Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Ս. Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի, Ս. Աննայի եւ իւղաբեր կիներու տօնակատարութիւնները, որոնք առիթ դարձան հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի։ Արարողութեան հանդիսապետեց եւ իր ուխտի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի ձօնուած խորանին վրայ։ Ներկայ էին Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան եւ Տ. Ոսկի քհնյ. Սարգիսեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ղազար Սապունճուի։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, հոգեւոր հայրերը հիւրասիրուեցան Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այս փուլին բոլորը արեւշատութեան մաղթանքներով ջերմօրէն շրջապատեցին պատարագիչ հայր սուրբը՝ շնորհաւորելով իր անուանակոչութեան տօնը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2026