ԼՈՒՐՏ. ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԸ
Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքը՝ Փիրէնեան լեռներու վեհաշուք ստորոտին կը գտնուի քաղաք մը՝ Լուրտը, որ ինչպէս հարիւրաւոր տարիներ, այս տարի եւս միլիոնաւոր մարդոց համար դարձաւ յոյսի, հաւատքի եւ բժշկութեան հոգեւոր հանգրուան։ Լուրտը, ըլլալով փոքրիկ ու համեստ բնակավայր, այսօր կաթողիկէ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհի ամենահռչակաւոր ու ամենաշատ այցելուած ուխտավայրերէն մէկն է։
Այս վայրին պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է հոգեւոր հրաշքի, աղքատ աղջնակի մը տեսիլքներուն եւ բնութեան ծոցին մէջ ծնած բուժիչ աղբիւրին հետ։
ՊԵՐՆԱՏԷԹ ՍՈՒՊԻՐՈՒԻ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ
Մինչեւ 1858 թուականը Լուրտը ֆրանսական սովորական, գաւառական քաղաք մըն էր։ Ամէն ինչ փոխուեցաւ ճիշտ այդ տարուան փետրուարի 11-ին, երբ 14-ամեայ անուս եւ աղքատ գեղջկուհի Պերնատէթ Սուպիրուին տեղւոյն Մասապիէլ քարայրին մէջ երեւցաւ «Ճերմակազգեստ Տիկինը»։
18 յայտնութիւններ. 1858 թուականի փետրուարէն մինչեւ յուլիս ինկած ժամանակահատուածին, Մարիամ Աստուածածինը Պերնատէթին երեւցաւ ուղիղ տասնը-ութ անգամ։
Տեսիլքներու ընթացքին Տիրամայրը կոչ ըրաւ մարդոց ապաշխարելու, աղօթելու մեղաւորներուն համար եւ այդ վայրին մէջ մատուռ մը կառուցելու։ Երբ Պերնատէթ հարցուց Տիկնոջ անունը, ան պատասխանեց. «Ես Անարատ Յղութիւնն եմ»։ Ասիկա վերջնականապէս համոզեց տեղւոյն քահանան, որովհետեւ տգէտ աղջնակը չէր կրնար գիտնալ այդ դաւանաբանական եզրոյթը, զոր Հռոմի պապը հաստատեր էր ընդամէնը չորս տարի առաջ։
Հակառակ սկզբնական կասկածներուն ու իշխանութիւններու ճնշումներուն՝ Պերնատէթի անկեղծութիւնը յաղթեց։ Յետագային ան վանք մտաւ, իսկ մահէն տարիներ ետք՝ 1933 թուականին, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ դասուեցաւ սուրբերու շարքին։
ԼՈՒՐՏԻ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԱՂԲԻՒՐԸ ԵՒ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Տեսիլքներէն մէկուն ընթացքին Տիրամայրը Պերնատէթին պատուիրեց փորել քարայրի յատակի ցեխոտ հողը եւ խմել հոնկէ դուրս ելլող ջուրը։ Շուտով այդ վայրին մէջ բացուեցաւ մաքուր, վճիտ աղբիւր մը, որ այսօր օրական տասնեակ հազարաւոր լիթր ջուր կը մղէ։
Լուրտի ջուրը վաճառքի չէ դրուած։ Սրբավայրի կանոններուն համաձայն՝ անիկա անվճար հասանելի է բոլորին ռւ նաեւ աշխարհի տարբեր կողմերը կը հասնի։ Բազմաթիւ փոքր շիշերով ջուր կը տարուի աշխարհի տարբեր երկիրներ, յատկապէս այն հիւանդներուն, որոնք ի վիճակի չեն անձամբ Ֆրանսա հասնելու։
ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԵՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ
Ամբողջ աշխարհէն Լուրտ կու գան հազարաւոր հաշմանդամներ, կոյրեր, անդամալոյծներ եւ քաղցկեղով հիւանդ մարդիկ։ Անոնք կը խմեն այդ ջուրը կամ կը սուզուին յատուկ կառուցուած աւազաններու մէջ։
Լուրտի բժշկական պաշտօնատունը Ասիկա աշխարհի մէջ եզակի երեւոյթ մըն է։ Ուխտավայրին մէջ կը գործէ անկախ գիտնականներու եւ բժիշկներու յանձնախումբ մը (ուր կրնան ըլլալ նաեւ Աստուծոյ չհաւատացող բժիշկներ)։ Անոնք կը քննեն բժշկական տեսանկիւնէ անհաւանական բժշկութեան դէպքերը։
ԾԱՆՕԹ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ
Մինչեւ օրս արձանագրուած է բժշկման աւելի քան 7 հազար դէպք, սակայն, Եկեղեցին ու Բժշկական գրասենեակը պաշտօնապէս իբրեւ «գիտնականօրէն անբացատրելի հրաշք» ճանչցած են միայն 70 դէպք։ Այս դէպքերուն մարդիկ ակնթարթօրէն եւ ամբողջութեամբ բուժուած են անբուժելի հիւանդութիւններէ (օրինակ՝ վերջին փուլի քաղցկեղ, կուրութիւն, կաթուած եւ այլն)։
ՍՐԲԱՎԱՅՐԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԸ
Այսօր Լուրտի սրբավայրը կը գրաւէ հսկայական տարածք։ Այստեղ կառուցուած են քանի մը հոյակերտ եկեղեցիներ, որոնք կրնան միաժամանակ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հիւրընկալել։
Մասապիէլ քարայրը. Համալիրի սիրտն է։ Այստեղ տեղադրուած է Տիրամօր ճերմակ արձանը՝ նոյն այն խորշին մէջ, ուր ան երեւցեր էր։ Քարայրի տակէն կը հոսի հրաշագործ աղբիւրը, իսկ պատերը հարթցած են միլիոնաւոր ուխտաւորներու ձեռքերու հպումներէն։
Անարատ Յղութեան Վերին Պազիլիքը. Կառուցուած է անմիջապէս քարայրի ժայռին վրայ՝ նէոկոթական ոճով, ունի բարձր ու սլացիկ աշտարակ։
Վարդարանի Պազիլիքը. Կը գտնուի ստորին հարթակին վրայ, ունի բիւզանդական ճարտարապետութեան տարրեր եւ զարդարուած է հիասքանչ խճանկարներով, որոնք կը պատկերեն Յիսուսի եւ Մարիամի կեանքի դրուագները։
Սուրբ Փիոս Ժ.-ի ստորգետնեայ պազիլիքը. 20-րդ դարու ժամանակակից ճարտարապետական գլուխգործոց է, ամբողջութեամբ կը գտնուի գետնին տակ եւ կրնայ ընդունիլ 25 հազար ուխտաւոր։ Ասիկա նախատեսուած է գէշ եղանակին մեծ արարողութիւններ կատարելու համար։
ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ԵՒ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐԸ
Լուրտը ունի յատուկ, զգացական եւ խաղաղ մթնոլորտ։ Քաղաքը յարմարցուած է հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար. հազարաւոր կամաւորներ ամբողջ աշխարհէն կու գան այստեղ՝ անվճար օգնելու եւ սայլակներով տեղափոխելու հիւանդները։
Մոմերով երթ. Ամէն երեկոյ Լուրտի մէջ տեղի կ՚ունենայ յուզիչ արարողութիւն մը։ Հազարաւոր ուխտաւորներ, ձեռքերնին վառուող մոմեր բռնած, երգելով կը քալեն պազիլիքի առջեւի հրապարակով։ Վերեւէն ասիկա կը նմանի լոյսի հոսող գետի մը։
Յոյսի եւ համերաշխութեան դաս. Այստեղ մարդիկ կու գան ո՛չ միայն ֆիզիքական բժշկութեան, այլեւ հոգեւոր խաղաղութեան համար։ Շատեր կը նշեն, որ նոյնիսկ եթէ մարմնապէս չեն բուժուիր, Լուրտէն կը հեռանան հոգեպէս փոխուած, ուժովցած եւ հանգստացած։
Լուրտը վայր մըն է, ուր կը խաչաձեւուին գիտութիւնն ու հաւատքը, ցաւն ու յոյսը։ Ան կը յիշեցնէ մարդկութեան, որ նոյնիսկ ամենամութ ու անյոյս պահերուն կայ հոգեւոր լոյսի եւ հրաշքի հնարաւորութիւն։
Լուրտի սրբավայրին մէջ բժշկագիտութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի համագործակցութիւնը եզակի է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Աւելի քան 7 հազար արձանագրուած բժշկումներէն Կաթողիկէ եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչցած է ընդամէնը 72 հրաշք։
ՀՐԱՇՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ՝ ՔՈՅՐ ՊԵՐՆԱՏԷԹ ՄՈՐԻՈՅԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Քոյր Պերնատէթ Մորիօ ֆրանսացի միանձնուհի մըն էր, որ տասնամեակներ շարունակ կը տառապէր ողնաշարի ծանր հիւանդութենէ։
1960-ականներէն սկսեալ անոր քով զարգացեր էր «Cauda equina» (ձիու պոչ) համախտանիշը, ողնուղեղի վերջնամասը գտնուող նեարդերու խուրձը ամբողջութեամբ վնասուած էր։ Ան ենթարկուած էր չորս անյաջող գործողութեան: 1988 թուականին արդէն ամբողջութեամբ հաշմանդամ էր, գամուած էր սայլակին, ոտքի յատուկ յօդակապեր կը կրէր եւ ստիպուած էր ափիոնային ցաւազրկողի մեծ չափաբաժիններ ընդունիլ՝ ցաւը մեղմացնելու համար։
Ուխտագնացութիւնը (2008 թ.). Բժիշկին խորհուրդով ան այցելեց Լուրտ։ Ինչպէս ինք կը պատմէ. «Ես կ՚աղօթէի միւս հիւանդներուն համար, բայց երբեք ինծի համար բժշկութիւն չեմ խնդրած. ատիկա միտքէս ալ չէր անցներ»։ Ան մասնակցեցաւ հիւանդներու օրհնութեան արարողութեան։
Ակնթարթային բժշկումը. Իր թեմը վերադառնալէն օրեր ետք՝ 2008 թուականի յուլիսի 11-ին, աղօթքի ընթացքին ան իր ամբողջ մարմնով մէկ զգաց անսովոր ջերմութիւն եւ թուլացում։ Ներքին ձայն մը իրեն յուշեց հանել բժշկական սարքերն ու կապերը։ Հանեց ամրակապերը, դադրեցուց դեղերը եւ սկսաւ ազատ քալել՝ առանց որեւէ ցաւի։ Անոր բժշկական բոլոր ախտանիշները ի սպառ անհետացան։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՔՆՆՈՒԻ ՀՐԱՇՔԸ. ԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՓՈՒԼԵՐԸ
Լուրտի դէպքերուն քննութիւնը կը համարուի աշխարհի մէջ ամենախիստ բժշկական ստուգումներէն մէկը։ Գործընթացը կ՚անցնի երեք հիմնական մակարդակով.
Ուխտավայրին մէջ գործող մշտական բժշկական գրասենեակը կը ղեկավարէ գլխաւոր բժիշկը։ Այստեղ կրնայ այցելել եւ քննութեան մասնակցիլ որեւէ բժիշկ կամ գիտնական՝ անկախ իր կրօնական կամ աստուածաբանական հայեացքներէն։ Բժշկումը իբրեւ «անբացատրելի» ճանչնալու համար անիկա պէտք է բաւարարէ եօթ խիստ չափանիշներու (որոնք սահմանուած են դեռ 18-րդ դարուն՝ կարտինալ Լամպերթինիի կողմէ)։
Հիւանդութիւնը պէտք է ըլլայ ծանր, յստակ ախտորոշուած եւ փաստաթղթաւորուած։
Անիկա պէտք չէ ըլլայ այնպիսի հիւանդութիւն, որ ինքնիրմէ կրնայ անցնիլ։
Բժշկման պահուն հիւանդը պէտք չէ գտնուի այնպիսի բուժման տակ, որով կարելի ըլլար բացատրել առողջացումը։
Առողջացումը պէտք է ըլլայ ակնթարթային կամ չափազանց արագ։
Բժշկումը պէտք է ըլլայ ամբողջական (ո՛չ թէ մասնակի)։
Անիկա պէտք է ըլլայ մշտական եւ տեւական (տարիներ ետք հիւանդութիւնը պէտք չէ կրկնուի)։
Եթէ առաջին բժշկական գրասենեակը հաստատէ դէպքը, անիկա կը փոխանցուի միջազգային բարձրագոյն կոմիտէին, որ բաղկացած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մօտ երեսուն առաջատար փրոֆեսէօրներէ, վիրաբոյժներէ ու նեարդաբաններէ։ Անոնք տարիներ շարունակ (երբեմն հինգ-տասը տարի) կը հետեւին նախկին հիւանդին, կը կատարեն նոր հետազօտութիւններ (ճառագայթային համակարգչային եւ այլ քննութիւններ)։
Քոյր Պերնատէթի դէպքը կոմիտէն քննած է ուղիղ տասը տարի։
Միայն այն ատեն, երբ կոմիտէն քուէարկութեամբ հաստատէ, որ «տուեալ բժշկումը անհնար է բացատրել ժամանակակից գիտութեան եւ բժշկութեան հնարաւորութիւններով», գործը կը փոխանցուի Եկեղեցւոյ։
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ
Բժիշկները երբեք չեն օգտագործեր «հրաշք» բառը. անոնք միայն կ՚ըսեն՝ «գիտութեան անբացատրելի»։ Գործը կոմիտէէն կ՚ուղարկուի տուեալ անձին բնակութեան վայրի թեմի եպիսկոպոսին։
Եպիսկոպոսը կը ստեղծէ աստուածաբանական յանձնախումբ։ Եթէ հաստատուի, որ բժշկումը տեղի ունեցած է հոգեւոր համաըեքստին մէջ (աղօթքի, Լուրտի ջուրի կամ Տիրամօր բարեխօսութեան արդիւնքով), եպիսկոպոսը պաշտօնապէս կը հրապարակէ հրամանագիր՝ դէպքը հռչակելով Աստուծոյ կողմէ կատարուած հրաշք։ Քոյր Պերնատէթի պարագային ատիկա տեղի ունեցաւ 2018 թուականի փետրուարի 11-ին։
Լուրտի սրբավայրին մասին կան բազմաթիւ այլ ուշագրաւ, երբեմն նոյնիսկ զարմանալի փաստեր, որոնք դուրս կը մնան սովորական զբօսաշրջային ուղեցոյցներէն։
ԼՈՒՐՏԻ ՋՈՒՐԻՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ
Չնայած միլիոնաւոր մարդիկ կը հաւատան Լուրտի ջուրի հրաշագործ ուժին, բազմաթիւ գիտական տարրալուծարաններ տարբեր տարիներու հետազօտած են զայն։
Տարրաբանական տեսանկիւնէ անիկա սովորական խմելու ջուր է, չի պարունակեր որեւէ արտասովոր հանքային նիւթ, դեղամիջոց կամ քիմիական տարր, որով կարելի ըլլար բացատրել բուժումները։
Ինքնամաքրման երեւոյթը. Ամէն օր հազարաւոր հիւանդներ (որոնցմէ շատեր ունին բաց վէրքեր կամ վարակիչ հիւանդութիւններ) կը սուզուին նոյն աւազաններուն մէջ։
Հակառակ անոր որ ջուրը կանաչորակ նիւթով (քլորով) պարբերաբար չ՚ախտահանուիր, երբեք չէ արձանագրուած որեւէ դէպք, որ որեւէ ուխտաւոր Լուրտի աւազաններէն վարակուի որեւէ հիւանդութեամբ։
Ս. ՊԵՐՆԱՏԷԹԻ ԱՆԱՊԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ
Լուրտի հրաշքները չաւարտեցան միայն քարայրով։ Պերնատէթ Սուպիրուն, որ տեսեր էր Տիրամայրը, մահացաւ 1879 թուականին Նեւեր քաղաքի վանքին մէջ, ուր թաղուեցաւ։
Անոր սրբադասման գործընթացին ծիրէն ներս, մահէն երեսուն տարի ետք (1909 թ.), ապա նաեւ 1919 եւ 1925 թուականներուն կատարուեցաւ դիակին արտաշիրիմումը (գերեզմանին բացումը)։
Բժիշկներուն եւ ականատեսներուն զարմանքը անսահման էր. անոր մարմինը բացարձակապէս չէր փճացած։ Պահպանուած էր մաշկի բնական գոյնն ու առաձգականութիւնը։ Այսօր Սուրբ Պերնատէթի անապական մարմինը կը հանգչի ապակեայ տապանի մէջ՝ Նեւերի Սուրբ Կիլտարտ վանքին մէջ։
ՀԻԹԼԵՐԻ ԱՐԳԵԼՔԸ ԵՒ ԼՈՒՐՏԻ «ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ» ՀՐԱՇՔԸ
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ատեն, երբ ֆաշական Գերմանիան գրաւած էր Ֆրանսան, Ատոլֆ Հիթլեր հրամայեց փակել Լուրտի սրբավայրը, որպէսզի կանխէ կրօնական զանգուածային հաւաքները։
Չնայած արգելքին՝ գերմանացի բազմաթիւ զինուորներ ու սպաներ գաղտնի կու գային քարայր՝ աղօթելու։
Յետպատերազմեան տարիներուն (1958 թ.) Լուրտի մէջ սկիզբ դրուեցաւ զարմանալի աւանդոյթի մը՝ Միջազգային զինուորական ուխտագնացութեան։ Այսօր ամէն տարի աշխարհի աւելի քան քառասուն երկիրներու հազարաւոր զինուորականներ (այդ կարգին՝ նախկին թշնամի երկիրներու բանակներէն) Լուրտի մէջ միասին կ՚աղօթեն խաղաղութեան համար։
ԼՈՒՐՏԻ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ «ՄՈՄԵՐՈՒ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ»
Մոմերով երթը Լուրտի ամենատպաւորիչ մասն է։ Ասոր հետ կապուած թիւերը զարմացնող են։ Ամէն տարի ուխտավայրին մէջ կը վառի շուրջ 800 թոն մոմ։
Քարայրին մօտ կան հսկայական մոմակալներ, ուր կը տեղադրուին մարդոց հասակին չափերը ունեցող հսկայ մոմեր։ Անոնցմէ ամենամեծերը կրնան վառիլ աւելի քան քանի մը շաբաթ անընդմէջ։
ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿԸ
Լուրտը հաւանաբար աշխարհի ամենահամակարգուած կամաւորական կեդրոններէն մէկն է։ Ամէն տարի աւելի քան 100 հազար կամաւորներ ամբողջ աշխարհէն սեփական միջոցներով կու գան Լուրտ՝ ուղղակի հիւանդներուն օգնելու համար։ Անոնք անվճար կ՚աշխատին կայարաններուն, պանդոկներուն մէջ, կը տեղափոխեն սայլակները եւ կ՚օգնեն հաշմանդամներուն՝ սուզուելու սրբազան նկատուած ջուրին մէջ։ Ասիկա կը ստեղծէ միջավայր մը, ուր հիւանդ մարդիկ ինքզինք օտարացած չեն զգար, այլ հակառակը՝ ուշադրութեան կեդրոնն են։
ԼՈՒՐՏԸ՝ ՕԳՈՍՏՈՍԵԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԵՐՈՒՆ
Օգոստոսը Լուրտի համար տարուան ամենէն աշխոյժ ամիսներէն մէկն է։ Այս տարուան օգոստոսեան կեդրոնական իրադարձութիւնը Ֆրանսական Ազգային ուխտագնացութիւնն էր՝ իր 153-րդ հրատարակութեամբ, որ տեղի ունեցաւ օգոստոսի 12-17 թուականներուն միջեւ։
Միայն պաշտօնական Ազգային ուխտագնացութեան խումբերուն մէջ Լուրտ ժամանած էին աւելի քան 7 հազար 5 հարիւր կազմակերպուած ուխտաւորներ։ Իսկ օգոստոսի 15-ին՝ Տիրամօր Վերափոխման տօնի գլխաւոր պատարագին, Լուրտի սրբավայրի բացօթեայ հրապարակներուն եւ պազիլիքներուն մէջ համախմբուեցան աւելի քան 20 հազար հաւատացեալներ։
Ազգային ուխտագնացութենէն անմիջապէս ետք, օգոստոսի երկրորդ կէսին, Լուրտ կը շարունակէ ընդունիլ միջազգային մեծ խումբեր։ Օրինակ՝ այս տարի Անգլիոյ Կաթողիկէ կնկերակցութեան տարեկան ուխտագնացութիւնը կը նշէ իր 125-ամեակը։
Ամառնային արձակուրդներու շրջանը նաեւ կը նպաստէ կամաւորներու մեծ ներկայութեան։
ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏԳԱՄԸ
Այս տարուան, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երկու տարիներու ուխտագնացութիւնները Լուրտի մէջ կ՚անցնին Ղուկասու Աւետարանէն առնուած խորիմաստ նշանաբանով.
«Ողջո՜յն, բերկրեա՚լ, Տէրը քեզի հետ է»
(Ղուկաս 1։28)։
Այս պատգամը ուխտաւորները կը հրաւիրէ աւելի խորունկ կերպով ապրելու Աւետման խորհուրդը եւ խորհելու Մարիամի հաւատքի ու յոյսի ճանապարհին մասին։
«ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐԽԻՒԸ»՝ ՀԻՆ ՍԱՅԼԱԿՆԵՐՈՒ
ԵՒ ՅԵՆԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Լուրտի մէջ կան տեսարաններ, որոնք առաջին հայեացքով պարզ թանգարանային ցուցադրութիւններ կը թուին, սակայն, իրենց ետին խոր մարդկային պատմութիւններ ունին։
Մասապիէլ քարայրին մօտ կամ անոր յարակից ցուցադրական տարածքներուն մէջ կարելի է տեսնել հին յենակներ, սայլակներ եւ մարմնի վրայ կապուող բժշկական սարքեր։ Ըստ Լուրտի աւանդութեան՝ ասոնք պատկանած են այն հիւանդներուն, որոնք բժշկում մը ապրած են ու ապա իրենց սայլակները կամ յենակները ձգած են այնտեղ՝ իբրեւ երախտագիտութեան եւ հաւատքի նշան։
Այս առարկաները, հետեւաբար, միայն յիշատակներ չեն. անոնք Լուրտի մէջ սպասող ուխտաւորին համար տեսանելի կերպով կը ներկայացնեն այն պատմութիւնները, որոնց մէջ մարդը իր տառապանքին մէջ յոյս գտած է։
Լուրտը նաեւ Հռոմի պապերու յատուկ ուշադրութեան արժանացած ուխտավայրերէն է։ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը 2004 թուականին իր կեանքի վերջին ուխտագնացութիւնը կատարեց Լուրտ, արդէն ծանր հիւանդ վիճակի մէջ եւ իր ներկայութեամբ համերաշխութիւն յայտնեց աշխարհի տառապողներուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան