ՊՕՂԻԿԱՐՊՈՍ (70-156)

Ա. դարու այս մեծ հայրապետի մասին շատ քիչ ծանօթութիւններ հասած են մեզի։ Պօղիկարպոս. «Polycarpe» յունարէն լեզուով կը նշանակէ. «պտղատու»։ Պօղիկարպոս իր անուան նշանակութիւնը արդարացուցած է՝ հաւատքի եւ նուիրման մէջ արդիւնալի կեանք մը ապրելով։

Արդարեւ, եթէ իրեն եւ Իգնատիոս եպիսկոպոսին միջեւ փոխանակուած մագաղաթեայ նամակներն ալ չխնայուէին, գրեթէ ոչինչ պիտի գիտնայինք անոր կեանքին եւ գործերուն շուրջ։ Անտարակոյս, Պօղիկարպոս առաքեալներու ժամանակակից հայրապետ մըն էր եւ մօտէն ծանօթ անոնց շրջանակին, մանաւանդ Յովհաննէս առաքեալի։

Իգնատիոս Անտիոքացիի պէս՝ Պօղիկարպոս ալ ո՛չ միայն առաքելական դաստիարակութիւն՝ այլ նաեւ ձեռնադրութիւն ստանալով, հաւանաբար Պօղոս առաքեալի ձեռքով՝ եպիսկոպոս եւ քարոզիչ կարգուած էր Զմիւռնիոյ եկեղեցիին՝ 107-117 թուականներուն։ Իր ծննդեան թուականն ալ մասամբ անյայտ է։ Բայց քանի որ իր մարտիրոսութեան թուականը յայտնի է՝ 156, ուրեմն թուաբանական պարզ հաշիւով մը կարելի է ապահովապէս ըսել, թէ ան ծնած է 70-ին։ Ճիշդ այն տարին՝ երբ Հռովմի Տիտոս կայսրը ահեղ բանակի մը գլուխը անցած՝ ասպատակեց, յարձակում գործեց Պաղեստինի սահմանները եւ Երուսաղէմը եւ տաճարը հիմնայատակ աւերելէ վերջ՝ յաղթականօրէն վերադարձաւ Հռովմ։

Դարձեալ, փոխանակուած թղթակցութիւններէն կը հասկցուի, որ Պօղիկարպոս շատ հարուստ կալուածատէրի մը զաւակն էր։ Թէ՛ Զմիւռնիոյ եւ թէ շրջակայքի շատ մը հողերը իր հօրը սեփկանութիւնն էին։ Իսկ մօրը մասին ոչինչ կը գիտցուի։ Սակայն, զարմանալի է դիտել, թէ ի՛նչ շարժառիթով այս հեթանոս ազնուականին որդին քրիստոնեայ դարձաւ։ Արդեօք իր ծնողքը քրիստոնեայ էին։ Կասկածելի է։ Այնպէս կը կարծուի, թէ Պօղիկարպոսի քրիստոնէութիւնը ժառանգական չէր, այլ՝ ստացական։ Կարգ մը ենթադրութիւններ որոշ եզրակացութեան մը կրնան առաջնորդել մեզ։ Անոնցմէ առաջինը եւ մեծագոյնը այն է, թէ ան իր քրիստոնէական համոզումը ստացաւ Յովհաննէս առաքեալէն։ Շատ մը աղբիւրներէ կը հասկցուի, թէ Յիսուսի «սիրելի աշակերտը» այդ թուականներուն Զմիւռնիա կը գտնուէր, ուրեմն, կասկած չկայ, թէ Պօղիկարպոս աշակերտած է այս մեծ առաքեալին։

«Առաքեալներու գործեր» գիրքին Ը. գլուխը կը վկայէ, թէ Քրիստոսի երկինք համբառնալէն ետք՝ Երուսաղէմի քրիստոնեաներու վրայ ահաւոր հալածանքներ սկսան։ Հերովդէսի հրամանով՝ Զեբեդեան եղբայրներէն՝ Յակոբոս առաքեալ գլխատուեցաւ։ Իսկ միւսները ցիրուցան՝ գացին հոս եւ հոն։ Փիլիպպոս՝ Սամարիա, իսկ ըստ աւանդութեան Թովմաս՝ Պարսկաստանի ճամբով Հնդկաստան անցաւ։ Մինչեւ այսօր Հարաւային Հնդկաստանի մէջ Սուրբ Թովմասի եկեղեցին գոյութիւն ունի։ Թադէոս եւ Բարթողոմէոս՝ Հայաստան, Պետրոս՝ դէպի Հռովմ, իսկ Յովհաննէս՝ Ասիոյ Զմիւռնիա քաղաքին մէջ աւետարանչական գործով զբաղուցան։ Յայտնի չէ, թէ առաքեալին ո՞ր մէկ յատկութիւնը առիքնեց այս հետաքրքիր եւ զարմանալի պատանին։ Անոր ալեծածան եւ սպիտակափառ մօրո՞ւքը, դողդոջուն ձա՞յնը, թէ անբասիր եւ սիրազեղ նկարագիրը մագնիսացուցած էին զայն։ Հաւանաբար բոլորն ալ։

Եփեսոսի եկեղեցիէն վերջ՝ Զմիւռնիոյ եկեղեցին կարեւոր դիրք մը գրաւած էր այն ատենները Փոքր Ասիոյ մէջ։ Անոր հաստատման եւ կազմակերպութեան գործը հաւանաբար կարելի է վերագրել Պօղոս առաքելաի, քանի որ ան այդ շրջանին ամէն կողմ եկեղեցիներ հիմնելու տեսիլքով եւ ձեռնարկով կլանուած էր արդէն։ Նոր կտակարանի վկայութիւնը ասիկա կը հաստատէ։ Բայց, եթէ այս մէկը Պօղոս չէ հիմնողը, անտարակոյս Յովհաննէս առաքեալ ըլլալու է…

Պօղիկարպոս եկեղեցական պաշտօններու պատասխանատուութիւնը ստացաւ՝ դպիր, սարկաւագ եւ վարդապետ, Զմիւռնիոյ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Պիւկողէս եպիսկոպոսէն։ Իսկ անոր վախճանումէն յետոյ, առաքեալին ձեռքով ձեռնադրուելով՝ Զմիւռնիոյ եւ շրջակայքի հովուութիւնը եւ առաջնորդութիւնը Պօղիկարպոսի վիճակուեցաւ։

Պօղիկարպոսի քրիստոնէական նկարագրին եւ անբասիր եկեղեցականութեան շուրջ շատ մը վկայութիւններ կան։ Ամենազօրաւորը մեր Տիրոջ կողմէ եղածն է՝ զոր կու գայ. «Զմիւռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛.- Այսպէս կ՚ըսէ Առաջինը եւ Վերջինը, ան՝ որ մեռաւ եւ վերակենդանեցաւ։ Գիտեմ քու գործերդ, նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ։ Աղքատ կ՚երեւիս։ Բայց հարուստ ես դուն։ Գիտեմ անարգական խօսքերը, որ կ՚ըսեն անոնք՝ որոնք իրենք զիրենք հրեայ կը նկատեն եւ սակայն չե՛ն, անոնք Սատանայի հետեւողներ են։ Մի՛ վախնար այն չարչարանքներուն համար, որ պիտի կրես։ Ահա բանսարկուն ձեզմէ ոմանք բանտ պիտի նետէ՝ ձեզ փորձելու համար, եւ ձեր նեղութիւնը տասը օր պիտի տեւէ։ Հաւատարիմ եղիր ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես ձեզի կեանքի պսակը պիտի տամ». (ՅԱՅՏ. Բ 8-10), համարներու միջոցաւ։

Այնպէս կը կարծուի, թէ այս համարին մէջ յիշուած «Զմիւռնիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ» խօսքը՝ կը վերաբերի Պօղիկարպոսի, քանի որ այդ եկեղեցիին հրեշտակը այն ատեն ա՛ն էր։

Իր կեանքի ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ Հռովմ այցելութիւն տուաւ Պօղիկարպոս եւ Տէրը խնայեց զինք՝ աւելի եւս գործածելու համար։ Ան Հռովմի մէջ խնայուեցաւ նահատակութենէ, բայց եւ Զմիւռնիոյ մէջ՝ ո՛չ։ Ան իր նահատակութեան պահուն աղօթեց. «Տէ՛ր, մարմինս կրակին, բայց հոգիս Քեզի կը յանձնեմ։ Ընդունէ զիս Քու սուրբ նահատակներու դասուն մէջ»։ Ամէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 26, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2026