ՎԵՐԱՆՇԱՆԱԿՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշման հիման վրայ՝ Զարեհ Սինանեան նշանակուեցաւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար: Ան 2019 թուականէն ի վեր կը զբաղեցնէ այդ պաշտօնը եւ ներկայիս վերանշանակուած է՝ Հայաստանի ընտրութիւններուն յաջորդած իշխանութիւններու վերաձեւաւորման մթնոլորտին մէջ: 

Հայաստանի կառավարութեան պաշտօանական աղբիւրները արդէն հրապարակած են, որ Զարեհ Սինանեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար վերանշանակուած է: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026