ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 75-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 75-ամեակի յոբելեանը նշուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր համախմբուած էին թեմակալ առաջնորդներ, մայրավանքէ ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, միաբաններ եւ քահանաներ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պաշտօնէութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան 75-ամեայ յոբելեանի բերկրալի առթիւ, բոլորը որդիական սէրն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին Նորին Սրբութեան՝ կենաց արեւշատութեան, քաջառողջութեան եւ արդիւնաւոր ու անսասան հովուապետութեան մաղթանքով՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, ի մխիթարութիւն բարեպաշտ ժողովուրդի եւ ի զօրացում Հայաստանի։
Նորին Սրբութիւնն ալ յայտնեց իր երախտագիտութիւնը ջերմ խօսքերու եւ բարի մաղթանքներու համար։ Ի դէմս ներկաներու Հայրապետական իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը ուղղեց հոգեւոր ծառայութեան մէջ իրեն լծակից եկեղեցականաց դասու ամբողջանուէր ու նախանձախնդիր սպասաւորութեան համար՝ յորդորելով զօրաւոր հաւատքով, ամուր կամքով ու սիրով շարունակել իրենց սրբազան առաքելութիւնը յանուն հայոց եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդի բարօրութեան։
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան անսակարկ նուիրումին ու հաւատարիմ ծառայութեան՝ ի խնդիր հայութեան ազգային-հոգեւոր կեանքի շինութեան ու պայծառութեան։
Յոբելենական տարեդարձի կապակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հասած են բազում շնորհաւորական պատգամներ եւ գրութիւններ։