ԱԿՆԱՐԿ - 174 - ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՄԱՐՄԻՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կիներու իրաւունքներու եւ այր ու կնոջ հաւասարութեան մասին շատ կը խօսուի, շատ կը քննարկուի, թեր ու դէմ կարծիքներ շատ կ՚արտայայտուին եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի, որովհետեւ խորքին մէջ, այր մարդու եւ կին մարդու իսկական էութիւնը չե՛նք հասկցած եւ չե՛նք կրցած ըմբռնել: Եթէ ճիշդ կերպով կարենային հասկնալ այս երկու արարածներուն լինելութիւնը, ապա այսօր գոյութիւն պիտի չունենային այսքան «կնասէր» եւ «կնատեաց» կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ, որոնք մեր գլուխները արդուկէին՝ իւրաքանչիւրը իր թեզը պաշտպանելով: Մէկը, թէ կինը իրաւունքներ ունի՝ ինչպէս այրը, իսկ միւսը՝ կնոջ տեղը խոհանոցն ու անկողինն են…: Իսկ ճիշդը գտնելու եւ հասկնալու համար մարդ կարիք ունի երթալու Աստուածաշունչին, իրողութիւն մը, որ շատերու համար ժամանակավրէպ քայլ դարձած է, որովհետեւ մարդը կ՚ապրի 21-րդ դարուն մէջ, արհեստական բանականութեան ժամանակաշրջանին մէջ…
Ողբամ այսպիսի մտածելակերպ…:
Այս բոլոր թոհ ու բոհին մէջ, սակայն, կան կիներ կամ աւելի ճիշդ իգական սեռի ներկայացուցիչներ, որոնք առիթէն օգտուելով՝ կը փորձեն պղտոր ջուրերու մէջ իւղոտ որս ձեռք ձգել…:
Պահ մը կարդանք եգիպտացի գրող Ահմատ Խալէտ Թաուֆիքի այս տողերը եւ ապա շարունակենք.
«Անգամ մը ներկայ էի գիտաժողովի մը, ուր երիտասարդ բանաստեղծուհի մը կանգնեցաւ, որ հագած էր կէս կուրծքը բացող քազաք մը եւ այնքան նեղ տաբատ մը, որ եթէ գունաւոր չըլլար՝ պիտի կարծէի, թէ տաբատ իսկ չկար։ Դէմքը հնդիկներու նման շպարով ծեփուած էր, հիսթերիք վիճակի մէջ էր եւ ջղային կերպով կը գոռար.
-Այր մարդը կը պնդէ, թէ կինը իր անկողինին մէջ ճաշկերոյթ մըն է։
Նայեցայ ներկաներուն եւ ես ինծի երդում ըրի, թէ այս հոյակապ ներկայացումը բոլորին ստիպեց մտածելու այդ անկողինի նիւթին մասին եւ կարծես այդ մէկը անոնց սկսած էր հաճելի թուիլ։
Լաւ… այր մարդիկ պէտք է առանց հորմոններո՞ւ ըլլան, որպէսզի քու գոհունակութիւնդ շահին։ Իսկ ինչո՞ւ այսդէս հագուած ես։ Թէ՞, ատիկա անոնց համար քննութիւն մըն է, տեսնելու համար՝ քարայրի՞ մարդեր են, թէ՞ ոչ։
Դուն այդտեղ ինքզինքդ ներկայացուցիր իբրեւ էգ, ո՛չ թէ իբրեւ միտք։ Հետեւաբար, մի՛ մեղադրեր այն մարդը, որ քեզի հետ այդպէս կը վարուի։
Փորձառութիւնս ինծի սորվեցուցած է, թէ այսպիսի գրող կիները, որոնք ուրիշ բանի մասին չեն մտածեր, բացի սեռէն, միշտ կը հանդիպին խելացի տղամարդու մը, որ կը ձեւացնէ, թէ հասկցող ու քաղաքակիրթ է, թէ ինք տարբեր է ցեղախումբի քուրմերէն, մինչեւ որ իր ուզածին հասնի։ Ապա, կը լքէ զինք, որովհետեւ ան հիսթերիք ու ձանձրացուցիչ է։ Իսկ ան կը վերադառնայ իր զայրոյթին, տղամարդը արհամարհելուն եւ կը սկսի աւելի՛ շատ գրել»:
Ահմատ Թաուֆիքին այս տողերը թէեւ իգական սեռի գրող ներկայացուցիչի մը կը վերաբերի, բայց այս երեւոյթը ներկայիս, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ տարածուած է: Կայ որոշ հատուած մը իգական սեռի ներկայացուցիչներու, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց մարմինով կրնան իրենց ուզածին հասնիլ, կրնան իրենց իրաւունքները պաշտպանել: Բայց միթէ՞ այդպէս է:
Ահմատ Թաուֆիքին այս արտայայտութիւնը՝ «դուն այդտեղ ինքզինքդ ներկայացուցիր իբրեւ էգ, ո՛չ թէ իբրեւ միտք։ Հետեւաբար, մի՛ մեղադրեր այն մարդը, որ քեզի հետ այդպէս կը վարուի», շատ բան կը խօսի: Երբ կինը ինքզինք չի՛ յարգեր եւ ուշադրութիւն չի՛ դարձներ իր վարուելակերպին, իր հագուածքին, իր խօսածին, ապա բնականաբար պիտի ստանայ այն՝ ինչպէս ինք կը մտածէ ու կը կարծէ:
Այստեղ, սակայն, կարեւոր է հետեւեալ ճշդումը կատարել։ Կնոջ արժանապատուութիւնը միայն իր հագուածքով կամ արտաքին տեսքով չ՚որոշուիր, ինչպէս որ այր մարդուն արժէքն ալ իր արտաքինով չի՛ չափուիր։ Հարցը հագուստը դատելու կամ կնոջ արտաքինին վրայ վճիռ արձակելու մէջ չէ։ Հարցը այն է, թէ մարդը ինքզինք ինչպէ՞ս կը ներկայացնէ եւ ի՞նչ արժէք կը դնէ իր անձին վրայ։ Մարդը կրնայ շատ համեստ հագուած ըլլալ եւ միաժամանակ չունենալ ո՛չ բարոյականութիւն, ո՛չ ալ արժանապատուութիւն։ Նոյնպէս կրնայ ժամանակակից հագուածք ունենալ եւ մնալ պատկառելի, խելացի ու խորաթափանց անձ մը։ Ուստի, խնդիրը միայն հագուստը չէ, այլ՝ այն մտածելակերպը, որ հագուստին, մարմինին եւ անձին ետին կը գտնուին։
Կինը, առաջին հերթին, մարդ է։ Ան ունի բանականութիւն, հոգի, զգացումներ, շնորհներ, պատասխանատուութիւններ եւ իր կոչումը։ Կինը եթէ կ՚ուզէ, որ հասարակութիւնը զինք չդիտէ միայն իբրեւ մարմին, ինք ալ պէտք է հրաժարի այն մտածելակերպէն, որ իր մարմինը իր ամենազօր զէնքն է։ Մարմինը Աստուծոյ տուած պարգեւն է, ո՛չ թէ առեւտրական միջոց մը, ո՛չ թէ ուրիշը կառավարելու գործիք մը եւ ոչ ալ սեփական արժէքը հաստատելու միակ միջոց մը։
Այս խօսքը ամբողջութեամբ կը վերաբերի նաեւ այր մարդուն։ Այր մարդը իր ցանկութիւններուն ստրուկը ըլլալու իրաւունք չունի։ «Կինը այսպէս հագուած էր, հետեւաբար ես իրաւունք ունիմ անոր այսպէս վերաբերուելու», մտածելակերպը ո՛չ միայն սխալ է, այլեւ վտանգաւոր ու ապաբարոյական։ Ո՛չ մէկ հագուստ մարդուն իրաւունք կու տայ ուրիշ մարդու արժանապատուութիւնը վիրաւորելու, անոր մարմինը սեփականացնելու կամ անոր նկատմամբ անպատշաճ վերաբերմունք ցուցաբերելու։
Ահա թէ ինչու այր ու կնոջ յարաբերութիւնը պէտք է կառուցուի ո՛չ թէ պատերազմի, այլ փոխադարձ յարգանքի վրայ։ Աստուածաշունչը կինը այր մարդուն թշնամի չի՛ ներկայացներ, ինչպէս նաեւ այր մարդը կնոջ տէրը՝ այն իմաստով, որ ան կրնայ զինք նուաստացնել կամ շահագործել։ «Եւ ստեղծ Աստուած զմարդն ի պատկեր իւր, ի պատկեր Աստուծոյ ստեղծ զնա. արու եւ էգ ստեղծ զնոսա»։ Այստեղ հիմքը նոյնն է՝ երկուքն ալ ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ։
Հետեւաբար, իրական հաւասարութիւնը այն չէ, որ կինը պէտք է ամէն բանի մէջ այր մարդուն նման ըլլայ, ո՛չ ալ այն, որ այր մարդը պէտք է վերածուի կնոջ նմանակին։ Իրական հաւասարութիւնը կը նշանակէ ճանչնալ երկուքին մարդկային արժանապատուութիւնը, տարբերութիւնները եւ փոխադարձ պատասխանատուութիւնը։
Կինը պէտք չունի իր մարմինը ցուցադրելու՝ ապացուցելու համար, որ ազատ է։ Իսկ այր մարդը պէտք չունի իր ուժը ցուցադրելու՝ ապացուցելու համար, որ տղամարդ է։ Ազատութիւնը ինքնատիրապետումն է, իսկ տղամարդկութիւնը՝ պատասխանատուութիւնը։ Այն կինը, որ գիտէ իր արժէքը, չի՛ կարօտիր ուրիշներու հայեացքներուն մէջ իր արժէքը փնտռելու։ Իսկ այն այր մարդը, որ գիտէ կնոջ արժէքը, զայն երբեք չի՛ վերածեր ցանկութեան առարկայի։
Եւ թերեւս այսօր մեր հասարակութեան ամենամեծ կարիքը ո՛չ թէ «կնասէր» կամ «կնատեաց» կազմակերպութիւններն են, այլ՝ առողջ մտածողութիւնն ու առողջ ընտանիքը։ Որովհետեւ, այրն ու կինը իրարու մրցակիցներ չեն։ Անոնք, իրենց տարբերութիւններով հանդերձ, կոչուած են զիրար լրացնելու, զիրար յարգելու եւ միասին կառուցելու ընտանիք, հասարակութիւն ու մարդկային արժանապատուութեան վրայ հիմնուած աշխարհ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ