ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է…
Մեր կանխատեսումները կամաց կամաց կը սկսին իրականութիւն դառնալ։ Նախընտրական շրջանին՝ ամբողջ երկու ամիս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու եկեղեցին հալածելու գործէ «դադար» առնելէ ետք, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Փաշինեանի, դարձեալ սկիզբ կու տան իրենց նախապէս մտադրուած հալածանքներուն, որոնք հիմնականին մէջ ունին մէջ վերջնական նպատակ. կործանել եկեղեցին ու անոր հեղինակութիւնը: Նախընտրական շրջանին բնական էր, որ «դադար» պիտի տրուէր ազգակործան այդ հալածանքին, որովհետեւ եկեղեցին ունի մեծ թիւով հետեւորդներ եւ եկեղեցւոյ դէմ ծրագրուած իւրաքանչիւր քայլ կրնար ընտրութիւններու վրայ իր ազդեցութիւնը ունենալ եւ սեփական շահն ու աթոռը մտածողներու համար բնական է, որ նման կորուստ մը շահաբեր չէր եւ հետեւաբար լաւագոյն միջոցն էր դադարը: Վստահաբար պատահական չէ, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ յետ ընտրութեան շրջանին, պատահական չէ, որ Տիգրանաշէնի հայկական չըլլալը յայտարարուեցաւ ընտրութենէն ետք ու տակաւին պատահական չեն բոլոր այն բացասական երեւոյթները, որոնք կ՚ըլլան ու պիտի ըլլան:
Անշուշտ, այս բոլորին մէջ, ինչպէս միշտ, քննադատելու միակ արժանին կը նկատենք ժողովուրդը՝ որ այս բոլորը ամենայն անտարբերութեամբ կը դիտէ՝ մինչեւ որ օր մը երգիչին բառերով «ուշ է հիմա» երգը սկսի երգել՝ երբ կորսուած ըլլան հայկական բոլոր արժէքները, ներառեալ արժանապատուութիւնը:
Պատմութեան մէջ կը կարդանք, որ Շահ Ապպաս հայերը Պարսկաստան տանելու համար ուզեց իր հետ Պարսկաստան տանիլ հայ ժողովուրդի ամենէն սիրելին՝ Սուրբ Էջմիածնի տաճարը, նոյնիսկ անոր քարերէն որոշները տարաւ այդտեղ՝ Նոր Ջուղա։ Այլ խօսքով՝ ժողովուրդը մոռցած ամէն բան, իր հետ ուզեց տանիլ հայ եկեղեցին. ուզեց ապրիլ հայ եկեղեցիով։ Նման ազգ մը ե՞րբ հասաւ այսքան ատելու այդ սրբութիւնը՝ որուն համար իրենց նախահայրերը մօտիկ անցեալին հոգի ու կեանք կու տային։ Ներկայ անտարբերութիւնը տեսնելով, կը հաւատանք, թէ Խորհրդային Միութեան տարիներուն մարդոց հաւատքը շատ աւելի ամրապնդուած էր՝ քան այս օրերուն, այնպէս ինչպէս գերութեան հայրենասիրութիւնը շատ աւելի կ՚ըլլայ՝ քան անկախութեան մէջ:
Կը կարդամ արձակագիր ու հրապարակախօս Սիմոն Սիմոնեանի խմբագրականները։ Մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդին եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրը մտաւորականը կը նկարագրէր հետեւեալ տողերով.-
«… իրապէս մեր ժողովուրդը կը սիրէ իր եկեղեցին: Աւելի կը սիրէ քան թէ կը հաւատայ…: Իր սէրը իր հաւատքէն աւելի զօրաւոր է: Նոյնիսկ մեր ժողովուրդի անհաւատները կը սիրեն մեր եկեղեցին: Հայաստանի մէջ ես տեսայ պաշտօնական անհաւատներ, որոնք… խաչքարեր կը համբուրէին մեր մամիկներուն երկիւղածութեամբ: Յետոյ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտասահմանի մէջ հայոց եկեղեցիները լեցնողները, կրօնական արարողութիւններու ներկայ եղողները միայն հայ հաւատացեալները չեն, այլեւ հայ թերահաւատ ու անհաւատ «հաւատացեալները», որոնք անոր պաշտպանութեան համար անհուն ու համբուրելի պարզութեամբ գիտեն իրենց արիւնը թափել…: Կը սիրենք մեր եկեղեցին: Փաստելու պէտք չունինք»:
Վերացական զգացումներո՞վ գրուած տողեր են… թէ ոչ ճշմարտութիւն՝ չենք գիտեր, սակայն, եթէ իրականութիւն է, ապա շատ աւելի վշտալի է վիճակը, որովհետեւ նման մակարդակէ նման անտարբերութեան հասնիլը շատ տրամաբանական առողջ վիճակ մը չ՚ենթադրեր: Այդ իսկ պատճառով յարգելի Սիմոնեան, ներկայ վիճակները նկատի ունենալով լուրջ փաստերու կարիքը կը զգանք. ի դէպ, շատ պարզ ու յստակ ըսենք. կաթողիկոսի անձի պաշտպանութիւնը չէ՛, որ կը կատարենք, որովհետեւ լաւապէս կը հասկնանք, որ հալածուողը ո՛չ թէ կաթողիկոսը՝ այլ եկեղեցին է։ Կաթողիկոսի բարոյականութեան պատմութիւնը պարզապէս մի քանի տասնեակ հազար անմիտները շփոթեցնելու համար է։ Այսօրուան կաթողիկոսը եկեղեցւոյ սեփականատէրը չէ, ո՛չ ալ իր անձին վրայ հաստատուած է եկեղեցին։ Կաթողիկոսներէն սկսեալ բոլո՛ր քահանաներն ու սրբազանները ժամանակաւոր են։ Մեր պայքարը այսօրուանը պաշտպանելուն մէջ չէ. այսօրը պաշտպանելով մենք պաշտպանած պիտի ըլլանք նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ապագան։ Եկեղեցիէն հարկ պահանջելը (հակառակ անոր, որ եկեղեցին արդէն իսկ հարկ կը վճարէ), եկեղեցագիտութիւնը կրթական ծրագիրէն դուրս բերելը, եկեղեցապատկան հողերը պետականացնելը կաթողիկոսի անձին վնաս պատճառել չէ։ Այդ բոլորը փաստելու համար միայն մէկ բան մտաբերելը բաւարար է. եթէ խնդիրը կաթողիկոսին սխալներ ունենալ-չունենալու պատմութիւնն է, ապա յայտնենք, որ նման խօսակցութիւններ գոյութիւն ունէին 2018 թուականէն շա՜տ շատ առաջ. նման խօսակցութիւններ գոյութիւն ունէին այն ժամանակ՝ երբ Փաշինեան սիրով կը փաթթուէր ու կը համբուրէր Վեհափառ Հայրապետին աջը։ Եթէ հարցը սկզբունքի հարց է, թող այդ ժամանակ ցոյց տար իր բողոքը: Այսօր տակաւին յստակ չէ, սակայն, մի քանի շաբաթ վերջ ականատես պիտի ըլլանք, թէ ինչ աշխուժութիւն պիտի ստանայ եկեղեցւոյ դէմ եղած հալածանքները, որովհետեւ պետութիւնը որոշած է ոչնչացնել եկեղեցին եւ այդ մէկը անոնց որոշումով իրականութիւն չի դառնար։ Այդ որոշումը որպէս վահան կարիքը ունի ժողովուրդի անտարբերութեան… հետեւաբար, եկեղեցին կործանողը պետութենէն աւելի պիտի ըլլայ ժողովուրդին ունեցած անտարբերութիւնը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մեր եկեղեցին անհրաժեշտութիւն է հայ ժողովուրդի յաւերժացման համար ու ինչ որ սատար է հայ ժողովուրդի յաւերժացման, անիկա արժանի է խորագոյն գուրգուրանքի: Մեր եկեղեցին՝ ամենէն առաջ:
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան