ՔՐՈՄՈՒԷԼԸ ՆԱՒԹԻ ՏԱԿԱՌԻ ՄԸ ՄԷՋ

Երբ վերջին գիշերս կ՚անցընէի՝ թափառելով Լոնտոնի փողոցներուն մէջ, ուշադրութիւնս գրաւեց ձիաւոր մը՝ 17-րդ դարէն, որ ամբողջ անցեալի փառքը եւ ապագայի հզօրութիւնը կը կրէր: Իր սուրով կը պարծենար եւ անցորդները կը կանգնեցնէր, հանրամեքենաները կը կանգնեցնէր եւ ճանապարհային ոստիկաններէն բացատրութիւններ կ՚ուզէր, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական գրասենեականերէն, առանց ոեւէ մէկէն վախնալու: Խղճացի անոր եւ սկսայ մտածել, թէ նախապէս ո՞ր գիրքին կամ գերեզմանին մէջ տեսած եմ զինք: Սակայն, անմիջապէս հակադարձեց ինծի եւ բարկութեամբ ու հպարտութեամբ ըսաւ ինծի. «Ես անգլիացի նշանաւոր յեղափոխական՝ Քրոմուէլն1 եմ»: Ըսի անոր. «Ի՞նչ բան քեզ գերեզմանէդ հանեց այս պաղ ու անձրեւոտ օրին»: Պատասխանեց ինծի քիթը բարկութենէն դողալով. «Չէի գիտեր, թէ անգլիական օդը անգլիական սթերլինկին նման փոփոխական է եւ չի՛ խաղաղիր»: Առաւօտեան օդը լաւ էր ու արեւոտ, որով այսքան տարիներ ետք փափաք յառաջացաւ մէջս դուրս գալու յաւիտենական մթութենէն՝ տեսնելու համար լոյսը եւ վերահասու ըլլալու երկրիս ու ժողովուրդիս վիճակին: Առաջին բանը, որ մտածեցի, «Հայտ փարք» այգիներ երթալն էր, որպէսզի վայելեմ ջուրը, կանաչութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Սակայն, երբ հասայ այնտեղ, զարմացայ առաջին անգամ Լոնտոնի մէջ տեսնելով հիճապով կնոջ մը: Ո՞վ է ան, գիտե՞ս: 

Ըսի. ասիկա Ծոցի երկիրներէն կին մըն է: 

Ըսաւ. ինչո՞ւ համար դէմքին սառած երկու կտորով հիճապ կը դնէ պիքինիի պէս՝ ճիշդ բերանին ու աչքերուն վրայ: 

Ըսի. ասիկա մահմետական ամենէն արդի ծովազգեստն է, որով արաբ կինը կարենայ լողալ եւրոպական քաղաքակրթութեան հոսանքներուն մէջ: 

Ան շարունակեց ըսելով. «Հայտ փարք»ի մէջ տասնեակներու հանդիպեցայ այդ կիներէն, մինչ անոնց այր մարդիկը իրենց կապաներով պառկած էին թարմ խոտին վրայ, կուտ կ՚ուտէին, բրդուճներու թուղթերն ու ծխախոտի տուփերն ալ ինչպէս պատահէր՝ կը թափէին: Անմիջապէս զանգեցի Անգլիական այգիներու պահակութեան կեդրոն, որոնք, սակայն, տեղեկացուցին ինծի, թէ արաբ զբօսաշրջիկները իրաւունք ունին աղտոտելու անգլիական հասարակական եւ անձնական այգիները, ինչպէս նաեւ կուտին կեղեւները թափելու Անգլիոյ իւրաքանչիւր թիզ հողին վրայ՝ եթէ այդ մէկը կը ծառայէ Անգլիոյ տնտեսութեան: 

Երբ գիշեր եղաւ, կարօտ զգացի Շէյքսփիրի, Սովեքսի եւ Մոլիերի թատերական սքանչելիքներուն: Դիմեցի իմ նախասիրած թատրոնս՝ «Թիաթրօ Ռոեալ», որ անգլիական շքեղ թատրոն մըն է եւ ներկայացուցած է ամենափառահեղ դասական եւ քաղաքական ներկայացումներ, ինչպէս Համլէթ եւ Օքլահոմա, Մայ Ֆերելտի եւ Քամելիոթ: Սակայն, միայն տոմսարկղին մօտեցայ, երգ մը լսեցի, որմէ ո՛չ մէկ բառ հասկցայ: «Ալ նատտա նատտա նատտա, մա ահլա ալ պոսէ ա խատա (ի՜նչ քաղցր է համբոյրը անոր դէմքին)», ինչպէս նաեւ գինովութեան ձայներ, որ կը գոչէին. «Հոյ, հոյ»: Անմիջապէս զանգեցի օդերեւաբանութեան կեդրոն, բացատրութիւններ խնդրելու այս տարօրինակ արտայայտութիւններուն համար: Տեղեկացուցին ինծի, թէ արաբական զբօսաշրջային արտայայտութիւն մըն է, որ ամրան կը գործածուի, ինչպէս նաեւ այդ արտայայտութիւնը պիտի արտօնուի օգտագործել անգլիական բոլոր թատրոններէն ներս, նոյնիսկ Քէյմպրիճ համալսարանէն ներս, եթէ այդ մէկը կը ծառայէ Անգլիոյ տնտեսութեան: Ձեռքս թուլցուցի եւ սկսայ վիզս քաշել թատրոնի պատուհաններէն՝ խճողումին պատճառով՝ տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Զարմացայ տեսնելով պարուհի մը, որ յաճախորդներուն առջեւ կը պարէր՝ կարծէք անոր փորին մէջ հնգորեակներ ըլլային, որ հիմա պիտի ծնէին, ատով հանդերձ բոլոր գինովները կը մրցէին անոր կուրծքին մէջ, յետոյքին եւ ոտքերուն վրայ դրամ դնելու: Ի՞նչ է իմաստը այս վարուելակերպին:

Ըսի անոր. Միջին Արեւելքի խնդիրին՝ արաբական աշխարհի եւ Իսրայէլի միջեւի պատճառով, արաբական համընդհանուր համաձայնութիւն կայ նաւթի երկիրներուն միջեւ, որով կարելի եղած օգնութիւնը տրամադրել հակամարտութեան մէջ գտնուողերկիրներուն: Արաբ նաւթի մեծահարուստները իրենց այս պարտաւորութիւնը ամէն օր կը կատարեն եւրոպական մայրաքաղաքներէն ներս: Սակայն, անոնց բազմազբաղուածութեան պատճառով, փոխանակ այդ օգնութիւնը հակամարտութեան մէջ եղող երկիրներուն տրամադրելու, զայն կը տրամադրեն «հակամարտութեան մէջ եղող պարուհիներուն»: 

Միջամտեց զիս, ըսելով. զիս չեն հետաքրքրեր ձեր երկիրները: Կարեւորը այն է, որ ձախողելէ ետք լաւ գիշեր մը անցընելու որեւէ մէկ թարտոնի կամ սինեմայի մէջ, գացի Շէյքսփիրի լաւ գրութիւններով խեղդուած գրադարան մը, կարդալու համար գիրքերուն մէջ այն՝ ինչ որ չկրցայ դիտել թատրոնին վրայ: Սակայն, տեսայ, որ գրադարանը փակ է եւ կանգնողներէն մէկը իր կապան վեր կը քաշէր ու բոլորին դիմաց գրադարանի պատին վրայ կը միզէր՝ զրուցելով իր ընկերներէն մէկուն հետ երգի մը մասին: Խենթացայ ու անմիջապէս Անգլիոյ Մշակոյթի նախարարութիւն զանգեցի՝ բողոքելով անոնց այս վտանգաւոր նախադէպի մասին: Անոնք տեղեկացուցին ինծի, թէ արաբ զբօսաշրջիկներուն արտօնուած է միզել Թագաւորութեան որեւէ մէկ փողոցին մէջ, ինչպէս նաեւ որեւէ մէկ գրադարանի կամ գրական ու արուեստի կեդրոնի պատերուն ամբողջ ամրան ընթացքին, եթէ այդ մէկը կը ծառայէ Անգլիոյ տնտեսութեան: 

Երբ այս բոլոր իրարու համընկնող ու զարմանալի պատասխանները սերտեցի, բացի գերեզմանս վերադառնալէ ուրիշ բան չգտայ: Սակայն, թաքսի գտա՞յ, որ համաձայնէր տանելու զիս, բոլորն ալ զբաղ էին արաբ զբօսաշրջիկներով… Երբ անօթեցայ, ո՛չ մէկ ազատ սեղան գտայ Լոնտոնի բոլոր ճաշարաններուն ու պառերուն մէջ, բոլորն ալ ապահովագրուած էին արաբ զբօսաշրջիկներուն համար… Իսկ երբ քունս եկաւ, ամբողջ Լոնտոնի մէջ դատարկ անկողին մը չգտայ, որովհետեւ բոլոր սենեակները ապահովագրուած էին արաբ զբօսաշրջիկներուն համար: 

Ապա, սկսայ դարձեալ սուրովս յառաջանալ ինչպէս առաւօտեան տեսար զիս ու կը պոռայի. «Ես Քրոմուէլն եմ, Բրիտանիոյ առաջին զաւակը եւ Շէյքսփիրին, Պեռնար Շոյին, Պայրոնին, Չըրչիլին, Չեմպըրլէյնին, Իյտընին եւ Քըլահանին դիմաց ճամբան բացողն եմ: Ես ան եմ, որու անունով ճամբայ մըն ալ բացուած է եւ իմ պատմութիւնս սերտուած է գիրքերուն, համալսարաններուն ու ակադեմիաներուն մէջ, եւ հիմա ո՛չ մէկ տեղ կը գտնեմ քնանալու՝ արաբ զբօսաշրջիկներուն եւ նաւթի դրամներուն պատճառով: Այս մէկը երբե՛ք պիտի չընդունիմ»: 

Առաւօտեան, Քրոմուէլը գտնուեցաւ՝ քնացած նաւթի դատարկ եւ անուշադրութեան մատնուած տակառի մը մէջ, Քրոմուէլ փողոցին իսկ վրայ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

Վաղարշապատ


1Օլիվէր Քրոմուէլ, անգլիական յեղափոխութեան առաջնորդ, զօրավար եւ պետական գործիչ: Ծնած է 1599 թուականի ապրիլի 25-ին եւ մահացած՝ 1658 թուականի սեպտեմբերի 3-ին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2026