ԼՈՅՍ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
Լո՛յս է աշխարհը հորիզոնէ՜ հորիզոն։ Մութ, խաւար եւ մշուշոտ անկիւն մը իսկ կարելի չէ՛ երեւակայել նոյնիսկ ամենախոր անձաւներուն մէջ։ Ուստի, լոյսի տիրապետութեան մէջ միայն խաղաղութեան ձիթենիներ կրնան ծաղկիլ եւ ուրախութեան այգիներ պտղաբերել։ Հոն՝ ուր լոյս կայ, հոն խաղաղութիւն կը տիրէ. կեանքի փորձառութիւնը կը հաստատէ այս անուրանալի ճշմրտութիւնը։ Քանի ա՛ն որ կը հաւատայ՝ անոր համար անկարելի բան չկա՛յ։
Հեռուն փնտռելու կարիքը չունին մարդուս աչքերը եւ ականջները՝ տեսնելու եւ լսելու համար, թէ մութը, խաւարը եւ մշուշը իր իսկ սրտին մէջ է, իր հոգիին խորը։ Մարդ եթէ բորբոքած եւ խելագարուած է՝ հակառակ լոյսին, ինք իր մէջ խաւարած է եւ մշուշը պատած է զինք։ Ուստի, երբ մարդ փակէ իր աչքերը՝ մութ կ՚երեւի ամէն ինչ, բայց լոյսը կը շարունակէ տիրապետել իր շուրջը։ Ուրեմն, կը հետեւի, թէ մութը, խաւարը, ըսենք չարը, ենթակայական՝ մարդուն ներքին աշխարհին յատուկ երեւոյթ մըն է։
Խաղաղութեան, յատկապէս ներքին խաղաղութեան՝ որ է սրտի անդորրութիւն, ակն է Լոյսը, լոյսը՝ որ Ի՛նքն է Արարիչը ամբողջ տիեզերքին. «Աստուած ըսաւ.- Լոյս ըլլայ. եւ լոյս եղաւ». (ԾՆՆԴ. Ա 3)։ Եւ Աստուած՝ Արարիչը երբեք չ՚ուզեր, որ խաւար ըլլայ։ Բայց առանց լոյսի աշխարհ մը նախընտրեց մարդը։ Առանց լոյսի աշխարհ մը առանց խաղաղութեան աշխարհ մըն է, եւ առանց խաղաղութեան աշխարհը դժոխք մըն է եւ այս աշխարհի վրայ կեանքը մահացում է։
Կեանքը՝ որ լոյսի մէջ ապրիլ կը նշանակէ, մարդ ինք վերածած է խաւար ընթացքի մը. խաղաղութիւնը փոխարինելով խռովութեան, անկարգութեան։
Յոբ «հանգիստ» կը կոչէ մարդուս վախճանը։ Մարդ հանգիստ է եւ ապահով, երբ լոյսի մէջ է, որովհետեւ խաղաղութիւնը կը տիրէ լոյսին մէջ։
Մարդ պէտք ունի Լոյսի՝ որ նոյնիսկ աղբիւրն է խաղաղութեան եւ ուրախութեան։ Մարդ պէտք ունի Լոյսի՝ սրտին մէջ, հոգիին մէջ, բնութեան մէջ՝ օդին մէջ, ջուրին մէջ, «հաց»ին մէջ՝ ուրախութեան շնորհողին, խաղաղութեան Բաշխիչին։
Լոյսի շողի մը մէջ կարելի է տեսնել հրաշքի մը փայլատակումը՝ տեսլականը, գաղափարականը Խաղաղութեան եւ Ուրախութեան։ Ուստի, ամէն գիտութենէ, ամէն փիլիսոփայութենէ վեր է եւ գերազանց ան՝ որ մարմնացեալ, մարդացեալ Աստուածն է՝ Յիսուս Քրիստոս, աշխարհի Լո՛յսը։
Առանց Յիսուսի խաղաղութեան այս աշխարհի վրայ նեղութիւններու եւ ողբերգութեան մէջ շնչող մարդը խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ ուրախութիւն պիտի չունենայ երբեք, ինչպէս եւ անցեալի մէջ։ Բայց ներկայիս մութ եւ խաւար, մռայլամած երկինքը՝ որուն տակ շնչել եւ քալել կը ջանայ մարդ իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ եւ անխարդախ զաւակ, անուշ եւ գեղեցիկ հոգիով… միշտ եւ միշտ Քրիստոս իր հետ է. «Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ՚առաջնորդէ ինծի։ Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասնզի դուն ինծի հետ ես…». (ՍԱՂՄ. ԻԳ), եւ. «Տէրոջը համար պիտի ըսեմ.- Իմ ապաւէնս եւ իմ ամրոցս է, իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ». (ՍԱՂՄ. ՂԱ)։ Եւ իրապէ՛ս Ան միշտ մեզի հետ է։ Ամուլ եւ զուր թափառումներէ ետք, վերջապէ՛ս մարդ կը գտնէ զԱյն՝ իր յաւիտենական Խաղաղութիւնը եւ Ուրախութիւնը։ Ան կը լեցունէ մարդը՝ որ խաւարի եւ մութի մէջ կը ջանայ ճամբան գտնել եւ յառաջանա՛լ։
Յաւիտենականութիւնը միակ ճշմարտութի՛ւնն է։ Եւ այդ ճշմարտութեան հասնելու ճամբան՝ անկեղծ, անարուեստ եւ սրտաբուխ աղօթքն է, որ աղօթողը կը բարձրացնէ Անոր՝ Փրկչին։
Ուստի, պէտ է գոհանալ կեանքի բոլոր պարագաներուն համար՝ որոնք փուշ եւ կրակ, արցունք, մրրիկ եւ վէրք եղած են մարդուն։
Մարդ պէտք է գոհանայ այն անբռնաբարելի խաղաղութեան եւ ուրախութեան համար, զոր զինք կը դարձնէ Անոր։
Այն որ կը հաւատայ՝ անկարելի բան չկա՛յ անոր համար, քանի որ այն որ կ՚աղօթէ եւ կը հաւատայ, որ պիտի լսուի եւ պիտի կատարուի իր ուզածը՝ կը ստանայ զայն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 20, 2026, Իսթանպուլ