ԿԱՊԻԿԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ՝ ԿԱՊԻԿ, ՀԱՅՈՒՆԸ՝ ԽԱՉԵԱԼ

Աստուա՞ծ մարդը իր պատկերով ստեղծեց, թէ ոչ մարդը իր պատկերով Աստուած (աստուածներ) ստեղծեց՝ վերլուծութեան արժանի լուրջ խնդիր մըն է, սակայն, Շահնուր իր «Աւագ ուրբաթ» աշխատութեան մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Կապիկը եթէ իրեն համար Աստուած մը երեւակայէր, անոր կապիկի դիմագիծ պիտի տար»։ Այստեղ կապիկ բառի գործածութիւնը վստահաբար հեգնական նպատակ մը ունի, սակայն, իրականութեան մէջ այս հեգնանքը եւս իր մէջ ունի որոշ ճշմարտութիւն մը։ Մարդ իր Աստուածը կ՚ուզէ մի՛շտ իր պատկերին նման տեսնել. օրինակի համար, Ափրիկէի մէջ գտնուող շատ մը եկեղեցիներէ ներս տեղ գտած պատկերն ու արձանները ընդհանրապէս սեւամորթ Յիսուս Քրիստոս մը կը պարզէ։ Անշուշտ, այս մտածումը Շահնուրին յատուկ չէ։ Հազարամեակներ առաջ յոյն փիլիսոփայ Քսենոփանէս նման գաղափար մը կը յայտնէր՝ կապիկին տեղը դնելով եզ ու ձի։ Մտածողը կ՚ըսէր. եթէ ձիերը ձեռքեր ունենային եւ կարենային նկարել, իրենց աստուածները ձիերու պատկերով պիտի նկարէին. սակայն, Շահնուրի այս հաստատումը ունի ուրիշ նպատակ. անոր համոզումով՝ կապիկի օրինակով հայը իր պատկերին համաձայն ստեղծած է իր Աստուածը. Աստուած՝ որ հալածուած, նախատուած, չարչարուած եւ մինչեւ իսկ խաչով մահապատիժի արժանացած: Գերմանացի իմաստասէրի մը համաձայն, մարդ իր լաւագոյն յատկութիւնները կը փորձէ մէկտեղել, կը ստեղծէ Աստուած մը, որ ունի սէր, արդարութիւն, զօրութիւն եւ այլ յատկանիշներ, սակայն, Շահնուրի նպատակը տարբեր է այստեղ. եթէ այլոց պարագային իրենց ստեղծած Աստուածը հզօրագոյնն ու լաւ յատկանիշներու ամբողջութիւնը կը ներկայացնէ, ապա Շահնուրի համար հայուն Աստուածը այդ կատարեալը ըլլալէն շատ հեռու է։ Իր «համոզում»ով՝ հայը ստեղծած է իրեն նման Աստուած մը՝ որ լոկ չարչարուած ու խաչուած է եւ որպէս իրմէ մէկ բաժին, գրեթէ ամէ՛ն տեղ տեղադրած է Քրիստոսի խաչին վրայ եղած պատկերը՝ իր իսկ բառերով՝ որպէս ինքնութեան փաստաթուղթ իր հետ տանելով ամէ՛ն տեղ՝ մա՛նաւանդ սփիւռք, ուր հայը առաջին անգամ ամէ՛ն բանէ առաջ խաչեալ Քրիստոսը տարաւ իր հետ:

Ի դէպ, պէտք է ըսենք, որ Շահնուր միակ մտաւորականը չէր, որ կը քննադատէր հայուն եւ Աստուծոյ միջեւ եղած կապը։ Այդ թուականներուն քիչ չէին անոնք, որոնք կը հաւատային, որ հաւատքը բացասական ազդեցութիւն ունեցած է մեր ազգին վրայ։ Բազմաթիւներ մինչեւ այսօր կը հաւատան, որ հեթանոսական Հայաստանը շատ աւելի պայքարող, պատերազմող էր՝ քան Լուսաւորիչէն ետք կերտուած հայը, որովհետեւ զէնքն ու պայքարը իբրեւ թէ Լուսաւորիչէն ետք վերածուած է գիր-գրականութեան, կրթութեան եւ ժողովուրդէն խլած է պայքարելու ոգին։ Շահնուրի քննադատութիւնն ալ ունի այս բնոյթը. մարդ ամէ՛ն ձեւով կը փորձէ նմանիլ իր Աստուծոյ՝ կեանքը որպէս օրինակ վերցնելով. հայը անդադար նայելով Խաչեալին՝ անկէ վերցուցած էր խաչուիլը, չարչարուիլը: Հայը մի՛շտ ալ հալածուած, չարչարուած, կռուախնձոր դառնալով խաչուած է, սակայն, այստեղ կու գայ մեծագոյն քննադատութիւնը. Քրիստոսի պարագային խաչելութեան կը յաջորդէ յարութիւնը, մինչ հայու պարագային այդ մէկը կը բացակայի։ Գուցէ այս տրամաբանութեամբ է, որ Շահնուր իր այս գրութիւնը կը կոչէ «Աւագ ուրբաթ», որովհետեւ հայու պարագային չի՛ յաջորդեր Աւագ շաբաթն ու Սուրբ Զատիկը։ Հայը կը շարունակէ մնալ «Աւագ ուրբաթի» խաչելութեան ու չարչարանքին վրայ: 

Այստեղ հարցը հետեւեալն է. Շահնուր Քրիստոնէական կրօ՞նը քննադատել կ՚ուզէ, թէ ոչ այս տողերուն ընդմէջէն այլ բան ըսել կ՚ուզէ։ Մենք այս տողերը կը հասկնանք այսպէս. ոգեւորուելու, պայքարելու եւ պատերազմելու համար պէտք է որպէս տիպար ընտրել մեծութիւն մը՝ որ խոնարհութեամբ զոհուելու եւ այդ անձնազոհութիւնը ընդունելու փոխարէն կը պայքարի։ Շահնուրի հիմնական նպատակը այստեղ Քրիստոնէութիւնը քննադատելէ աւելի նոր սերունդին մէջ ոգի, իտէալ ու նպատակ ստեղծելու փորձ մըն է։ Կոչ մըն է, որպէսզի հայը սկսի Խաչեալին օրինակը որպէս «ճիշդ» վերցնելու փոխարէն՝ ամէ՛ն ջանք ի գործ դնէ հեռու մնալու համար խաչէն։ Քրիստոնէութիւնը կը պատուիրէ մարդուն ապտակի պարագային միւս երեսը դարձնել. Շահնուր դէմ է այս համոզումին։ Մարդ պէտք է բռնէ, կոտրէ այն ձեռքը, որ կը փորձէ հարուածել զինք. պայքարը հայուն համար պէտք ըլլայ գիտակցուած որոշում: Հայը իր Աստուածը ընտրեց ամենէ՛ն «տկար» պահուն (թէեւ քրիստոնէական գետնի վրայ ամենէն խորհրդանշական ու Աստուծոյ սիրոյ մեծագոյն պատկեր որպէս կը ներկայացուի): 

Շահնուր կ՚ուզէ, որ հայը իր Աստուծոյն մէջ խաչելութենէն ետք տեսնէ նաեւ անոր յարութիւնը, անոր յաղթանակը։ Շահնուր պարզ բարեպաշտութենէ մը աւելի կ՚ուզէ տեսնել ազգային հոգեբանութեան լուրջ փոփոխութիւն, որովհետեւ կը հաւատար, որ ազգ մը զոհի հոգեբանութեամբ չի՛ կրնար յաղթանակել: 

Հետեւաբար, այստեղ քննադատութիւնը Քրիստոսէն կամ Քրիստոնէութենէն աւելի ուղղուած է դարձեալ հայուն, որովհետեւ Շահնուր չէր ուզեր տեսնել, թէ ինչպէս հայը լուռ կը մնար, նոյնիսկ երբ կը հալածուէր։ Շահնուր չ՚առաջարկեր փոխել հայուն Աստուածը, պարզապէս կ՚առաջարկէ փոխել շեշտը՝ խաչելութենէն, Աւագ ուրբաթէն անցնելու դէպի Զատիկ ու յաղթութիւն, որովհետեւ ազգ մը, որ իր Աստուածը մշտապէս խաչի վրայ տեսնել կ՚ուզէ՝ դժուար թէ գտնէ դէպի Յարութիւն ու յաղթութիւն տանող ճամբան:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կեանքի մէջ չարիք սերմանողները աւելի կը յաջողին, քան բարիք ընողները:

ԳՐԻԳՈՐ ԲԱԼԱՍԱՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2026