ՉՀԶՕՐ ՍՓԻՒՌՔ - ՉՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Վերջերս ազգային ժողովի պատգամաւորներէն մին՝ Արման Եղոյեան «սուտ» ու «միֆ» որակած է «ինչքան ուժեղ է սփիւռքը՝ նոյնքան ուժեղ է Հայաստանը» գաղափարը՝ դիտել տալով, որ ուժեղ սփիւռքով կարելի չէ ուժեղ Հայաստան ունենալ։ Այլ խօսքով՝ եթէ սփիւռքը կը զօրանայ՝ կը նշանակէ անկումի մէջ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Սփիւռքի ինչութիւնը իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդին համար առեղծուած մըն է։ Սփիւռքի գոյութիւնը Հայաստանի բարօրութեան մէջ կենսական է, սակայն, տարօրինակ ձեւով պիտի չուզէի՛նք, որ գոյութիւն ունենար այդ սփիւռքը եւ այստեղ է, որ հակասութիւնը սկիզբ կ՚առնէ։ Ինչո՞ւ չուզել գոյութիւնը այն իրողութեան՝ որ բարօրութիւն եւ հանգիստ կը պարգեւէ ազգին ու Հայրենիքին։ Ուժեղ սփիւռքի մը գոյութիւնը կրնայ ուժեղ Հայաստան մը ստեղծել, սակայն, ո՛չ ամբողջական Հայաստան մը եւ այդտեղ է, որ սկիզբ կ՚առնէ հակասութիւնը։ Մեզի համար ո՞ր մէկը առաջնահերթ է. ունենալ ուժեղ Հայաստան՝ ցիր ու ցան հայերով, թէ ունենալ միացեալ ու ամբողջական Հայաստան մը՝ միացեալ հայութեամբ: 

Իրականութեան մէջ մենք սեփականացուցած ենք «սփիւռք» ու «հայրենիք» բառերը՝ կարծելով, որ այս մէկը մաս կը կազմէ «հայու ճակատագրին», սակայն, գրեթէ բոլո՛ր ազգերը ունին իրենց սփիւռքը եւ իւրաքանչիւր ազգ սփիւռքին համար ունի տարբեր համոզում ու մօտեցում: Սփիւռքի գոյութիւնը ինչքան ալ դրական ազդեցութիւն ունենայ հայրենիքի բարօրութեան ու բարգաւաճման գործընթացին մէջ, իրականութեան մէջ, կը շարունակէ մնալ բացասական երեւոյթ, որովհետեւ ունենալ սփիւռք կը նշանակէ ունենալ հայութիւն՝ որ հեռու կ՚ապրի իր արմատներէն, հեռու հայրենիքէն եւ ուշ կամ կանուխ եթէ ո՛չ այսօր, ապա մի քանի սերունդներ ետք ենթակայ է կորուստի։ Ունենալ սփիւռք, կը նշանակէ օտարութեան մէջ ունենալ զաւակներ եւ այդ զաւակները նիւթապէս ինչ հարստութիւն ալ փոխանցեն՝ օտարութիւնը կը մնայ օտարութիւն եւ կը կարծենք, որ մայր մը հարստութիւնը աւելի պիտի նախընտրէր՝ քան իր որդիներու անմիջական ներկայութիւնը: 

Հայկական սփիւռքի մէջ որոշ ժամանակ կար հետեւեալ հոգեբանութիւնը. սփիւռքի մէջ հայը պէտք է հզօրանայ եւ իր աշխատանքով հզօրացնէ Հայաստանը, որպէսզի երբ օրը գայ եւ հայրենիքը ունենայ իր անկախութիւնը, հայը վերադառնայ իր հողը, ծաղկեցնէ ու սփիւռքի իր ներուժը տեղափոխէ Հայաստան։ Այս կարգախօսը որոշ երկար ժամանակ մնաց հայ սփիւռքի խորհրդանիշը։ Հայկական բոլոր գաղութները հաւատացին, որ պէտք է հաստատուին ու հզօրանան, որպէսզի աւելիով մօտիկ մնան իրենց արմատներուն, իրենց լեզուին ու մշակոյթին եւ գիտակից նոր սերունդով մը օր մը արժանանան այն Հայաստանին, զոր կ՚երազէին իրենց նախնիները, զոր կ՚երազէին իրենք: Սակայն, այստեղ կայ այլ խնդիր մը. սփիւռքը այս երգը կ՚երգէր, սակայն, երբեք չէր կրնար պատկերացնել, որ օր մը կրնայ ըլլալ տեսնէ Խորհրդային Միութեան անկումը եւ Հայաստանը ըլլայ ազատ ու անկախ։ Հո՛ս է, որ երգն ու իրականութիւնը զիրար սկսան հակասել։ Նախկին շրջանին սփիւռքի գոյութեան միակ պատճառը Հայաստանի ազատ ու անկախ չըլլալն էր, հիմա որ անկախացած էր, պէտք էր նոր պատճառաբանութիւն, որովհետեւ այլեւս հին երգը իմաստ մը չունէր։ Անշուշտ, պատճառ գտնել ուզողին համար պատճառները չե՛ն պակսիր. անգործութիւն, աղքատութիւն, թշուառութիւն ու բազմաթի՜ւ ուրիշներ… Վերջին մի քանի տարիներու պատճառաբանութիւնները՝ պատերազմ, անապահովութիւն։ Իրականութիւնը այն է, որ նոյնիսկ եթէ վերջ գտնեն պատերազմները, վերջ գտնէ անապահովութիւնը՝ վստահաբար նորերը պիտի ծնին՝ արմատացած մնալու համար սփիւռքի մէջ: 

Միւս կողմէ, շատ աւելի մտահոգիչ է սփիւռքի ղեկավարներու կեցուածքը, որ նախկին երգը իր մէջ ունենալով հանդերձ ամբողջութեամբ այդ երգին հակառակ կը գործէ։ Սփիւռքի ղեկավարները չեն ուզեր սփիւռքի «ոչնչացում»ը։ Այս բառը կը չակերտենք, որովհետեւ սփիւռքի «ոչնչացում»ը՝ հայրենիք վերադառնալով պայմանաւորուած միայն ու միայն դրական երեւոյթ կրնայ ըլլալ։ Անցնող մի քանի տարիներուն ականատես եղանք, թէ ինչպէս եկեղեցին, ինչպէս կուսակցութիւնները չեն ուզեր սփիւռքի «հայաթափում»ը, որովհետեւ եթէ Սուրիոյ մէջ ապրող հայը ներգաղթէ եւ կամ նոր «արտագաղթ»ով մը երթայ Ամերիկա կամ Գանատա՝ Սուրիոյ մէջ պիտի տկարանայ եկեղեցին, կուսակցութիւնը եւ ժամանակ մը ետք «աւերակներու վրայ պիտի թագաւորեն»: 

Այս բոլորով հանդերձ՝ չենք կրնար ուրանալ սփիւռքի հայրենիքի հզօրացման մէջ ունեցած դրական դերն ու ազդեցութիւնը՝ մա՛նաւանդ դժուարին տարիներուն։ Սփիւռքը առաւելապէս իր նիւթական կարողութեամբ եւ աւելի նուազ չափով բարոյապէս միշտ եղաւ հայրենիքի կողքին։ Այս բաժինը եւս քննարկման լուրջ նիւթ է, որովհետեւ պէտք է յստակեցնել թէ ո՞ր մէկը աւելի առաջնահերթ է։ Կար ժամանակ, որ Հայաստան կ՚ապրէր այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր նիւթական աջակցութիւնը բարոյականէն շատ շատ աւելի առաջնահերթ էր, որովհետեւ նիւթականը անհրաժեշտութիւն էր հայրենիքը զարգացնելու եւ անոր բնական պէտքերը հոգալու, որովհետեւ իրական գետնի վրայ այդ բոլորը լոկ բարոյական աջակցութեամբ հիմնական խնդիրներու լուծում չէին կրնար տալ։ Ոմանք առաջնահերթ կը նկատէին նիւթականը, ոմանք բարոյականը, սակայն, կար երրորդ խումբ մը՝ որ սփիւռքին այնքան ալ ականջալուր ըլլալ չէր ուզեր։ Բարոյականի ու նիւթականի կողքին մարմնական ներկայութիւն՝ անմիջական ներդրումը: Պատկերացուցէք ծեծի ու բռնութեան ենթարկուած կին մը եւ անկէ մի քանի հազար մղոն հեռու կեցած անձ մը՝ որ բարձրաձայն կը քննադատէ այդ մէկը։ Այդ ընթացքին կինը հեռուէն աջակցողներու փոխարէն՝ մօտեցող, զինք գետնէն վերցնողի կարիք ունի եւ այս հակասութիւնն է, որ ապրեցան սփիւռքն ու հայրենիքը, որ պէտք ունէր երկուքին՝ թէ՛ բարոյական, թէ՛ նիւթական եւ թէ անմիջական ներկայութիւնը հայուն: Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, չենք կրնար հակասել այն գաղափարախօսութեան, որ «հզօր սփիւռք կը նշանակէ ունենալ հզօր Հայաստան»։ Այս լոզունգը ըսուած կը կարծուի Հայաստանի հզօրութիւնը շեշտելու, Հայաստանի բարօրութիւնը մատնանիշ ընելու համար, սակայն, իրականութեան մէջ, հայրենիքէն աւելի սփիւռքի գոյութիւնն է, որ կ՚ամրապնդէ, որովհետեւ արդարացի կը դարձնէ օտարութեան մէջ ապրելու, հայրենիքէն հեռու մնալու երեւոյթը՝ որուն մենք կը փորձենք ճակատագրական երեւոյթ մը տալ: 

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայու հաւատքին զոյգ թեւերն են կրօնականն ու ազգայինը, որոնցմով թափ կ՚առնէ հայ ոգին եւ կը սաւառնի դէպի յաւերժութիւն: Եթէ փորձենք մեր հայու հաւատքին երկու թեւերէն մէկը կամ միւսը թուլցնել եւ կամ՝ անտեսել, կը դանդաղի հայ կեանքին թռիչքը, այլեւ կը խանգարուի թռիչքին ուղղութիւնը:

ՍԻՄՈՆ ՀՈՎԻՒԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2026