորսնցնենք մեր մանկութեան անմեղութիւնը, բայց, կրնանք պահել անոր լոյսը։ Կրնանք հասկնալ աշխարհի դաժանութիւնը՝ առանց անոր դաժանութիւնը մեր բնաւորութեան վերածելու։ Կրնանք տեսնել, թէ որքան շատ բան փոխուած է, բայց, դարձեալ ընտրել այն մարդը ըլլալ, որուն ներկայութիւնը ուրիշի կեանքին մէջ մարդասիրութեան նոյնիսկ փոքր նշոյլ մը կը բերէ։

Ի վերջոյ, թերեւս կեանքը մեզմէ չի պահանջեր ապացուցել, որ աշխարհը արդար է։ Կեանքը միայն կը հարցնէ՝ այս ամբողջ անարդարութեան մէջ մենք ո՞վ պիտի ըլլանք։

Եւ գուցէ ամենէն գեղեցիկ պատասխանը այն է, որ նոյնիսկ երբ մեր սորված արժէքներուն վերջը կը տեսնենք ուրիշներուն մէջ, անոնց վերջ չտանք մեր ներսին մէջ։ Որովհետեւ աշխարհը որքան ալ փոխուի, մարդու վերջին ապաստանը իր խիղճն է։ Իսկ երբ մարդ իր խիղճը չկորսնցնէ, մանկութեան տարիներուն սորված ամենակարեւոր դասը դեռ կենդանի կը պահէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2026