ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին պիտի ձեռնարկէ կառավարութեան 2026-2031 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը: Հայաստանի Հանրապետութեան իններորդ գումարման Ազգային ժողովը, որ ներքին մարմիններու ձեւաւորումը արդէն գրեթէ աւարտին հասցուցած է, այս փուլին պիտի արժեւորէ գործադիր իշխանութեան գործունէութեան ծրագրի նախագիծը: Ամենայն հաւանականութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան ծրագիրը արժանանայ հաւանութեան՝ քանի խորհրդարանէ ներս ջախջախիչ մեծամասնութիւն կը կազմէ անոր իսկ կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը:
Հարկ է նշել, որ նոր կառավարութեան ծրագրին մէջ նախատեսուած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանգստեան կոչուիլը, ինչ որ համատարած անհանգստութեան եւ խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ այս փուլին: